ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, քննարկեցին Արցախի կացութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը։
Արցախի տագնապի լուծման գծով միտքերու փոխանակման ընթացքին անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին կացութեան կայունացման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման, տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու վերականգնման ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն նկատմամբ։ Անոնք հաստատեցին, որ այդ հարցերուն գծով կը գործեն եւ մտադիր են ապագային ալ համակարգուած կերպով գործել։
Արցախի կացութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ընդլայնուած կազմով նիստին, որուն ընթացքին Փութին խօսեցաւ Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահներուն մասին եւ շեշտեց, որ անոնց ներկայութեան շնորհիւ կարելի եղած է երկրին մէջ բարելաւել մարդասիրական իրավիճակը:
«Արդէն առաւել քան տարիէ մը ի վեր մեր խաղաղապահները կ´օժանդանեն` պահպանելու կայունութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Մեծ մասամբ անոնց ջանքերուն շնորհիւ բարելաւուեցաւ մարդասիրական իրավիճակը, կատարուեցաւ կարգ մը շրջաններու ականազերծումը, վերականգնուեցան ընկերային ենթակառոյցները, պահպանուեցան պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձանները», դիտել տուաւ նախագահ Փութին։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց խաղաղապահ առաջադրանքներ կատարող անձնակազմին` անոնց արհեստավարժութեան եւ տոկունութեան համար: