«Քորոնա» համավարակի պարտադրած նոր ապրելակերպը եւ առցանց ուսուցումի կիրարկումը ապացուցեցին, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի (ԳԿՀ-ՀԲ) որդեգրած ուղղութիւնը` արեւմտահայերէնի զարգացումը իրականացնել զանազան առցանց նորարար ծրագիրներով, տեղին ու իրաւացի էր: Կրթական նոր ծրագիրներու եւ մանաւանդ երիտասարդներու նորարար մօտեցումներու արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու ջանքերը քաջալերելու քաղաքականութեան մէջ ներառուեցաւ նաեւ ՓԹԻԹ մանկապատանեկան կայքի վերանորոգումն ու աշխուժացումը:
2010 թուականին թիւ 0 փորձառական համարով հրապարակ իջած ՓԹԻԹ մանկապատանեկան պարբերաթերթը 2015-ի վերջաւորութեան ունեցաւ իր ելեկտրոնային առաջին տարբերակը` կայքը, իսկ 2016-ին երկրորդը` բջջային հեռախօսներու յաւելուածը, շնորհիւ ԳԿՀ-ՀԲ-ի պատասխանատուներուն ամբողջական նեցուկին: Եռամսեայ հերթականութեամբ եւ անվճար` հայ մանուկին ու պատանիին հասանելի կը դառնայ ՓԹԻԹ-ի կայքը www.e-ptit.com եւ յաւելուածը PTIT-ՓԹԻԹ:
ՓԹԻԹ իր փորձառական համարին լոյս տեսած օրէն նպատակադրած էր սփիւռքահայ նոր սերունդին մէջ քաջալերել հայերէն ընթերցասիրութիւնը եւ հարստացնել անոր առօրեայ խօսակցութեան բառամթերքը` մատուցելով բարոյական բովանդակութեամբ պատմութիւններ, առակներ, առողջապահական գիտելիքներ, իրենց տարիքին յարմար ժպիտներ, հանելուկներ եւ մանաւանդ` լեզուական, թուաբանական եւ այլ բնոյթի խաղեր:
Ելեկտրոնային ՓԹԻԹ-ը, տպագիր տարբերակին առընթեր, շարունակեց փթթիլ կիրարկումովը փոխներգործուն խաղերու` լսատեսողական յաւելեալ հնարքներով: ԳԿՀ-ՀԲ-ի շարունակական նիւթաբարոյական քաջալերանքով բազմացան հերթական թարմացումները, եւ ՓԹԻԹ վերածուեցաւ զոյգ Ամերիկաներէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք փնտռուած կայք մը: Ըստ համակարգչային վիճակագրական տուեալներու, ՓԹԻԹ-ի կայքի այցելուներու թիւը հասած է շուրջ 122.000-ի, իսկ ՓԹԻԹ-ի յաւելուածի ներբեռնողներու թիւը` շուրջ 48.000-ի: Համավարակի առցանց ուսուցումի ժամանակամիջոցին ՓԹԻԹ-ի կայքը եւ մանաւանդ լեզուական խաղերն ու պատմուածքները յաճախ օգտագործուեցան բազմաթիւ սփիւռքահայ վարժարաններու հայրենաւանդ ուսուցիչներուն կողմէ` իբրեւ առցանց ուսուցումի յարմար միջոց:
Համավարակի տարածումին ու շարունակումին առընթեր, ՓԹԻԹ-ի խմբագրութիւնը եւ ԳԿՀ-ՀԲ-ի պատասխանատուները, յարմարելու համար նոր զարգացումներուն, նախաձեռնեցին ՓԹԻԹ-ի կայքի աշխուժացումին` ծրագրելով հիմնական բարեփոխումներ, գլխաւորաբար պարունակական (երեք նոր բաժիններու յաւելում), որակային եւ ձեւաւորումի բարեփոխումներ, որոնք մեկնարկեցին 5 մայիս 2022-ին: Այսուհետեւ ՓԹԻԹ-ի կայքի իւրաքանչիւր թարմացում պիտի ունենայ յատուկ թեմա մը եւ այդ թեմային առնչուած ամբողջական գիտելիքներ պիտի պարգեւէ իր այցելուներուն:
Մինչ այդ ՓԹԻԹ-ի տպագիր տարբերակը, որ դադրած էր 2020-ին թիւ 17 համարի հրատարակումով, նոր շունչ մը ստացաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն ստացուած պաշտօնական հրաւէրով` Երեւանի մէջ լոյս ընծայելու յատուկ համար մը` հայրենիք հաստատուած եւ արեւմտահայերէնով արտայայտուող մասնաւորաբար հալէպահայ եւ պէյրութահայ պատանիներուն ուղղուած: Խանդավառութեամբ եւ ոգեւորումով սկսած աշխատանքը զուգահեռ ընթացաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հետ: Հայաստանի կրթութեան գիտութեան մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան տուն-թանգարանի տնօրէնութեան գործակցութեամբ հրատարակուած ՓԹԻԹ-ի այդ յատուկ համարը լոյս տեսաւ 2020 նոյեմբերին` տխուր ու ճնշիչ մթնոլորտի մը մէջ: Ո՛չ ծանուցում, ո՛չ ալ արժանի շնորհահանդէս կատարուեցաւ: Սակայն մնաց յոյսը` շարունակելու կատարուած յաջող այս փորձը:
ՓԹԻԹ-ի խմբագրութիւնը կը հաւատայ ազնիւ նախաձեռնութիւններու յարատեւումի ջանադրութեան: Կը յուսանք, որ ՓԹԻԹ պարբերաթերթը կարելիութիւնը պիտի ունենայ շարունակելու իր առաքելութիւնը սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ: Նաեւ կը մաղթենք, որ ԳԿՀ-ՀԲ-ի ամբողջական հովանաւորութեամբ հրապարակուած ելեկտրոնային յաւելուածը եւ բարեփոխուած կայքը կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` իբրեւ փոքրիկ օղակ մը այն մեծ շղթային, որ ԳԿՀ-ՀԲ-ը, իր այլազան ծրագիրներով կազմած է ի խնդիր արեւմտահայերէնի պահպանումին ու զարգացումին: