Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկու երկիրներուն համար կառուցողական, անհրաժեշտ եւ օգտակար քննարկումներ ունեցած են: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով չորեքշաբթի օր Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը:
Այլ հարցերու կողքին քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը: Փութին ընդգծած է Արցախի տագնապին համար փոխզիջումնային լուծումներու անհրաժեշտութիւնը:
«Եւ, ի հարկէ, խօսուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի (հարցի) լուծման մասին: Ռուսական կողմէն ընդգծուած է, որ կողմերը պէտք է փոխզիջումնային լուծում փնտռեն սահմանազատման եւ փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու զարգացման վերաբերեալ», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:
Միւս կողմէ, թրքական մամուլը կը քննարկէ Էրտողանի Ռուսիա այցելութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած է բաւական հակիրճ տեղեկութիւն` հիմնականին մէջ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ տնտեսական եւ մարդասիրական համագործակցութեան մասին:
Մինչդեռ, ինչպէս կը գրէ ռուսական «Վոյեննոյէ Օպոզրենիէ»-ն («Ռազմական ակնարկ», «Ա.»), Էրտողանի պատուիրակութեան անդամ թուրք պաշտօնատարները կը նշեն, որ բանակցութիւններու կարեւոր նիւթերէն մէկը Սուրիոյ հարցն էր, մասնաւորաբար, սուրիական Իտլիպ շրջանի նիւթը: Եթէ հաւատանք թրքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններուն, ապա Էրտողան եւ Փութին համաձայնած են «պահպանելու Իտլիպի վերաբերեալ սթաթիւս քոն»:
Կը նշուի, որ թուրք զինուորները «պիտի շարունակեն վերահսկել Իտլիպի կացութեան` նախապէս ստեղծուած հսկողութեան կէտերուն մէջ»: Թուրք պաշտօնատարը, որուն անունը թրքական մամուլը չի նշեր, ըսած է, որ ատիկա «երկու նախագահներուն միջեւ կարեւոր համաձայնութիւն է»:
Փութին արծարծած է Սուրիոյ մէջ շարք մը օտարերկրեայ զինուորական զօրախումբերու ոչ օրինական ներկայութեան հարցը: Ըստ Ռուսիոյ նախագահին, այն զօրախումբերը, որոնք ՄԱԿ-ի լիազօրութիւն չունին կամ Սուրիոյ պաշտօնական իշխանութիւններուն կողմէ չեն հրաւիրուած, պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ լքեն Սուրիոյ տարածքը:
Այժմ, եթէ հաւատանք թուրք անանուն պաշտօնատարին, որուն յղում կը կատարեն թուրք լրագրողները, Սուրիայէն, ներառեալ Իտլիպը, թրքական զօրքերու հեռացման հարցը այլեւս օրակարգի վրայ չէ: Սուրիական եւ թրքական մամուլները կը նշեն, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու հանդիպման օրը Սուրիոյ հիւսիսին եւ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին ամէնէն հանգիստ օրն էր:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Էրտողան յայտնած է. «Այս տարի մենք կը նշենք մեր դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեակը: Այդ առիթով մենք Փութինը հրաւիրեցինք մեր երկիր այցելելու»:
Բացի ատկէ, ան ըսած է, որ Թուրքիան «հանդէս կու գայ Ռուսիոյ հետ աշխատանքային յարաբերութիւններու շարունակման եւ խորացման օգտին, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ Եփրատ գետէն արեւելք տիրող կացութեան հարցին մէջ»: