Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յոյս յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը նկարագրելու համար «հակամարտութիւն» բառը չօգտագործուիր այլեւս:
«Յոյսով եմ, որ մենք արդէն չենք օգտագործեր այդ բառակապակցութիւնը՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն»: Յոյսով եմ, որ շուտով կ’անցնինք այլ հարցերու քննարկութեան: Անոնցմէ մէկը շատ արդիական է»- ըսաւ Փութին՝ անդրադառնալով մարդասիրական խնդիրներուն:
Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պիտի հայթայթուի մարդասիրական օժանդակութիւն: Ան նաեւ ընդգծեց, որ կրակը ամբողջութեամբ դադրած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: