Մ. Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէու Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծերուն վրայ կրակը դադրեցնելու կոչ մը ըրաւ:
«Թուիթըր»ի իր էջին վրայ կատարած գրառումին մէջ, Փոմփէու դիտել կու տայ, որ միայն խաղաղ բանակցութիւններու ճանապարհով կարելի պիտի ըլլայ լուծել հակամարտութիւնը.« Մ. Նահանգներ կոչ կ’ընէ Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կատարելու զինադադարի իրենց պարտականութիւնը եւ դադրեցնել բնակելի տարածքներու վրայ ռմբակոծումները, ինչպէս՝ Գանձակը եւ Ստեփանակերտը: Մենք կը ցաւինք մարդկային կորուստներուն համար եւ հաւատարիմ կը մնանք խաղաղ կարգաւորումի ընտրանքին». կը նշէ պետական քարտուղարը: