Panarmenian.net-ի զրուցակիցն է սոփրանօ Արաքս Մանսուրեան, որ արդէն 16 տարիէ կ’ապրի Աւստրալիա, սակայն երբեք կապը չէ կտրած հայրենիքի հետ: Ան ամէն տարի կու գայ Հայաստան: Երգչուհին կ’ըսէ, որ օր մը ընդմիշտ պիտի վերադառնայ հայրենիք, եթէ այստեղ տուն ունենայ:
–Ինչո՞ վ զբաղած էք Աւստրալիոյ մէջ:
-Այս պահուն կը դասաւանդեմ եւ շատ քիչ ելոյթներ կ’ունենամ, որովհետեւ դասաւանդման զուգահեռ երգելու ուժը եւ ժամանակը բաւարար չէ: Ձայնը «նախանձ» գործիք է: Եթէ չսիրես, չփայփայես, չհետեւիս, ան քեզի չի ծառայեր: Ես ան ուսանողներուս կու տամ: Ներկայիս ունիմ ուսանողներ, որոնց ապագան յստակ կը տեսնեմ: Վեց աշակերտներս տարբեր երկիրներու մէջ արդէն կ’երգեն: Ատիկա իմ ուրախութիւնս է. տալ եւ ստանալ:
–Իսկ ո՞ւր ելոյթ կ’ունենաք:
-Ինստիտուտը ուր կը դասաւանդեմ, Կիրակի օրերը համերգներ կը կազմակերպէ պատկերասրահի մէջ: Այդտեղ կ’երգեմ: Անցեալ տարի 2 համերգ ունեցայ, մէկը Սիտնէյի մէջ` Արամ Խաչատրեանի անուան թրիոյի հետ, անոնց հիւրախաղերու ընթացքին, միւսը` Մելպուռնի մէջ:
– Հայերը ներկա՞յ կ’ըլլան ձեր համերգներուն:
Այն տարիներուն, երբ երգած եմ Սիտնէյի օփերային մէջ, շատ քիչ հայեր եղած են դահլիճին մէջ: Հիմնականօրէն օտարներու համար երգած եմ: Պատկերասրահին մէջ կ’ունենամ համերգներ, որոնց հայերը կու գան: Հայերու հետ շատ չեմ առնչուիր: Ունիմ մէկ- երկու բարեկամ, որոնց հետ կը շփուիմ: Երբ կը մտնես աշխատանքի մէջ, կը խրուիս, կը մոռնաս եւ ժամանակ չես ունենար շփուելու:
– Ձեր աշակերտներուն Կոմիտաս կը դասաւանդէ ՞ ք:
-Ի հարկէ: Իմ բոլոր ուսանողներս պարտադիր Կոմիտաս կ’երգեն: Ասիկա իմ գործս է` օտար ուսանողներու հոգիին մէջ տարածել Կոմիտաս:
–Իսկ լեզուական խնդիրներ չէ ՞ ն ծագիր:
-Կ’ունենան, բայց կ’աշխատին, կը ձայնագրեն, կը կարդան: Կոմիտասեան երգերուն մէջ բառեր կան, որ շատ դժուար է թարգմանել: Ինչպէ ՞ ս օրինակ «քելեր ցոլեր իմ եարը»: Ես, ի հարկէ, ելք կը գտնեմ:
Կոմիտասի երգերը բոլորը կ’ընկալեն: Ամէն անգամ, երբ կ’ըսեն «ինչ գեղեցիկ է», սիրտս կը թրթռայ եւ ինծի ուժ կու տայ: Ուսանողներս կը խնդրեն, որ իրենց սովորեցնեմ երգել: Նոյնիսկ հեռաձայնիս մէջ ուսանողուհիիս ձայնագրութիւնը ունիմ: Ան քննութեան երգած է «Քուն եղիր բալաս» եւ «Զուլօ» երգերը: Կոմիտասը կը սիրուի: Միւս ուսանողուհիս` Լիսա Պելլի կատարմամբ «Կռունկ»-ը հրաշալի կ’ընդունուի:
–Շատերնը կ’ըսեն, որ մշակոյթը առանց քաղաքականութեան պէտք է ըլլայ: Դուք ի՞նչ կ’ըսէք այդ մասին:
-Ինչպէ՞ս Կոմիտասը հնչեցուցած է մեր մշակոյթը: Ատով ճանչցած են մեր երկիրը: Ես անձամբ քաղաքականութեան մէջ չեմ, բայց երբ արուեստը կը մտցնես օտարներու ականջն ու հոգին, ատիկա արդէն քաղաքականութեան մասնիկ է: Դուն կը ներկայացնես քու երկիրդ արուեստի միջոցով, կ’ըսես, թէ ով ես: Ատիկա քու ստորագրութիւնդ է:
–Դուք այսքան մեծ ուղի անցած էր, սակայն չունիք ոչ մէկ կոչում: Ինչո՞ւ:
-Այս հարցէն, ճիշտը ըսեմ, յոգնած եմ: Ես ունիմ մէկ կոչում, որ ինծի համար շատ թանկ է: Ատիկա Սփիւռքի նախարարութեան Կոմիտասի շքանշանն է: Ես կոմիտասեան շատ երգերու առաջին կատարողը եղած եմ: Կոմիտասեան «Անուշ» անաւարտ օփերայի առաջին եւ միակ կատարողն եմ, եւ կը կարծեմ` արժանի եմ այդ շքանշանին: Ես զիս կը սփոփեմ միայն անով, որ Մարիա Կալլասը կոչում չունէր, Փաւարոթին չունէր: Կալլասը Կալլասն էր, Փաւարոթին Փաւարոթին էր: Ի հարկէ, մեր համակարգի մէջ ատիկա կարեւոր բան է եւ մարդիկ կան, որ Հայստան չեն ապրիր, բայց ունին բազմաթիւ կոչումներ: Աւելի լաւ է այս մասին չխօսինք: Ես ուրախ եմ այսպէս, իրենք թող մտածեն:
–Հայաստան վերադառնալու ցանկութիւն չունի ՞ ք:
-Այս հարցումը ինծի շատ կը հարցնեն: Կ’ըսեմ` այո: Բայց կը մտածեմ, որ մէկ անկիւն պէտք է ունենամ, որպէսզի գամ: Չեմ կրնար գալ եւ հիւրանոցի մէջ ապրիլ: Յուսամ, որ անկիւն մը կ’ունենամ, եւ կու գամ: Ատիկա ինծի համար կարեւոր խնդիրն է: Ուսանողներէս շատերը կ’ըսեն, որ կու գան Հայաստան, եթէ ես ալ գամ: