Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, երէկ` ուրբաթ, 24 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ, որուն նիւթն էր «Լեզուաքաղաքական մտածողութեան զարգացումները` ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին եւ արեւմտահայերէնի գոյապայքարը»: Դասախօսն էր դոկտ. Արտա Ճեպեճեան:
Այս առիթով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ներսէս Պաղտոյեան, որ նշեց, թէ դոկտ. Ճեպեճեան 1999-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն ստացած է մագիստրոս արուեստից վկայականը` անգլիական գրականութեան մէջ:
Պաղտոյեան ըսաւ, որ դասախօսը հեղինակ է անգլերէն 19 դասագիրքերու, պատմութիւններու, զանազան յօդուածներու եւ ակադեմական սերտողութիւններու: Ան աւելցուց, որ դոկտ. Ճեպեճեան ներկայիս Նիկոսիոյ համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի դասախօս է:
Ապա խօսք առաւ դոկտ. Արտա Ճեպեճեան, որ նշեց, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ոչնչացման ենթարկուող լեզուներու շարքին արեւմտահայերէնին տեղադրումը ունի հարիւր տարուան ժամանակամիջոց եւ նախազգուշացում մըն է, որ հիմնուած է երեք տուեալներու վրայ` խօսողներու տարիք, թիւ եւ սերունդներու փոխանցում: Ճեպեճեան շեշտեց, որ եթէ հայութիւնը լրջութեամբ դէմ յանդիման կանգնի այս հոսանքին, ապա արեւմտահայերէնը չ՛անցնիր կորսուած 3500 լեզուներու շարքին: Ան ըսաւ, որ փոքրամասնութիւնը պէտք է համոզուի, որ լեզուն վտանգուած է:
Դասախօսը ըսաւ, որ արտալեզուական տուեալներն են ամուսնութիւնը, դպրոցը, եկեղեցին, ինքնութիւնը, լեզուն, հայրենիքը, մշակոյթը, լեզուափոխութիւնը եւ ցեղասպանութիւնը: Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին` դոկտ. Արտա Ճեպեճեան յայտնեց, որ ուրացումը կը ստեղծէ անապահովութիւն, լքուածի եւ խաբուածութեան զգացում, ոճիրի սարսափ:
Ան նշեց, որ լեզուն հաւաքական յիշողութեան հիմնական ազդակն է, հպարտութեան առիթ եւ վերապրելու միջոց: Դոկտ. Ճեպեճեան աւելցուց. «Հայրենիքի մը անմատչելիութեան իրականութիւնը դժբախտութեան, ընկճումի եւ տկարութեան առիթ դառնալու փոխարէն, լեզուն դարձաւ հայուն հայրենիքը»:
Դոկտ. Արտա Ճեպեճեան հաստատեց, որ լեզուի պահպանման խնդիրը քաղաքական հարց է, եւ հայութիւնը հաւաքաբար պէտք է պայքարի, գիտակցի անոր կարեւորութեան եւ փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն:
Դասախօսութեան ընթացքին Ճեպեճեան նաեւ խօսեցաւ դպրոցներու իրավիճակին, երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, հայապահպանման խնդիրներուն, գործնական աշխատանքի կարեւորութեան եւ այլ խնդիրներու մասին: Աւարտին, ներկաները հարցումներուն ընդմէջէն յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացան դասախօսէն: