ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան տեսակապի միջոցով մասնակցեցաւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խորհուրդի հերթական նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան եւրասիական համարկման զարգացման վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց կարգին՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան տարանցիկ միասնական համակարգի մասին համաձայնագիրի նախագիծը, ԵԱՏՄ ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթի ընդհանուր շուկայ ունենալու ծրագիրը, մինչեւ 2025 եւրասիական տնտեսական համարկման ռազմավարական ուղղութիւններու մշակման ընթացքը եւ այլ հարցեր:
Հանդիպման աւարտին, Հայաստանի փոխվարչապետը ԵԱՏՀի խորհուրդի անդամներուն եւ անձնակազմի նախագահին պաշտօնապէս տեղեկացուց հայկական ապրանքներու վաճառելու արգիլման վերաբերող վերջերս Մոսկուայի «Ֆուտ Սիթի» շուկային մէջ տեղի ունեցած դէպքին մասին: Մհեր Գրիգորեան ընդգծեց, որ նման դէպքեր անթոյլատրելի են եւ կոչ ուղղեց գործընկերներուն՝ մանրամասնօրէն վերլուծելու իրավիճակը: