Տինքի ոճրապարտները ազատ արձակելէ օր մը ետք, ոճրադատ ատեանը ներում շնորհեց 2007-ին, անողոքաբար երեք քարոզիչներ մորթոտած հինգ ոճրագործներու: Ին՞չ տեղի կ’ունենայ Թուրքիոյ մէջ եւ ինչ հետեւութիւններ քաղել…:
Նախագահ Ապտուլլա Կիւլ վերապահութիւններով իր հաւանութիւնը տուաւ Էրտողանի միջամտութեամբ իրաւական համակարգի օրէնսդրութեան մէջ տեղ գտած փոփոխութիւններուն: Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան տեղական եւ միջազգային բազմաթիւ կառոյցներ զգուշացուցին՝ երկրին իրաւական համակարգը պիտի դառնար միապետական վարչակարգի մը գերին:
Բացի սահմանադրական կառոյցներու վրայ տարածած իշխանութեան, էրտողան խիստ հսկողութեան տակ վերցուցած է Թուրքիոյ լսատեսողական մարզը, յատկապէս մամուլը: Զարմանալի չէր բնաւ, երբ այս տարի եւս, Ֆրիտըմ Հաուզը իր տարեկան տեղեկագիրին մէջ վերահաստատեց, Թուրքիան բնորողող՝ լրագրողներու բանտ որակումը: Մամլոյ ազատութիւններու համաշխարհային դասաւորման մէջ Թուրքիա կը գրաւէ 154-րդ դիրքը: Վերջին 90-ամեայ պատմութեան մէջ, Թուրքիա ականատեսը կը դառնայ վարչապետի մը, որ ոչ միայն թշնամանքով կ’ընդունի իրեն հանդէպ քննադատութիւնները, այլեւ՝ թշնամի կը նկատէ լրագրողները:
Ծածկել Էրտողանի մենատիրական հակումները, կը նշանակէ ձեռք բերել առեւտրատնտեսական շահաւէտ վարձատրութիւններ: Անոր հակառակորդ քարոզչական աղբիւրներուն ճակատագիրը պիտի ըլլայ յաւելեալ տուրք, սնանկութեան սպառնալիք..: Երբ Միջազգային Ելեւմտական Հիմնարկը (IMF) Թուրքիոյ պարագային անկախ հարկահաւաքներ յանձնարարեց, վարչապետ Էրտողան անմիջապէս հակադրուեցաւ ..:
Փտածութեան գայթակղութիւններու տակ ընկղմած վարչապետը իր ընդդիմախօսներուն դէմ սկսած է շահագործել իսլամի գործօնը: Երկիր, որուն բնակչութեան 95 առ հարիւրը իսլամ է, որուն 88 առ հարիւրը, իր առօրեայ կեանքին խիստ կենսական բաժինը կը նկատէ իսլամը: 30 Մարտին նախատեսուող տեղական ընտրութիւններու նախօրէին, Էրտողան՝ ձախակողմեան , աթեսիտ, ահաբեկիչ որակումը կու տայ զինք քննադատող հոսանքներուն: Վերջերս՝ 6 Մարտին, խօսքը ընդդիմադիր Քեմալ Քիլիճտարօղլուին ուղղելով ըսաւ.« … Քիլիճտարօղլու, պիտի ակնկալէիր, որ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը արտօնէ՞ր աթեսիտ հասարակարգ կառուցելու ցանկութիւններդ…»: Էրտողան սկսած է յիշեցնել Բարգաւաճում Կուսակցութեան ղեկավար հռչակաւոր ղեկավար Նեճմէտտին Էրպաքանը (լրագրողները զինք «Խոճա» կ’անուանէին…): Վերջինս,առիթով մը (1991) յայտարարեց .« Բոլոր անոնք որոնք պիտի չքուէարկեն Բարգաւաճում Կուսակցութեան, իսլամ չեն, այլ՝ գետնախնձորի կրօնքին կը պատկանին…»: Քիչ մնացած է, որ Էրտողան կրկնէ Էրպաքանի թեւաւոր յայտարարութիւնը:
Յայտնատեսութեան մը խաբկանքը պիտի չունենանք: Յարափոփոխ այս տատանումները, Թուրքիոյ մէջ սպասուող քաղաքական ու ընկերային հրաբուխի մը նախանշաններն են: Մենք՝ հայերս, Սփիւռք եւ հայրենիք ականատեսը պիտի դառնանք այս զարգացումներուն, բայց ին՞չ կրնանք քաղել անտեղիտալի փոթորիկէն: Այս մասին մտածա՞ծ ենք երբեք..:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