Մեր սիրտն ու հոգին ձեզի հետ են՝ լիբանանահայեր եւ «եա՛ ախի լուպնանի»
Դառնամ տունս տամ անտունիներուս,
Դառնամ ողորմի՜ տամ զոհուածներուս
Դառնամ սիրտս տամ անկոտրում եղբայրներուս եւ քոյրերուս
Դառնամ հոգիս տամ անվեհեր լիբանանցիին
Դառնամ ողջո՛յն տամ պէյրութցիին
Դառնամ ամէն ինչ տամ Պուրճ Համուտին
Դառնամ ու կոչ ընեմ Փիւնիկ թռչունին:
Գեղեցիկ ծննդավայր քաղաքս Պէյրութը կը մխայ ծուխի, թունաւոր ու գունաւոր ամպերու տակ, նաւահանգիստ «մարֆա՜ն» կ’այրի, Պապ Իտրիսէն մինչեւ Ճըմմէյզի, Աշրաֆիէ, Հայկաշէն, Մար Միխայիլ, Խալիլ Պետեվի ու Նոր Հաճըն, Պուրճ Համուտէն մինչեւ Զալքա եւ Անթիլիաս ապակիներու տարափին տակ կը փայլին հրէշաւոր աչքերով: Վերը՝ հոն, ուր իրենց վեհութեամբ, բայց խոցուած սիրտով ու արցունքոտ աչքերով կը դիտեն վար՝ Մարիամ Աստուածածինն ու Քրիստոսը գրկաբաց, Եղեռնի յուշարձանն ու մայրիները եւ արիւն-արցունք կու լան: Բայց կանգուն են անոնք:
Ռումբ եւ «սարուխ», «ղաննաս» ու M16 շատ ես տեսեր ծովափնեայ իմ քաղաք՝ իմ միշտ անկոտրում Պէյրութ: Դիմացա՜ր, նորէ՛ն պիտի դիմանաս: Քու խրոխտ զաւակներդ, ուստրերդ ու դուստրերդ նորէ՛ն ոտքի պիտի կանգնին ու կանգնեցնեն քեզ, զի Փիւնիկ թռչունը չի՛ մեռնիր, մոխիրներու մէջ ալ թաղես ան յարութիւն կ’առնէ: Չարը կրնայ հարուածել միսին ու ոսկորին միայն, բայց հոգիդ չի կրնար զգետնել:
Պիտի յառնի՛ս ու նորէն պիտի ժպտաս, Լիբանան:
Զաւակդ՝
Դոկտ.Մինաս Գոճայեան
Լոս Անճելըս