Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ որեւէ հակամարտային կացութիւն Ռուսիոյ համար լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ, Մոսկուան կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` պահպանելու զինադադարը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ հաւատարմագիրներու յանձնման արարողութեան ընթացքին, դիմելով օտար պետութիւններու դեսպաններուն, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
«Կ՛ընդգծեմ, որ մեզի համար մօտիկ պետութիւններու միջեւ որեւէ հակամարտային կացութիւն լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Մենք բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` զսպուածութիւն դրսեւորելու, խստօրէն պահպանելու զինադադարը եւ վճռականօրէն հետեւելու Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններուն», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:
«ՀԱՊԿ-ի գծով քայլերու կը ձեռնարկուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սրումը նուազեցնելու ուղղութեամբ», ըսած է Փութին:
«Կ՛ուզեմ նշել, որ կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գծով քայլերու կը ձեռնարկուին հայ-ազրպէյճանական սահմանային գօտիին մէջ կացութեան սրման առնչուած: Բախումի գօտի ուղարկուած է յատուկ առաքելութիւն` ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին գլխաւորութեամբ: Անոր յանձնարարուած է Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին համար առաջարկներ պատրաստել` հիմնուելով գործերու վիճակի ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն վրայ», ըսած է Ռուսիոյ ղեկավար:
«Օգտուելով առիթէն` կ՛ուզեմ շնորհաւորել եղբայրական հայ ժողովուրդը եւ երկրի ղեկավարութիւնը վաղը նշուող Անկախութեան տօնին առիթով: Այս տարի միեւնոյն ժամանակ կը նշուի երկու նշանակալից տարեդարձ` մեր երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան հիմնարար համաձայնագիրի ստորագրման 25-ամեակը», ըսած է Փութին` աւելցնելով. «Մոսկուան եւ Երեւանը կը շարունակեն աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն»:
Փութին յիշեցուցած է, որ միայն 2022 թուականին ինք երեք անգամ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, ներառեալ վերջերս Վլատիվոսթոքի մէջ` Արեւելեան տնտեսական համախմբումի ժամանակ:
«Ռեկնում» կը հաղորդէ, որ Փութին յայտարարած է. «Մենք կը հիմնուինք անոր վրայ, որ վիճելի տարածքային հարցերու լուծման բանալին, Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ, հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման երկկողմանի յանձնախումբի ծիրին մէջ արհեստավարժ եւ միացեալ աշխատանքին մէջ է»: