ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ
Հայոց լեզուի պատմութեան առնչուած աշխատանքի եւ հետազօտութեան չսպառող նիւթ է օտարամուտ բառերու ներկայութիւնը հայերէնի բառամթերքին մէջ: Բայց այս երեւոյթը իւրայատուկ չէ միայն հայերէնին, կենդանի եւ ապրող բոլոր լեզուները, որոնք իրենց կեանքը կը շարունակեն այլ լեզուներու հարեւանութեամբ, կամ անոնց հետ շփման մէջ են ստեղծագործական ու գիտական-ակադեմական ոլորտներու մէջ, փոխազդեցութիւններու եւ փոխառումներու ճամբով, առաջին հերթին, իրենց սահմաններէն անդին իրենց ներկայութիւնը կը հաստատեն օգտագործուող բառերու փոխանակումով:
Հայերէնը փոխազդեցութիւններու եւ փոխառումներու հազարամեակներու պատմութիւն ունի` սկսած հայ-հիթիթ յարաբերութիւններէն (Ք.Ա. 14-րդ դ.) մինչեւ մեր օրերը:
Փոխազդեցութիւններու եւ փոխառումներու ճամբով հայերէնի մէջ օգտագործուած օտար բառերու աղբիւրներուն եւ թիւերուն համար կ՛ապաւինինք մեծանուն լեզուաբան ու լեզուագէտ Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց լեզուի պատմութիւն» (Ա. հտր., Երեւան, 1940, Բ. հտր., Ե. 1951) աշխատասիրութեան:
Հայերէնը որդեգրեր ու ժառանգեր է հիթիթերէնէ` փետուր, վառ, խալդերէնէ` ընկոյզ, ծեփել, ծիրան, կտաւ, ասուրերէնէ` անագ, բերդ, ուրագ, Հարաւային եւ Հիւսիսային Կովկասի ժողովուրդներու լեզուներէն` խոտ, քած, աղբ, փարախ, եբրայերէնէ` ամէն, բոսոր, գեհեն, թրքերէնէ` ալոճ, բաբան, բէկ, թաղար:
Օտար բառերու առաւելագոյն հոսքը հայերէնի բառագանձին եղած է յունարէնէ` 915 բառ` ակադեմիա, ամբիոն, ափսէ, բարբարոս, հին ու նոր պարսկերէնէ` 1405 բառ` ազգ, ազատ, ասպարէզ, աւար, բանտ, գահ, մատեան, օտար, օրէնք եւ արաբերէնէ` 702 բառ` աճպարար, բալասան, խանութ, խսիր, հինա, մզկիթ, մկրատ, պանդոկ, վարդ:
Հայերէնը օտար բառերու եւ օտար լեզուակառուցողական երկու ծանր շրջաններ բոլորած է, որոնք մկրտուած են յատուկ անուններով` Յունաբան Հայերէն (6-8 դդ.) եւ Լատինաբան Հայերէն (12-14 դդ.):
Բայց ապրող ու կենդանի լեզուները նաեւ ունին ինքնամաքրագործման յատուկ գործընթաց մը: Ժամանակի ընթացքին անոնք իրենց կազմէն կ՛արտաքսեն այն նորամուտ բառերը, որոնք խորթ են սեփական բնոյթին եւ… անմարսելի: Բայց միաժամանակ կը սեփականացնեն այն բառերը, որոնց կարիքը ունին եւ ուրեմն արժանի են որդեգրման: Այսօր վերեւ նշուած օտարամուտ բառերէն ո՞ր մէկը օտար ու խորթ կը թուի հայ ընթերցողին կամ ունկնդիրին:
Աշխարհաբարը, իր երկու թեւերով, մինչեւ կազմաւորման լիիրաւ հուն մտնելը, գլխաւորաբար կը մնար թրքերէնէ, պարսկերէնէ եւ ռուսերէնէ ներածուած բառերու բեռան տակ, հոգ չէ թէ լեզուին շարահիւսութիւնը կը մնար հայերէնին հարազատ: Այս առումով պոլսահայերէնէն դասական օրինակ մը խօսուն է շատ.
«Գալպ պէշլիկը հէլվաճիին եութթուրմըշ ըրինք» (Կեղծ հինգնոցը հրուշակավաճառին կլլեցուցինք):
Արեւմտահայերէնը, իր կազմաւորման առաջին քայլերուն հետ, առաւելագոյն բծախնդրութեամբ կը սկսէր մաքրագործել լեզուն, ու Զարթօնքի սերունդէն մինչեւ 20-րդ դ. առաջին տասնամեակները կը կառուցէր ե՛ւ քերականութիւնը` դառնալու Ոսկեղենիկին արժանի ժառանգորդը:
Տարագիր հայութիւնը, սփիւռք դարձած, անմնացորդ հոգածութեամբ հսկողը եղաւ արեւմտահայերէնի անաղարտ գոյատեւումին, ու ցարդ, հակառակ բարձրացած բազմատեսակ խոչընդոտներուն, կ՛աշխատի հաւատարիմ մնալ իրեն վստահուած աւանդին հանդէպ իրմէ պահանջուած հսկողութեան ու գուրգուրանքին:
Արեւելահայերէնը ճամբայ կը հարթէր Աբովեանով: Մեծ լուսաւորիչին կոչը` մայրենին նախապատիւ համարելու, կը խօսէր օտար լեզուներուն կառչած մնալու մոլութենէն հրաժարելու մասին: Կոչը անպատասխանի չմնաց, սակայն ձերբազատումը ամբողջական չէր: Ռուսերէն, պարսկերէն եւ թրքերէն բառերը շարունակեցին պահել իրենց երեւելի ներկայութիւնը: Սովորոյթէն չկրցին անջատուիլ մինչեւ իսկ ծանօթ հեղինակները:
Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումով լեզուն, իր հերթին, դարձաւ պետական հոգածութեան առարկայ. սակայն, անկախ` ուղղագրութիւնը «բարեփոխելու» ձախաւեր նախաձեռնութենէն, արեւելահայերէնը չմաքրագործուեցաւ օտարաբանութիւններէ: Ուղղագրութեան «բարեփոխումը», որ աբեղեանական պիտակաւորուեցաւ, ատենին իր արդարացումը ստացաւ` դիւրամատչելի ուղղագրութեամբ ժողովուրդին գրաճանաչութիւնն ու գրագիտութիւնը արագ թափով ընդհանրացնելու պատճառաբանութեամբ: Սփիւռքի մէջ աբեղեանական ուղղագրութեան մասին որոշ «լեզուաբաններ» ցարդ ունին իւրայատուկ շա՜տ «գիտական» բացատրութիւն մը: Հարկ է իմանալ.
«Վերջապէս փուլ պէտք չէ՞ գայ լեզուական այն կեղծ պարիսպը, որ [խորհրդային օրերուն] միտումնաւոր բարձրացուեցաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան անկումէն ետք, հայութեան երկու հատուածներուն միջեւ անջրպետ յառաջացնելու նպատակով: Դեռ մինչեւ ե՞րբ ուղղագրութեամբ բաժնուած պիտի ըլլանք» (ընդգծումը մեր կողմէ, Ե.Հ.Ք.) (Ցօղիկ Աշըգեան, «Մշակոյթը միասնութեան հենք», «Ազդակ», 26 նոյեմբերի 2019):
Առանց մեկնաբանութեան: Անցնինք:
Խորհրդային օրերուն, օտար բառերու գործածութեան նախախորհրդային շրջանի սովորոյթը պահելուն զուգահեռ, օտարաբանութիւնը քաղաքացիական իրաւունք ստացաւ: Օտարամուտ բառերը առանձնապէս խեղդեցին տեղեկատուութիւնը, լրագրութիւնը, հրապարակագրութիւնը եւ բնական գիտութիւններու տարբեր բնագաւառներուն նուիրուած աշխատասիրութիւնները: Եթէ բնական գիտութիւններու պարագային արդարացումը այն էր, որ հայերէնը այդ օրերուն կարելիութիւնը չունէր ոլորտին պահանջածը մատակարարելու, առաջինի պարագային անընդունելի կը մնար ծայրայեղ օտարաբանութեան ստրկանալը:
Բայց հոս` անհրաժեշտ յետադարձ ակնարկ մը:
Արեւելահայերէնի մէջ օտար բառերու թափանցումը Խորհրդային ժամանակներու երեւոյթ չէ: Խորհրդային Հայաստանը ժառանգորդն էր այդ երեւոյթին: Դժբախտաբար տասնամեակներ շարունակ խօսուեցաւ, գրուեցաւ ու ցարդ կը տիրէ այն կարծիքը, թէ այդ չարեաց աղբիւրը խորհրդային օրերն էին:
Ու պիտի զարմանալ միայն, որ 2020 թ., լեզուաբանի քղամիդ հագած Վարդգէս Գուրուեան կը գրէ.
