ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ Յունուար 24 թուակիր նամակ մը յղած է նահանգային խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի բոլոր անդամներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ դէմ դնեն Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ վարձատրուող քարոզչական ջանքերուն, որոնց նպատակն է իրականութիւնները խեղաթիւրել։
Փորթանթինօ այս քայլին դիմած է, երբ տեղեկացած է, որ լոպիական Քալիֆորնիա-Ատրպէյճան բարեկամութեան միութիւնը քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ անդամագրելու նոր արշաւի մը նախաձեռնած է։
Յիշեցնենք, որ Պաքու մեծ ջանք տարած էր ձախողութեան մատնելու համար Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին մէջ Արցախի հետ համագործակցութեան յատուկ յանձնախումբ մը կազմելու Փորթանթինոյի առաջարկը։ Հակառակ այդ ջանքերուն, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի Օրէնքներու յանձնախումբը, պատմական քայլ մը առնելով՝ հաստատեց Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը, որուն առաջին ատենապետը դարձաւ Փորթանթինօն։