ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 28 Յուլիսին խորհրդակցութիւններ ունեցաւ երկրին Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ եւ շարք մը այլ հարցերու կողքին քննարկեց նաեւ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճական սահմանին վրայ:
«Խորհրդակցութեան ընթացքին խորհրդակցութեան մասնակցողները քննարկեցին Ռուսիոյ ընկերային-տնտեսական զարգացման վերաբերող ընթացիկ հարցերը, ինչպէս նաեւ միջազգային օրակարգի այժմէական հարցեր, ներառեալ՝ իրադրութիւնը Աֆղանիստանի մէջ եւ ատրպէյճանահայկական սահմանին», ըսաւ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: