Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ, ՊԱՅՔԱՐ – 290
Փիթըր Պալաքեան ծնած է Ա.Մ.Ն., 1951-ին: 1960-ական թուականներու սկիզբը ան յարատեւ շփման մէջ էր իր մայրական մեծ մօր` Տիգրանակերտ ծնած ու մեծցած Նաֆինայի հետ, որու միջոցաւ ան տեղեակ կ’ըլլայ հայ ազգի Մեծ Եղեռնին ու ցաւերուն: Կը յիշէ իր մանկութեան լսած “հին երկիրի”` Հայաստանի մասին: Պալաքեանի մօտ հայրենիքի ոչ մէկ շօշափելի գոյութիւն կար, ոչ մէկ պատկեր իր երեւակայութեան մէջ: Ան տպաւորուած էր Նաֆինայէն, որ կը մարմնացնէր Հայաստանը: Փիթըր Պալաքեան իր տպաւորութիւններն ու խոհերը գրի առնելով, հայ ազգի Ցեղասպանութիւնը իբրեւ առանցք ունենալով, մեծ մօր մասին անգլերէնով յուշագիրք մը կը հրապարակէ՝ “Ճակատագրի Սեւ Շունը”, “Պրոտուէյ Պուքս”, Նիւ եորք, 1997, 289 էջ (Peter Balakian, “Black Dog of Fate”, “Broadway Books”, New York, 1997, 289 p.):
Փիթըր Պալաքեանի Նաֆինա մեծ մայրը ծնած է 1890-ին եւ մահացած 1964-ին: Անոր մահէն ետք, հեղինակը յաճախ կը յիշէ զայն եւ անոր խօսքերը, մանաւանդերբ ան բարի ու չար ոգիներու մասին խօսած ատեն, չար ոգիներու իբր հոմանիշ կը գործածէր “թուրքեր” եւ “ոճրագործներ” բառերը: Հեղինակը իր պատանութեան շրջանին յաճախ կը յիշէ Հայաստանի մասին մեծ մօր պատումները, տեղանուններով հանդերձ, որոնք իր մտքին մէջ կը տպաւորուին: Բացի ասկէ, գիրքը կը պարունակէ հեղինակին յուշերը՝ իր պատանութեան մօր հետ ունեցած խօսակցութիւններուն, որոնք յաճախ կ’ըլլային Հայաստանի եւ Արարատ լերան մասին: Իսկ հօրը հետ պատանութեան յուշերը նաեւ կարեւոր տեղ կը գրաւեն իր տպաւորութիւններուն եւ ներշնչումներուն մէջ: Անոր հայրը Պոլիս ծնած է: Հօրը հետ խօսակցութիւններու առանցքը դարձած է Պոլսոյ շուրջ: Նիւ Եորքի հայկական ճաշարաններուն անուններէն ոմանք Պոլսոյ ճաշարաններու անունները կը կրէին:
Փիթըր Պալաքեան դպրոցական շրջանին կը մտադրէ ուսումնասիրութիւն մը պատրաստել Հայաստանի մասին: Ամերիկեան գրադարաններուն մէջ աղբիւրներու մեծ մասը Թուրքիոյ կը վերաբերէին: Ան զարմանքով կը նկատէ թէ այդ աղբիւրները պատմական Հայաստանի մասին ոչ մէկ յիշատակութիւն ունին: Աւելի ուշ երբ երիտասարդութեան սեմին կը գտնուի, հայրը զինք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին մասին գիրքեր կարդալու կը մղէ: Ան կը կարդայ Օսմանեան Պետութեան մէջ Ա․Մ․Ն․ի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի յուշերն ու վերլուծութիւնները։ Իր նիւթերը քաղելով հաւաստի աղբիւրներէ եւ ականատես վկաներէ լսելով, Հայոց Եղեռնը եւ անոր հետ առընչութիւն ունեցող իրադարձութիւնները կը նկարագրէ: Ան բաղդատականը կ’ընէ հայ ազգի չարչարանքներուն եւ հրեաներու հանդէպ Գերմանիոյ նացիներու գործադրած ոճիրներուն:
Փիթըր Պալաքեան պատանութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն կը լսէ նաեւ իր մօրաքոյրներուն պատմածները հայկական կոտորածներու մասին: Մօրաքոյրներէն մէկը կը պատմէ իր մօր զարմուհի` Տօվի Աղաւնիի յուշերը, ինչպէս լսած էր անկէ: “Տիգրանակերտի մէջ խաղաղ կեանք մը կ’ապրէին մինչեւ 1915-ի ամառը: Այդ ամառ կը լսեն թէ քաղաքին մէջ հայ խանութպաններն ու առեւտրականները կը տարուին անյայտ ուղղութեամբ: Հայ մանուկներ չեն վերադառնար դպրոցներէն, հայ տղամարդիկ տուն չեն վերադառնար արտերէն: Հայ կիներ, մասնաւորաբար երիտասարդ կանայք, կ’անյայտանան բաղնիքէն տուն վերադարձի ճամբուն վրայ: Բազմաթիւ հայու խանութներ եւ գորգի մթերանոցներ քաղաքին մէջ կը կողոպտուին: Հայկական դպրոցի Խանճեան անունով ուսուցիչ մը կը սպաննուի: Կը լսուին “տեղահանութիւն, ձերբակալութիւն, բանտ եւ կախաղան” բառերը: Ասոնց նման դէպքեր կը պատահին Վանի, Կարինի, Սեբաստիոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ եւս”:
Հեղինակը կը շարունակէ ներկայացնել մօրաքրոջ պատմածները․ “Շուտով կացութիւնը կը վատթարանայ Տիգրանակերտի մէջ ալ: Տունէ տուն զինահաւաքի խուզարկութիւններ կը կատարուին թուրք ասկեար-ոստիկաններու ձեռքով: Մայրերը իրենց ամուսիններուն ատրճանակները կը յանձնեն: Թուրքերը կը հաւաքեն նաեւ միս կտրելու դանակները”:
“Առաւօտ մը երբ Աղաւնի կ’արթննայ, հրդեհի հոտ առնելով, իսլամական փաթթոց մը իր մարմնի շուրջ առնելով կ’իջնէ փողոց, ուր կիներու պոռչտուքի ձայներ կը լսէ: Երբ Աղաւնի աւելի կը յառաջանայ, թուրք ամբոխին կը հանդիպի, որ կը սկսի քարկոծել զինք: Աղաւնիի աչքին մէկը ծանրօրէն կը վիրաւորուի: Պատերը շօշափելով ու խարխափելով, ան տուն կը վերադառնայ: Անոր ամբողջ դէմքը արիւնլուայ դարձած էր: Յաջորդ օրը Աղաւնիի հայրը ճամբորդութութենէն կը վերադառնայ”:
“Օր մը երեկոյեան, թուրք ոստիկաններ իրենց տան դուռը կը բախեն: Հօրմէն բացի ոչ ոք կը պատասխանէ: Քանի մը վայրկեան խօսակցութիւն տեղի կ’ունենայ, հայրը կ’ըսէ թէ ինք քրիստոնեայ ծնած է եւ քրիստոնեայ ալ պիտի մեռնի: Յաջորդ առտու երբ տնեցիներ տան բակը կ’ելլեն, կը տեսնեն թէ իրենց հայրը խաչուած էր բակին մէջ”:
“Աղաւնի օր մը առաւօտուն դուրս կ’ելլէ տունէն եւ կ’անցնի շուկային մէջէն: Ան կը տեսնէ թուրք ոստիկան-ասկեարներով շրջապատուած 10-15 հայ աղջիկներ ու կիներ, ինչպէս նաեւ մանուկներ` որոնց հրամայելով պարել կու տային: Կիներն ու աղջիկները կ’աղօթէին: Քիչ ետք, թուրք ոստիկանները քարիւղ թափելով կը հրկիզեն զանոնք”:
“Յաջորդ առտու, Աղաւնի իր մօրը, քրոջը եւ եղբայրներուն հետ տեղահան կ’ըլլայ: Անոնք առաջին գիշերը կ’անցընեն Տիգրիսի ափերուն վրայ` բաց երկինքի տակ: Օրական տասնըվեց ժամ կը քալեն: Անոնց ուտելիքի պաշարը երրորդ օրը կը յատնի: Ամբողջ ժամանակը անոնք ուտելիք ճարելով կը ճգնին: Հինգերորդ օրը Աղաւնիի տկարացած ու հիւանդացած մայրը գետին կ’իյնայ ճամբուն վրայ ու հոն կը մնայ”:
“Ողջ մնացողները կը շարունակեն քալել: Ոստիկանները զանոնք կը մտրակեն եւ յաճախ դրամ ու ոսկի կը պահանջեն անոնցմէ: Թուրքերն ու քիւրտերը սոսկալի վայրագ ոճիրներ կը գործեն, կը ծեծեն, կը չարչարեն, կը խոշտանգեն ու կը բռնաբարեն: Անոնք Աղաւնին ալ կը բռնաբարեն”:
“Կարաւանը աւելի յառաջանալով, կը հասնի Եփրատի ափերը, ուր կը հանդիպին հայոց դիակներու, որոնք շատ գէշ հոտ կ’արձակէին: Հոն բազմաթիւ կիներ եւ աղջիկներ Եփրատի ջուրերը նետուելով անձնասպան կ’ըլլան` բռնաբարուելէ խուսափելու համար”:
“Կարաւանը անապատային շրջաններ կը հասնի կոտորակուած վիճակով: Աղաւնիի եղբայրը` Տիգրանը կը մահանայ: Աղաւնի օր մը աւազներուն վրայ զգայազիրկ կը քնանայ եւ յաջորդ առտու ինքզինք քիւրտի մը ձիուն վրայ կը գտնէ: Այդ քիւրտը զայն հինգ տարի կը պահէ: Ան քիւրտին երկու զաւակներ կու տայ”:
Փիթըր Պալաքեան ապա կ’անդրադառնայ իրեն ազգական Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեանի յուշերուն եւ վկայութիւններուն, անոնցմէ հատուած մը կը մէջբերէ` Պերլինի մէջ Թեհլիրեանի դատավարութեան վկայութենէն: Հեղինակը համոզում կը յայտնէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան Թուրքիոյ ուրացումը մարդկային պատմութեան մէջ եզակի ժխտական արարք մըն է:
Փիթըր Պալաքեան այնուհետեւ կը վերադառնայ իր մեծ մօր` Նաֆինային: 1915-1918ի կոտորածներէն ետք, ան իր ամուսնոյն Ա.Մ.Ն.-ի քաղաքացի ըլլալուն հանգամանգով, թրքական իշխանութիւններուն կը ներկայացնէ բողոքագիր մը, որուն մէջ կը յիշէ թուրքերու կողմէ իրենց ընտանիքի անդամներուն սպաննուիլը, իրենց ստացուածքներուն եւ ունեցուածքին գողցուիլն ու փճանալը եւ ամբողջ ազգի մը բանաջնջման փորձը: Մեծ մայրը այս հարցը ներկայացուցած էր դատարանի մը, որ Արեւմուտքի եւ ոչ թէ Թուրքիոյ կը պատկանէր: Իր զեկոյցին մէջ ան յիշած էր որ թուրքերը քրիստոնեաներն ու փոքրամասնութիւնները կը ճնշէին ու կ’իրաւազրկէին:
Փիթըր Պալաքեան իր մեծ մայրը` Նաֆինան կը պատկերացնէ այնպէս, իբր քսանինն տարեկան երկու աղջնակներու մայր, որ 1915-ին Հալէպի փողոցներուն մէջ ասդին անդին կը շրջի` հին բարեկամներ եւ ծանօթներ գտնելու յոյսով: Նաֆինա վերջապէս կը փոխադրուի Նիւ Ճըրզի, Ա.Մ.Ն. եւ իր վկայութեան ձայնը հին աշխարհէն կը բերէ դէպի նորը: Ու ահա, Փիթըր Պալաքեան այս նոր աշխարհին արդարութեան պահանջի գործադրման ձայնն է որ կ’ահազանգէ: