Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ռուսիան` կարելիութիւններու երկիր» հարթակի խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Մեր զինուորական գործողութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի բնակիչներու ամբողջական անվտանգութեան ապահովումը»:
«Տոնեցքի եւ Լուկանսքի մէջ վերջին տարիներուն կացութիւնը հասաւ յոռեգոյնին, եւ քաղաքացիները այդտեղ դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրին», ըսաւ ան:
«Տոնպասի մէջ ողբերգութիւնը Ռուսիան ստիպեց Ուքրանիոյ մէջ իր գործողութիւնը սկսելու», յայտնեց Փութին` աւելցնելով. «Մոսկուա այս շրջանին բնականոն կեանք պիտի ապահովէ»:
Փութին յայտնեց, որ Ռուսիան հետեւողականօրէն պիտի գործէ եւ պիտի հասնի կացութեան մը, ուր Տոնպասի մէջ կեանքը աստիճանաբար պիտի վերադառնայ բնականոն հուն:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ ուղարկած է համաձայնագիրի փաստաթուղթի նախագիծը: «Ռուսիան Ուքրանիոյ ուղարկած է յստակ ձեւակերպումներով փաստաթուղթի նախագիծ, գնդակը Քիեւի դաշտին մէջ է», ըսաւ ան:
Փեսքով աւելցուց, որ Ռուսիան կը սպասէ իր առաջարկներու պատասխանին, եւ մեղադրեց ուքրանական կողմը «հոլովոյթը աշխուժացնելու» ցանկութիւն չունենալու յանցանքով:
Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Փոտոլիաք մեկնաբանելով Փեսքովի խօսքը յայտնեց, որ պէտք է «հիմնուիլ միայն ուքրանական կողմի պաշտօնական զեկուցումներուն վրայ», որովհետեւ «ռուսերը շատ յաճախ հրապարակային յայտարարութիւնները կ՛օգտագործեն իբրեւ ճնշման տարր»:
«Ինչ կը վերաբերի բուն բանակցային հոլովոյթին, ապա Ուքրանիան, Պոլսոյ փուլի ծիրին մէջ, հակառակորդ կողմին յանձնած է բանաձեւային լուծումներու իր առաջարկները: Այդ շարքին` անվտանգութեան երաշխիքները իբրեւ մեր երկիրի վրայ հետագային չյարձակելու երաշխիք: Ռուսական կողմը ուսումնասիրած է առաջարկները եւ յայտնած իր փոխադարձ դիրքորոշումները: Յաջորդը` ուսումնասիրելու, համեմատելու, եզրակացութիւններ կատարելու հերթը մերն է: Այդ շարքին` քաղաքական եւ իրաւական բնոյթի», ընդգծած է նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդականը: