Արաբական աշխարհը բոլորեց անկիւնադարձային տարի մը: Տարի մը առաջ, Թունուզի նախագահին հեռացումով ծագած Արաբական Գարունը, կարգ մը երկիրներու մէջ սկսաւ արձակել իր առաջին պտուղները: Սակայն հետեւելով անցնող տասներկու ամիսներու վրայ երկարող հազարաւորներու բողոքներուն, տեղի ունեցող արիւնալի բախումներուն ու գործադրուող վայրագութիւններուն, արտաքնապէս գարնանային թուացող յեղափոխութիւնները շատ յաճախ երկար եւ ծանր ձմրան մը ազդեցութիւնը կը ձգեն տուեալ ժողովուրդներու պայքարին մէջ:
Մեր այս ակնարկը երբեւիցէ չի միտիր անտեսելու ազատ կողմնորոշուելու ժողովուրդներու իրաւունքը: Ընդհակառակը` ան կը մնայ ժողովուրդներու անխախտելի իրաւունք: Մեծ յեղափոխութիւնները կþենթադրեն մեծ զոհողութիւններ: Յեղաշրջումի ձգտող ժողովուրդը պատրաստ պիտի ըլլայ զոհողութիւններու: Թունուզի ժողովուրդը կատարեց իր ընտրանքը: Իշխանափոխութենէն ետք կայացող առաջին ազատ ընտրութիւններուն խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն դարձաւ իսլամիստ խորքով ՙԱն Նահտա՚ կուսակցութիւնը: Արմատական այս կուսակցութիւնը իր պայմանները պիտի թելադրէ նոր մշակուող երկրին սահմանադրութեան մէջ:
Թունուզի յեղափոխութենէն ներշնչուած, Եգիպտոսի ժողովուրդը պոռթկաց Փարաւոններու նման անխոցելի թուացող Հիւսնի Մոպարաքի վարչակարգին դէմ: Ընդամէնը տասնհինգ օրերու ընթացքին, Մուպարաք տեղի տուաւ ժողովուրդին պահանջներուն: Ի տարբերութիւն Թունուզի, Եգիպտոսի յեղափոխութիւնը մինչեւ օրս բաւական հեռու կը մնայ ժողովուրդին ընտրանքը արտացոլացնելու իրողութենէն: Պէտք չէ մոռնալ, որ 1952-ի յեղափոխութենէն ի վեր, բանակի հրամանատարութիւնն է Եգիպտոսի իրողական իշխանութիւնը: Այսօր եւս, Մուպարաքի փլուզումը ոչինչ կþըսէ բանակին: Բանակի շտապը մինչեւ օրս իր ափերուն մէջ կը պահէ իշխանութիւնը: Ժողովուրդին մօտ օրըստ օրէ աւելի կը խորանայ այն համոզումը, թէ բանակը ընթացք պիտի չտայ ընկերային եւ տնտեսական բարեկարգութիւններ իրականացնելու անոր պահանջներուն: Տակաւին աւելին, Միացեալ Նահանգներ բանակին միջոցաւ կը փորձէ որոշ ազդեցութիւն պահել նոր ամրապնդուող իշխանութեան վրայ եւ միւս կողմէ, վարագոյրի ետին գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմող արմատական կուսակցութիւններուն հետ: Փաստօրէն լռելեայն լուրջ պայքար մը կը ծաւալի Եգիպտոսի մէջ, ուր Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ շահարկել ազատութեան ձգտող եգիպտացի ժողովուրդին իրաւունքները: Եգիպտոսի մէջ եւս ժողովուրդը իսլամիստ կուսակցութիւններուն ապաւինեցաւ իր ճակատագիրը: Արմատական հակումներով Իսլամական Եղբայրակցութիւնը դարձաւ նոր խորհրդարանին ամենազդեցիկ ուժը: Սալաֆական շարժումին հետ անոք կը ներկայացնեն մեծամասնութիւն: Եգիպտոսի յեղափոխութիւնը տակաւին երկար ճամբայ ունի հատելու իր առջեւ:
Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Մարոքի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները նոյնպէս աւարտեցան Իսլամական Եղբայրակցութեան յաղթանակով: Արաբական աշխարհի իւրաքանչիւր պետութիւն իւրայատուկ պայմաններու տակ դիմաւորեց փչող Գարնանային քամին: Փչող քամիները ոչ միշտ կþարտացոլացնեն ժողովուրդին իսկական կամքը: Անոնցմէ շատեր դուրսէն ներածուած, ընկերային արդարութեան, մարդկային ազատութիւններէ աւելի քաղաքական նպատակներ եւ շրջանային նոր կարգավիճակներու միտող ծրագիրներ կը հետապնդեն: Ճիշդ այս պատճառով ալ անհրաժեշտ է առանձին առանձին քննարկել զանոնք: Թունուզի կացութիւնը տարբեր է Եգիպտոսէն: Զգալի տարբերութիւններ կան Լիպիան եւ Եմէնը հարուածող կլիմայական ճնշումներուն միջեւ: Լիպիոյ ժողովուրդը ՆԱԹՕ-ի օժանդակութեամբ, վեցամսեայ զինեալ ապստամբութենէ ետք վերջ դրաւ Մուամար Քազաֆիի 42-ամեայ իշխանութեան: Այսօր, քաղաքական անորոշութիւն կը տիրէ Լիպիոյ մէջ: ՆԱԹՕ-ի կողքին Քազաֆիի դէմ պայքարող բազմաթիւ ուժեր ներկայիս կը մերժեն երկրին ներքին գործերուն մէջ անոր միջամտութիւնը, մինչ Միացեալ Նահանգներ իրեն երաշխաւորուելիք մենաշնորհներով կը պայմանաւրէ միջազգային դրամատուներուն մէջ Լիպիոյ պատկանող հարստութիւններուն վերադարձը: Լիպիոյ քաղաքական կեանքը նոյնպէս նոյնքան փխրուն է, որքան Եգիպտոսը: Խորհրդարանական առաջին ըտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ Յունիսին: Այն ինչ արտօնուած էր Լիպիոյ մէջ, արգիլուած է Եմէնի պարագային: Անոր նախագահը մինչեւ այսօր կը մնայ Միջին Արեւելքի մէջ Ուաշինկթընի ամենասերտ դաշնակիցներէն մէկը: Սակայն խորքին մէջ, նախագահ Սալեհի վարչակարգը կը խորհրդանշէ շրջանի ամենանեխած վարչակարգերէն մէկը: Ուաշինկթըն եւ Սէուտական Արաբիա ի վերջոյ յաջողեցան պատուաւոր ելք մը գտնել իրենց երէկի դաշնակիցին: Իրողական գետնի վրայ, առ այսօր անորոշութիւն եւ անկայունութիւն կը տիրէ Եմէնի մէջ: Նախագահ Ալի Սալեհ սկզբունքով, 21 Փետրուարին վերջնականապէս պիտի լքէ իշխանութիւնը: Սուրիոյ ողբերգութիւնը կը շարունակուի: Արաբական այլ պետութիւններու մէջ, ինչպէս Օմանը, Յորդանանը եւ Պահրէյնը բողոքի արտայայտութիւնները կþանցնին համեմատաբար հանդարտ պայմաններու տակ: Մէկ բան յստակ դարձաւ բոլորին` առիթ ընծայելու պարագային, արաբ ժողովուրդները անխտիր պիտի ընտրեն իսլամական թեքումով իշխանութիւններ: Զարմանքով պէտք չէ դիտել այս մէկը: Արաբական աշխարհի ժողովուրդներուն մեծամասնութիւնը իսլամ է: Սակայն Արեւմուտքէն աւելի, նոյնինքն արաբական աշխարհը մատնուած է անակնկալի ` իսլամիստ վարչակարգեր ստեղծելու իրենց ժողովուրդներու ընտրանքէն: Այս իրողութիւնը կու գայ ապացուցելու, թէ ոչ ոք կրնայ անտեսել հաւատքի վրայ յենած ժողովուրդներու մշակոյթը, անոնց աւանդութիւնները: Արաբական աշխարհը հարուածող գարնանային այս փոթորիկին մէջ անկարելի է աչքաթողի մատնել Արեւմտեան պետութիւններու կեցուածքը: Արեւմտեան պետութիւնները իւրովի մեկնաբանութեամբ կը ներկայացնեն Արաբական Գարնան զարգացումները: Ընդունելի չէ երկու չափ երկու կշիռ ներկայացնել ժողովրդավարական հասարակարգեր ստեղծելու արաբ ժողովուրդներուն ձգտումները, եթէ անշուշտ անկեղծ են Արեւմուտքին մօտեցումները: Անհրաժեշտութիւն չկայ ոմանց պարագային ռազմական ու քարոզչական օժանդակութեան, իսկ ուրիշներու պարագային` քար լռութեան: Ընդունելի չէ նաեւ ժողովրդավարութեան ամենօրեայ դասեր տալ ոմանց, երբ խորքին մէջ Սէուտական Արաբիայէն Մարոք` բոլորը կը կարօտին նմանօրինակ դասընթացքներու…:
Ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ աւելի բարեկեցիկ պայմաններու մէջ ապրելու համար ծագած Արաբական Գարունը բաւական սուղ մուրհակ մը պարտադրեց արաբ ժողովուրդին:Այս գեղեցիկ եւ ցանկալի կարգախօսներուն ետին թաքնուած Արեւմուտքը նոր ռազմավարութեամբ կը փորձէ կողոպտել արաբական աշխարհի բնական հարստութիւնները: Տասնեակ հազարաւոր մարդկային կորուստներու գնով ծագած Գարունը միլիոնաւոր գաղթականեր ստեղծեց Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէյի մէջ: Եգիպտոսի, Եմէնի եւ Լիպիոյ նման երկիրներ առ այսօր զուրկ կը մնան բժշկական մասնագիտական հոգատարութենէ: Քաղաքական անկայունութեան հետեւանքով անդամալուծուեցաւ արաբական երկիրներու մեծամասնութեան կրթական մարզը: Բազմաթիւ քաղաքներ, շրջաններ անհասանելի են մարդասիրական կազմակերպութիւններու առջեւ: Սկզբունքով քարիւղով հարուստ արաբական երկիրները կþապրին ելեկտրականութեան, քարիւղի եւ վառելանիւթի տագնապ, քաղաքային ծառայութիւններէ զրկուած: Սննդանիւթերու եւ առաջնային սննդանիւթերու սակերը միջին հաշուով արձանագրած են քառասուն հինգ առ հարիւրի մագլցում: Գործազուրկներու աճող բանակը եւ տնտեսական անորոշութիւնը կու գան հարցականի տակ առնելու Արաբական Գարնան իսկական նպատակները: Բայց միւս կողմէ, Արաբական Գարնան փոթորիկը զէնքով ողողեց արաբական բազմաթիւ ոստաններ: Արաբական Գարունը միաժամանակ անորոշութեան մատնեց բազմաթիւ ժողովուրդներ: Եմէն, Եգիպտոս, Լիպիա եւ Թունուզ ինկան անորոշութեան գիրկը, սակայն անորոշութիւնը համատաարած բնոյթ կը կրէ արաբական աշխարհին մէջ: Նոյնը կը նախատեսուի Արաբական Ծոցի պետութիւններուն պարագային, որոնք անմաս պիտի չմնան Արաբական Գարնան հարուածներէն: Անոնցմէ ոմանք տնտեսապէս, ռազմապէս գործօն դերակատարութիւն կþունենան կատարուող իշխանափոխութիւններուն մէջ: Տնտեսական համաշխարհային վերիվայրումներուն մէջ անոնք մինչ՞եւ երբ պիտի շարունակեն իրենց օժանդակութիւնը: Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի Գարունը ուշ կամ կանուխ պիտի հասնի Արաբական Ծոց:
2012 թուականը բազմաթիւ երկիրներու համար կը յատկանշուի ընտրական գործընթացով, ներառեալ` Միացեալ Նահանգները, ուր 11 Սեպտեմբերի Բազէները դարձեալ իջած են հրապարակ: 2012-ը ճակատագրական պիտի ըլլայ շրջանային եւ համաշխարհային ալեկոծուած տնտեսութիւններուն լուծումներ գտնելու բուռն տագնապներով: Արաբական աշխարհի գարնանային յեղափոխութիւններուն հետեւանքով 2012-ի ընթացքին վերատեսութեան պիտի ենթարկուին շրջանային մէկէ աւելի համաձայնագիրներ, որոնց մէջ` Գեմփ Տէյվիտի համաձայնագիրը: 2012-ի ընթացքին, համաշխարհային տնտեսութեան վրայ աւելի բացայայտ եւ զգալի պիտի դառնան իրաքեան եւ աֆղանական արկածախնդրութիւններու հետեւանքները:
2012-ի ամենակարեւոր հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ համաշխարհային տնտեսութեան փխրուն իրավիճակէն դուրս գալու միջոցներու փնտռտուքը: Տնտեսագէտներու կարծիքով, մինչեւ 2025 թուականը Չինաստան, Ինտոնեզիա, Հնդկաստան, Մեքսիքօ, Ռուսիա պիտի ստանձնեն համաշխարհային տնտեսութեան առաջատար դիրքերը: Մինչեւ 2020 այս պետութիւնները պիտի արտադրեն համաշխարհային տնտեսութեան քառասուն առ հարիւրը: Միջին Արեւելքի եւ պալքաններու մէջ Թուրքիա, Արեւելեան Ասիոյ մէջ` Չինաստան, լատին ամերիկայի մէջ` Պրազիլ, Կեդրոնական ամերիկայի մէջ` Մեքսիքօ պիտի դառնան համաշխարհային տնտեսութեան բանալիները: Տնտեսական քարտէսի մէջ այս զարգացումները ինքնաբերաբար պիտի յուշեն քաղաքական նոր քարտէսի մը անհրաժեշտութիւնը: Անհրաժեշտ է այս տեսանկիւնէն դիտել Արաբական աշխարհի Գարունը:
Փոթորիկը ոչ ոքի պիտի խնայէ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com