«Սովետի ժամանակ, հաւանաբար ռուսերուն կամ համայնավարներուն հաճելի երեւնալու համար, ստիպողաբար, կամ վախնալով, որ «ազգայնական» կրնան որակուիլ, գրողները, մամուլի մարդիկն ու պետական այրերը օտար, գլխաւորաբար ռուսերէն բառեր, ասոյթներ եւ նախադասութիւններ կը գործածէին իրենց խօսակցական թէ գրական լեզուին մէջ: Ընդունելի չէ, բայց հասկնալի է» (ընդգծումը մեր կողմէ, Ե.Հ.Ք.) («Պայքար», 19 յունուարի 2020):
Թէ ի՛նչն է «հասկնալի», կը մնայ անհասկնալի: Սակայն անիմաստ է հակաճառելը: Անլրջութիւնը որակում չունի: Սակայն որպէս պատասխան Վարդգէս Գուրուեանին եւ իր համախոհներուն` ներկայացնենք բառարան մը, որուն խորագրի էջին վրայ կը կարդանք.
ՄԱՐՏ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ
ԲԱՌԳԻՐՔ
Օտարազգի բառերի եւ օտարագիր բառերի ու դարձուածքների,
որոնք գործածական են հայոց գրականութեան մէջ:
_____
Համեմատաբար ընդարձակ բացատրութեամբ փիլիսոփայական, տնտեսագիտական, հասարակագիտական, իրաւաբանական
եւ կենսախօսական բառերի:
Ալեքսանդրապօլ
Տպարան Յ. Սանոյեանցի
1912
(XVI + 426 էջ, 14×91 սմ.)
«Բառգիրք»-ին հայատառ «օտարազգի» բառերը ընդգրկող երկսիւնակ էջերը 404 են. եթէ իւրաքանչիւր էջի վրայ միջին հաշուով 23 բառ կարդանք, 404 էջի վրայ անոնց գումարը կը հասնի 9292-ի:
Հիմա կրկին պիտի կարդալ «Բառգիրք»-ին հրատարակութեան թուականը` 1912:
Ստորեւ «Բառգիրք»-էն պատահականօրէն քաղուած «օտարազգի» բառեր, որոնք ցարդ գործածական են ժամանակակից հայերէնի մէջ:
Ագէնտ (լատ.), ամանաթ (արաբ.), բալանս (ֆրնս.), գաստրօ (գերմ.), դէֆիցիտ (լատ.), էպիզօդ (յուն.), ինտէլիկէնտ (լատ.), կատէգորիա (յուն.), ղաջաղ (թրք.), մինիստր (լատ.), պրօզա (լատ.), վախտ (արաբ.), տէխնօլօգիա (յուն.), ֆէրմ (անգլ.), բլինի, զակազ, զաւօդ, ժուլիկ, խլամ, միր, չինովնիկ, պրաւդա (ռուս.)…
Մարտ Մարտիրոսեան իր «Նախաբան»-ին մէջ կը յիշէ, թէ «Բառգիրք»-ին պատրաստութեան համար ինչ աղբիւրներէ քաղած է «օտարազգի» բառերը.
«Գործս համեմատաբար հեշտ էր, երբ բանը վերաբերում էր այն բառերին, որոնք գործածական են ընդհանրապէս եւրոպական լեզուների մէջ. ռուսերէն եւ գերմաներէն հարուստ բառարաններ ինձ մեծ ծառայութիւն արին այդ խնդրում: Բայց դրանցից զատ կան բազմաթիւ բառեր, որոնք յատուկ են միայն հայ գրականութեան եւ առնուած են գլխաւորաբար ասիական լեզուներից: Դրանք արդէն ես հարկադրուած էի մանրակրկիտ աշխատանքով հաւաքել մեր հեղինակների գործերից. Աբովեանի, Պռօշեանի, Ղ. Աղայեանի, Գամառ Քաթիպայի, Յովհաննէս Թումանեանի, Աւ. Իսահակեանի, Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, Գ. Սունդուկեանի գործածած օտար բառերը ամբողջապէս մտել են բառգրքիս մէջ. բացի դրանից` ջանացել եմ նաեւ ըստ կարելւոյն ժողովել եւ Րաֆֆու, Շիրվանզադէի, Ահարոնեանի, Փափազեանի, Շահազիզի գործածած օտար բառերը, որը ինձ յաջողուել է մասամբ միայն»:
Հիմա հարց պիտի տալ. «Սովետի ժամանակ»-էն առաջ վերոնշեալ հայ դասականները որմէ՞ «վախնալով», կամ որո՞ւ «հաճելի երեւնալու համար» գործածեր էին «օտարազգի» բառերը: Ու դեռ պիտի չմոռնալ, որ ռուսերէնի ճամբով հայերէն թափանցած բառերուն մեծ տոկոսը յունարէնէ կամ լատիներէնէ կը սերի:
Խորհրդային Հայաստանի վաթսունականներու ազգային նոր զարթօնքին թիրախ դարձաւ ե՛ւ աղաւաղուող հայերէնը: Պետական քաջալերանքով ու գիտական խորհուրդներու հետապնդումով, դանդաղ, բայց ստոյգ սկսաւ հայերէնի մաքրագործումը «օտարազգի» բառերէն: Ձեռնարկուած աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ կարեւոր տոկոսով, քանի որ, թերեւս հարիւրամեակէ մը աւելի հայերէնի մէջ տուն-տեղ եղած «օտարազգի» բառեր, որոնք արդէն «հարազատ»-ի կարգավիճակ ստացած էին, շարունակեցին իրենց կեցութիւնը (տես` Էդուարդ Բ. Աղայեան, «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան», Ա. եւ Բ. հտր. Երեւան, 1976):
«Սովետի ժամանակ»-ները անցան: Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երեսուն եւ մէկ տարեկան է արդէն: Հաւանաբար ոմանք միամտութիւնը ունէին կարծելու, թէ «օտարազգի» բառերը վերջնականօրէն տուն կը ճամբուին: Ուրեմն ձեռք առէք Յակոբ Պալեանի «SOS. Save Our Souls. Փրկեցէք մեր հոգիները» յօդուածը («Ազդակ», 21 յունուարի 2020) ու հոն ուշադիր կարդացէք «նորահայերէն» բառերով խեղդուած սիւնակը: Ըսենք որ այդ բառերէն ոմանք վաղուց քաղաքացիութեան իրաւունք ստացածներ են: Բայց ինչո՞ւ`
Հիմա որ «Սովետի ժամանակ»-ներէն «ազատագրուած» ենք, ու մանաւանդ հայերը Հայաստանի մէջ` «ազգայնական» «որակուելու վախ» ալ չունին, ինչո՞ւ բազմատասնեակ, թէ՞` բազմահարիւր օտար բառերու խուժումը հայերէնէն ներս: Այժմ անգլերէնի դիմաց լայն բացուած են դռները Հայաստանի մէջ` սկսած վաճառատուներու ցուցատախտակներէն մինչեւ հեռուստացոյցի յայտագիրներն ու անվերջանալի զրոյցները: Եւ այս բացգիրկ ընդունելութիւնը` արդեօ՞ք հաստատելու համար, թէ հայերը անչա՜փ հմայուած են եւրոպական քաղաքակրթութեամբ, որ ժամ առաջ կ՛երազեն եւրոպացի դիմակաւորուիլ…
Վերջերս, Հայաստանի հեռուստացոյցի կայաններէն բարձրաձայն հնչող առանձնապէս երկու բառեր կը խլացնեն հայու ականջը` հոսպիտալ ու բարել: Ու դուք կ՛ունկնդրէք.
«Արկածեալը հոսպիտալ տեղափոխուեցաւ», կամ`
«Արկածահարը հոսպիտալացուեցաւ…»:
«Բարել»-ը՞: Գաղտնիքը կարելի եղաւ լուծել, երբ նորագիւտ հրաշքը գործածութեան դրուեցաւ քարիւղի սակագիներուն հետ: Ուրեմն` «բարել»-ը barrel-ն է, վեր ու վարով` տակառ-ը:
Ոչինչ: «Նորահայերէն»-ը վերծանելու համար քչիկ մըն ալ գուշակութիւն պէտք է սորվիլ:
3-10 փետրուարի 2020
Պէյրութ