Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով հերքեց Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ միացեալ յայտարարութեան մէջ թուրք խաղաղապահներու տեղակայման լուրերը:
«Այս մասին որեւէ բառ չկայ յայտարարութեան բնագիրին մէջ: Այդ մասին համաձայնութիւն չկայ: Թուրք խաղաղապահներու մասնակցութիւն չէ համաձայնուած: Խօսք կայացած է Ազրպէյճանի տարածութեան մէջ հսկողութեան կեդրոն ստեղծելու շուրջ: Սա Ազրպէյճանի մէջ, եւ սա եղած է առանձին համաձայնութեան առարկայ: Սա Ղարաբաղ չէ». նշեց Փեսքով: