«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին Թիֆլիս կատարած իր այցելութեան ընթացքին մեկնաբանած է Անդրկովկասի երկիրներուն մասնակցութեամբ «3+3» ձեւաչափ ստեղծելու առաջարկը:
«Ինչ կը վերաբերի «3+3» ձեւաչափին, պիտի ընդգծեմ, որ Ռուսիան պէտք է յարգէ 2008 թուականի զինադադարի համաձայնագիրը, նախքան նոր հարթակներու մասին խօսիլը», ըսած է Օսթին` պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին՝ արդեօք այդ ձեւաչափին Վրաստանի մասնակցութիւնը պիտի ազդէ՞ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու անոր կարելիութիւններուն վրայ: