Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացումները լուրջ անհանգստութիւն կը պատճառեն Ռուսիոյ:
«Իրավիճակի սրումը կապուած չէ դուրսէն Ռուսիոյ համար նոր դժուարութիւններ ստեղծելու փորձին հետ: Մարտական գործողութիւնները պէտք է անյապաղ վերջ գտնեն: Հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է տեղափոխուի քաղաքական եւ դիւանագիտական դաշտ».ըսաւ Փեսքով:
Ան աւեցլուց, թէ Ռուսիա հաղորդակցութեան մէջ է Թուրքիոյ հետ Ղարաբաղի զարգացումներով:
Փեսքովի կարծիքով, անհրաժեշտ է անյապաղ դարեցնել կրակը՝ ժամանակը չէ հասկնալու, թէ ով ճիշդ է, ով` սխալ:
«Անհրաժեշտութեան պարագային Փութին պիտի խօսի Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ». աւելցուց Փեսքով: