Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուած Ասիոյ համագործակցութեան եւ վստահութեան քայլերու 6-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը:
Երկու երկիրներու նախագահները քննարկած են ուժանիւթային անվտանգութեան, երկկողմանի համագործակցութեան, հացահատիկի փոխադրման, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ հարցերը:
Փութին ըսած է, թէ Թուրքիան կազը Եւրոպական Միութիւն փոխադրելու հարցին մէջ ամէնէն վստահելի գործընկերն է: Ան առաջարկած է Թուրքիոյ մէջ ատոր համար ստեղծել մատակարարումներու յատուկ ենթակառոյց:
«Մենք կրնանք սերտել յաւելեալ կազատար խողովակ մը կառուցելու եւ այլ երկիրներ` նախ եւ առաջ եւրոպական երկիրներ, վառելանիւթ ուղարկելու համար Թուրքիոյ մէջ կազի մատակարարման հանգոյց ստեղծելու գաղափարը, ի հարկէ, միայն այն պարագային, եթէ այդ երկիրները ատով հետաքրքրուած են», ըսած է Փութին:
Էրտողան իր կարգին յայտնած է. «Ռուսիան եւ Թուրքիան հարկաւ ոմանց մօտ դժգոհութիւն պիտի յառաջացնեն, եւ զարգացած երկիրները ամէնէն նուազ գոհ եղողը պիտի ըլլան»:
«Պէտք է ամրապնդել հացահատիկներու արտածման եւ աղքատ երկիրներ անոնց հասանելիութեան վերաբերեալ Պոլսոյ համաձայնութիւնը», աւելցուցած է Թուրքիոյ նախագահը:
Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը Մեկնաբանած Է
Թուրքիոյ Մէջ Մեծագոյն Կազային Հանգոյցը Ստեղծելու
Փութինի Յայտարարութիւնը
Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ մեկնաբանած է Ռուսիոյ նախագահի յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ մէջ կարելի է բնական կազի մեծագոյն հանգոյցը ստեղծել: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 12 հոկտեմբերին յայտարարած էր, որ «Հիւսիսային հոսք» կազատարով տարանցման կորսնցուցած ծաւալը կարելի է վերաուղղել դէպի Սեւ ծովու շրջան: Ատոր համար, ըստ անոր, հաւանական է Թուրքիոյ մէջ ստեղծել մեծագոյն կազային հանգոյցը, որով պիտի իրականացուին դէպի Եւրոպա մատակարարումները:
«Հիւսիսային հոսքեր»-ու միջոցով Պալթեան ծովուն յատակէն տարանցման կորսուած ծաւալը կրնանք նաեւ տեղափոխել դէպի Սեւ ծովու շրջան եւ այդպիսով դարձնել մեր Թուրքիոյ տարածքով վառելանիւթի, բնական կազի Եւրոպա մատակարարման հիմնական ուղիները` Թուրքիոյ մէջ ստեղծելով Եւրոպայի մեծագոյն կազային հանգոյցը», ըսած էր ան:
Տէօնմեզ ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ բնական կազի հանգոյցի ստեղծումը «թեքնիք առումով կարելի է»:
«Միջազգային տարողութեամբ նախագիծերը կը պահանջեն թեքնիք, առեւտրական եւ իրաւական զարգացում», բացատրած է թուրք նախարարը:
Տէօնմեզ իբրեւ օրինակ բերած է «Թրքական հոսք» նախագիծը:
«Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ տարբեր ոլորտներու մէջ, ոչ միայն ուժանիւթի ոլորտին մէջ, համագործակցութիւնը յառաջ կ՛ընթանայ: Այս ամէնը կը պահանջէ համակողմանի քննարկում եւ վերլուծում», ըսած է թուրք նախարարը: