ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ամէն առտու, արշալոյսին
հետ միասին
Բի՛ւր բի՛ւր խոհեր կարծես ծագին
յանկարծակի
Շողերն անոնց փարին ինծի
տա՛ք, մտերմի՛կ
Վառ յոյզերով պարուրեն զիս
քաղցրի՛կ-քաղցրի՛կ…
Փունջեր կազմեմ ես շողերէն
ծաղիկի պէս
Ճառագայթի խուրձեր դառնան
լուսաճառա՛գ
Ձեզ ընծայեմ վարդաբուրեան
ու հոտեւան
Դառնան անոնք սիրածորան
գարնան նման
Ձեր սրտին՝ հո՛ւր, ձեր կեանքին՝ սէ՛ր
բաշխեն լուսէ
Եւ ես հրճուիմ իմ բաշխումէս
սիրապարգե՛ւ
Զերթ արեգակն ամէնաբաշխ
լուսահանդէս…
ԵՐԱՆ
………………….
ՍՐՏԻՍ ՄԷՋ ԳԱՐՈՒՆ Է
Ձմե՛ռ, դեռ շուտ է, ինձ չմօտենա՛ս
Դեռ վառ գարուններ հոգւոյս կը ծաղկին
Եւ գիժ թիթեռը դեռ կը թռվռայ
Ծաղիկէ-ծաղիկ, արեւով արբշիռ…
Սրտիս գոլին մէջ ձիւնի հալոցքն է
Կա՛թ-կա՛թ կը ցաթէ սրտիս մէջ վարար
Կենաց աղբիւրիս նորոգ աւիշ է
Նոր անուրջներու ակո՛ւնք կենարար..
Գարո՛ւն, քեզի պէս սիրտս խելառ է
Կենաց աւիւնով, կայտառ եռանդով
Բիւր բողբոջումով, վաղուան տեսիլքով
Խօլ վարարումով հըրաշապարգեւ..
Ձմեռն ի՞նչ ընեմ իր խոհեմութեամբ
Չափուած ու ձեւուած վարքով ծերացած
Իմը՝ տարերքն է գարնան զարթօնքին
Ոգիին անպարտ ու հըրաշածին…
ԵՐԱՆ
………………….
ԱՊՐԻԼ Է
Ամիսն Ապրիլ է
Անթեղուած կրակ է
Մորմոք ու ցաւ է
Այրող յուշեր են…
Գարնան ծաղկունք է
Թե՛րթ-թե՛րթ արցունք է
Կարմիր կակաչ է
Սիրտը սե՛փ-սեւ է..
Նորէն Ապրիլ է
Բնութեան երգն է
Բայց իմ սրտին մէջ
Հին ցաւը հեծէ..
Եւ այդ երգին մէջ
Մեր Կոմիտասն է
«Տլէ Եաման»ն է
Աւեր ու մահ է…
Ամիսն Ապրիլ է
Շողեր կը կաթեն
Կը ճառագայթեն
Մենք ապրելու ենք:
ԵՐԱՆ
………………….
ԴՈՒՆ ՀՈՂ ՉԵՍ ՍՈՍԿ
Դուն հող չես սոսկ, իմ Հայաստա՛ն
Աննիւթեղէ՛ն ոգի մըն ես
Որուն մէջ դեռ կ’ապրին ու կան
Հայոց դարերն Հայկեան օրէն
Շո՛ւնչը վսեմ մեր պապերուն
Որ կերտեցին քեզ հե՛ւք առ հե՛ւք
Շաղախելով քու քարերուդ
Ցօ՛ղ առ ցօ՛ղ քրտինքն իրենց
Հաւա՛տք ու սէ՛ր, բիւր երազնե՛ր
Կա՛մք անկոտրում ու աներեր
Ցոլանքը ջինջ իրենց հոգւոյն
Տենդ ու տենչեր հազարանուն…
Կարծես մենք ենք քեզ յօրիներ
Հիւլէ՛-հիւլէ՛ հոգի դըրեր
Մէն մի ժայռիդ, մէն մի ծերպիդ
Սարալանջիդ, հարթավայրիդ
Վեհ լեռներուդ, հովիտներուդ
Ջուրերուդ մէջ, գետակներուդ
Որ դուն դառնաս մեզ հոգետո՛ւն
Օճա՛խ անգին, մեր էութի՛ւն
Որմէ եթէ մենք անջատուինք
Կը դառնանք բոյս արմատախիլ
Փերեզակներ թափառ’ շրջիկ
Անտուն, անդէմ ու անպատիւ
Արարածներ ողորմելի:
ԵՐԱՆ
………………….
ԼՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ….
Լռութեան մէջ՝ հրեշտակներ կան
Ձայնովն իրենց քաղցրահնչիւն
Հոգիներու թովչանք զուարթուն
Երգեր ունին զերթ շարական….
Լռութեան մէջ՝ մուսաներ կան
Որ կ’այցելեն անակնկալ
Տերեւներու սօսափին պէս
Կը ներշնչեն բիւր երազներ…
Լռութեան մէջ՝ ձայնը հոգւոյս
Կը ղօղանջէ ինչպէս կարկաչն
Բիւր գաղտնիքներ ունի հմայուն
Որ աղմուկին կ’անյայտանան…
Օ՛ լռութիւն, իջի՛ր երկնէն
Մեղեդիիդ բանամ ունկերս
Շշունջ որպէս, խորհուրդ վերին
Հպի՛ր, հպի՛ր իմ ականջին…
Աղմուկին մէջ խելացնոր
Քեզ կը փնտռեմ ես անձկագին
Տիեզերքին հետ զիս կապող
Ծիածան մըն ես դուն լուսածին…
ԵՐԱՆ
………………….
ԿԱԾԱՆՍ
Նեղ ու բարակ կածան բացի
Անդաստանին բառ ու բանի
Զարդարեցի մեսրոպաբոյր
Ծաղիկներով համբո՛յր-համբո՛յր…
Մէն մի ծաղիկն՝ լոյսի ցոլա՛նք
Ժպիտ մը շո՛ղ էր սիրավառ
Մէն մի ծաղիկն՝ խղճի տրոփի՛ւն
Հոգեդիւթա՛նք ու քնքշութի՛ւն…
Ծաղի՛կ-ծաղի՛կ ու թե՛րթ առ թե՛րթ
Սիրտս բացի ձեզի, մարդի՛կ
Մի՛ տըրորէք անգթօրէն
Ամէն մէկ թերթ զա՛րկն է սրտիս…
Կածանս էր փոքր ու չնչին
Պողոտային բառ ու բանի
Բայց բառերուս մէջ մաքրաջինջ
Բիւրեղափայլ շողաց հոգիս:
ԵՐԱՆ
………………….
ՀՈԳԻԻՍ ՄԷՋ
Հոգիիս մէջ շողերը կան լուսաբացին
Արեւատենդ, արեւատենչ սիրով անյագ
Ու տօթակէզ հրկիզումը օրուան տապին
Հրայրքներով ու կիրքերով բոցավառման…
Հոգիիս մէջ ծիրանին կայ մայրամուտին
Որ դեռ փռէ հուսկ հրդեհներ հորիզոնին
Կը բռնկի վերջին անգամ երազներով
Ու ծագելիք արշալոյսի վառ յոյսերով…
Հոգիիս մէջ գիշերուան խոր խորհուրդը կայ
Որուն գիրկին մէջ կը ծնի կայծն արարման
Խոկումներով, երազներով լուսաբեղուն
Նոր միտքերու, աշխարհներու կու տայ ծնունդ…
Հոգիիս մէջ աղօթք մը լուռ միշտ կը հեւայ
Ի թողութիւն բիւր բիւր մեղաց աղերսագին
Եւ օրհնութիւն կեանքի հրաշքին հոգեհմայ
Բարեաց աղբիւր ու կենսատու Արարիչին: