ՄՈՍԿՈՒԱ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս շաբաթ պիտի այցելէ Մոսկուա եւ 7 Ապրիլին նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով բացատրութիւններ տուաւ Փաշինեան-Փութին մօտալուտ տեսակցութեան օրակարգին շուրջ: Այսպէս, բանակցութիւններուն ընթացքին նախ պիտի քննարկուի Արցախի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան կատարման ընթացքը:
«Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ շատ բարձր մակարդակի վրայ աշխոյժ երկխօսութիւն կ՛ընթանայ», ըսաւ Փեսքով:
Փաշինեանի աշխատանքային այցելութեան ընթացքին պիտի շօշափուին նաեւ հարցեր՝ Անդրկովկասի փոխադրական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ: Նախատեսուած է կարծիքի փոխանակում Հայաստանի մէջ սկիզբ առած կանխահաս ընտրութիւններու գործընթացին շուրջ: Փաշինեանի եւ Փութինի ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան նաեւ Երեւան-Մոսկուա համագործակցութեան շարք մը այլ հարցեր:
Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան, տեղեկացուց, որ դէպի Մոսկուա ուղեւորութեան ընդառաջ, վարչապետը անցած է ինքնամեկուսացման դրութեան եւ կ՛աշխատի ծրագրուած օրակարգով:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական ուղիներու եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակումը շահաւէտ է բոլոր կողմերուն համար: «Տարածքաշրջանը տառապած է եւ հիմա ալ կը տառապի շրջափակումներէ եւ բնականոն գործընթացներու արգելքներէն: Այսօր կան նշաններ, թէ ճիշդ ուղղութեան վրայ ենք», նշեց ռուս պաշտօնատարը: