Տոքթ.Արմենակ Եղիայեան
1. «Ամազոնի հրդեհներու հարցը կը շարունակէ մնալ տագնապալի»:
—Մեր արդի գողները, մասնաւորաբար լրագրողները, չեն անդրադառնար, թէ որքա՜ն շատ ու անտեղի կը գործածեն «հարց» բառը. բացայայտ հակում մը կայ գրեթէ ամէն հասկացութեան կից աւելցնելու «հարց», ինչպէս վերի օրինակն է:
Ջնջենք զայն, ու պիտի տեսնենք, որ մեր խօսքը որեւէ ձեւով չի տուժեր:
«Ամազոնի հրդեհները կը շարունակեն մնալ տագնապալի»:
2. Յաջորդ խաթարիչ աւելորդաբանութիւնը կամ կրկնաբանութիւնը, որ շատ տարածուած է մեր գրողներուն քով ունի հետեւեալ կաղապարը.
«Արարատ լեռը Հայաստանի ամենաբարձր լեռն է»:
Նուազագոյն ճիգով կարելի է խուսափիլ նման արատէ. օրինակ՝
—Արարատը Հայաստանի ամենաբարձր լեռն է:
—Արարատ լեռը Հայաստանի ամենաբարձրն է:
Երոկւքն ալ ճիշդ են եւ կրկնաբանութենէ զերծ. հաւանաբար աւելի պիտի սիրէք առաջինը, որ աւելի բարեհունչ ալ է: