Ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները փորձած են դիրքային յառաջխաղացում ապահովել հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ սկսած է աշխուժ փոխադարձ հրաձգութիւն:
«Հայ դիրքապահները կանխած են թշնամիին փորձերը` դիրքաւորուելու այդ տարածքին մէջ: Իրադրութիւնը տակաւին կը շարունակուի լարուած մնալ», նշուած է պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, ռուսական կողմի միջնորդութեամբ ընթացած են բանակցութիւններ` իրադրութեան հանգուցալուծման ուղղութեամբ:
Երկու կողմերն ալ նշած են, որ տուժածներ չունին:
Նախանցեալ օրուընէ ազրպէյճանական զինուած ուժերու շարժ նկատուած է Վերին Շորժայի սահմանին, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է համայնքի ղեկավար Արտեոմ Երանոսեան:
Հայ դիրքապահները, Վերին Շորժայի համայնքապետին համաձայն, համարժէք պատասխան տուած են: Միաժամանակ, դարձեալ նախանցեալ օր Կապան-Ճակատէն ճամբու հատուածին վրայ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը տեղադրած էին յենակէտ մը: