ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան երկու երկիրներուն համար կառուցողական, անհրաժեշտ եւ օգտակար քննարկումներ ունեցան, յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը:
«Անշուշտ, խօսուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի (հարցին) լուծման մասին: Ռուսական կողմը ընդգծեց, որ կողմերը պէտք է փոխզիջումնային լուծում փնտռեն սահմանազատման եւ փոխադրամիջոցներու ենթակառոյցներու զարգացման վերաբերեալ», լրագրողներուն ըսաւ Փեսքով:
Միւս կողմէ, ռուսական «Վոյեննոյէ Օպոզրենիէ»ն («Ռազմական Ակնարկ») կը գրէ հետեւեալը․ «Էրտողանի պատուիրակութեան անդամ թուրք պաշտօնատարները կը նշեն, որ բանակցութիւններու կարեւոր նիւթերէն մէկը Սուրիոյ հարցն էր, մասնաւորաբար, սուրիական Իտլիպ շրջանի նիւթը: Եթէ հաւատանք թրքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններուն, Էրտողան եւ Փութին համաձայնած են «պահպանել Իտլիպի ներկայ իրավիճակը»: Կը նշուի, որ թուրք զինուորները «պիտի շարունակեն վերահսկել Իտլիպի կացութեան` նախապէս ստեղծուած հսկողութեան կէտերուն մէջ»:
Սուրիական եւ թրքական մամուլները կը նշեն, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու հանդիպման օրը Սուրիոյ հիւսիսը եւ հիւսիս-արեւմուտքը, ուր յաճախ ռուսական յարձակումներ կ՛արձանագրուին ահաբեկչական թիրախներու դէմ, վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին ամէնէն հանդարտը եղած է: