ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած տուրքերը կրճատող օրինագիծը, որուն գոյացնելիք 1500 միլիառ տոլար յաւելեալ պետական պարտքին մօտաւորապէս 90 տոկոսը պիտի ծառայէ մեծահարուստները եւ հսկայ ընկերութիւնները աւելի հարուստ դարձնելու ջանքին, արդէն իսկ խիստ քննադատութեանց թիրախ դարձած է 2018ի ընտրութեան պատրաստուող դեմոկրատներուն կողմէ։
Յիշեցնենք, որ տուրքերու մեծագոյն կրճատումը պիտի ստանան հսկայ ընկերութիւնները, որոնք 35 տոկոսի փոխարէն՝ 21 տոկոսի տուրք պիտի վճարեն, այսինքն՝ 40 տոկոսի կրճատում մը։
Հակառակ նախագահ Տանըլտ Թրամփի խոստումներուն, թէ միջին դասակարգը եւս տուրքերու 35 տոկոսի կրճատում պիտի ստանայ, օրինագիծը միայն 10 տոկոսի կրճատում կը շնորհէ միջին դասակարգին, այդ ալ՝ միայն մինչեւ 2025 թուական, մինչ ընկերութիւններուն խոստացուած կրճատումը յաւիտենական է։
«Տեղի ունեցածը զզուելի աւազակութիւն մըն է՝ ի վնաս միջին դասակարգին։ Հանրապետականներու տուրքերու այս խաբեբայութիւնը մեր պատմութեան պիտի անցնի իբրեւ մեծահարուստներու մենատիրութեան ամենագայթակղեցուցիչ արարքը», յայտարարեց Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Նենսի Փելոսի։
Օրինագիծը հարուած մը եւս կը հասցնէ յարմար գիներով առողջապահական ապահովագրութիւն երաշխաւորերու նախորդ վարչակազմի ջանքին՝ վերցնելով անոր հիմնական մէկ պայմանը, թէ՝ բոլոր քաղաքացիները պէտք է առողջապահական ապահովագրութիւն ունենան։ Տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ այս նախապայմանը վերցնելով՝ ոչ միայն ապահովագրութիւն չունեցողներու փաղանգը մօտաւորապէս 13 միլիոնով պիտի աճի մինչեւ 2025 (միայն առաջին տարուան ընթացքին կ՛ակնկալուի, որ 4 միլիոն յաւելեալ քաղաքացիներ ապահովագրութիւն չունենան), այլ նաեւ ապահովագրութեան գիները աւելիո՛վ պիտի բարձրանան, որովհետեւ ապահովագրութիւն գնողները պիտի ըլլան մեծամասնութեամբ առողջապահական հարցեր դիմագրաւողներն ու տարիքոտ քաղաքացիները, որոնց պարագաները աւելի ծախսալից են ապահովագրական ընկերութեանց համար։