ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐՐԱՆ
Մանկութեան օրրա՛ն, ինձմէ հեռացար
Քու բոյրդ, թոյրդ ուրիշ տեղ մնաց
Ես քեզ ո՞ւր փնտռեմ, հոգւոյս օրօրա՛ն
Երբ սիրտս գի՛րկդ տենչայ քաղցրահամ..
Մանկութեան օրրա՛ն, ընկերներուս հետ
Հեռացար, գացիր, քեզ ո՞ւր գտնեմ ես
Հոտուըտամ շունչդ, հեւքդ սիրակէզ
Գուցէ կեանքի գաս կարօտէս հրկէզ…
Թանձր մշուշին մէջ տարիներուս
Դուն դեռ կ’առկայծիս զերթ հեռաւոր յուշ
Մերթ անչափ մօտիկ, մերթ անչափ հեռու
Կը պատես հոգիս յոյզերով քնքուշ…
Կ’ուզեմ փարիլ քեզ սիրով տենդավառ
Մայրական ջերմ գիրկ գտնել ծոցիդ մէջ
Մանկանալ դարձեալ սիրտով անարատ
Եւ վերածընիլ գգուանքովդ տաք…
ԵՐԱՆ
……………………
ՄԱՐԴԻԿ ՉԵՆ ՆԵՐԵՐ
Մարդիկ չեն ներեր երբ դէմք մը ունիս
Երբ կը տարբերիս ամբոխէն անգոյն
Երբ չես հետեւիր հօտի բնազդին
Կ’ընկալես աշխարհն միտքով ինքնուրոյն….
Մարդիկ չեն ներեր այն ցորեն հասկին
Որ այլ հասկերէն ատոք է աւել
Կ’ուզեն զայն փրցնել ու նետել մէկդի
Հարթութեան մէջ ան կը սպառնայ իրենց….
Պատիժն ամբոխին գուցէ ծանր ըլլայ
Ուսերդ եթէ ամրակուռ չըլլան
Կը կքին անոնք բեռէն մենութեան
Բայց Արարիչին դուն կը մօտենաս….
ԵՐԱՆ
……………………
ՊՈԷԶԻԱՅԻՍ
Արարեցի քեզ տա՛ռ առ տա՛ռ
Հնչի՛ւն-հնչի՛ւն ու բա՛ռ առ բա՛ռ
Սրտիս կա՛թ-կա՛թ արտասուքէն
Հոգւոյս հե՛ւք-հե՛ւք հառաչանքէն
Ինչպէս սարի աղբիւրն զուլալ
Կա՛թ-կա՛թ ծորի ձեան հալոցքէն…
Փայփայեցի քեզ, իմ անգի՛ն
Ինչպէս մայրը՝ իր զաւակին
Դողացի որ ցոլքն ըլլայիր
Յոյզիս մաքուր ու անարատ
Ու ո՛չ մէկ կեղծ հնչիւն ու տառ
Չպղծէր քեզ՝ լոյսիս խորան..
Ու երբ ոմանք խէթ հայեացքով
Ցեխ նետեցին թեթեւ ձեռքով
Մաքուր, վճիտ քու խորանիդ
Ողջ էութեամբ պաշտպանեցի
Քե՛զ, աչքիս լո՛յս, իմ շունչէս՝ շո՛ւնչ
Քեզ՝ իմ հոգիս լուսահամբո՛յր:
ԵՐԱՆ
……………………
Ո՛Չ ՈՔ ՀԱՍԿՑԱՒ
Ո՛չ ոք հասկցաւ սիրտս ու հոգիս
Որոնք հայութեան բաբախիւնն էին
Մանուկ հասակէս հայ բառ ու բանն էր
Որ զիս կը դիւթէր ու կ’առինքընէր
Մանուկ հասակէս հայ երգ ու տաղն էր
Որ սրտիս խօսէր, հոգիս լիացնէր
Հայուն մորմոքն էր որ սիրտս կ’այրէր
Հայուն երազը զիս թեւաւորէր…
Օտար երկնի տակ իմ Հայաստանն էր
Հոգւոյս օրրանը, հոգւոյս օճախը
Ինձ սնունդ տուող հայ գիրն ու խօսքը
Մնացեալը փուճ, սրտի խաբկանք էր…
ԵՐԱՆ
……………………
ԸԼԼԱ՛Ր
Տող մը ըլլա՛ր որ դիւթէր զիս
Խոհի, յոյզի ծաղիկ բուրեա՛ն…
Բառ մը ըլլա՛ր զերթ բանալի
Բանար գաղտնիքն նախաստեղծեա՛ն…
Սիրտ մը ըլլա՛ր այնքան ջերմիկ
Սառը հալէր ո՛ւր ալ ըլլար…
Հոգի մ’ըլլա՛ր սերտ, մտերմիկ
Անխօս, անբառ զիս հասկնար…
Տիեզերքն ըլլար մի բաց երկինք
Ամէն ոք իր աստղն ունենար:
ԵՐԱՆ
……………………
ԿԱՐԱՒԱՆԻՆ ՀԵՏ ԱՍՏԵՂԱՑ
Կարաւանին հետ աստեղաց
Թող հեռանա՛մ երկնաթափա՛ռ
Կեղծիքներէն յոգնած-դադրած
Տիեզերքի շունչը զգա՛մ…
Գիտեմ այնտեղ լեզուն այլ է
Աստղերն հեռու են կեղծիքէ
Թէ կայծկլտան անհուններէն
Իրենց հոգւոյն մաքուր ցոլքն է…
Շատ եմ լսեր հաճոյ խօսքեր
Եւ երդումներ սրտապատառ
Բայց խօսքն կրնա՞յ արտաբերել
Կայծը հոգւոյն աստեղահեւ..
Եւ մոլորուեր եմ շարունակ
Ստապատիր բիւր խօսքերէն
Գոնէ երթամ հեւքը լսեմ
Մրմունջներուն աստղածորան:
ԵՐԱՆ
……………………
ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ ԼԵՌԱՆ
Մեր հայեացքին դէմ կանգներ ես հպա՛րտ
Վեհասլա՛ց գագաթ երկնին մէջ խըրած
Զերթ աստուածամերձ բարձունք ոգեղէ՛ն
Որուն պիտ’ ձգտինք մենք յաւերժօրէ՛ն…
Իտէա՛լ ես դարձեր, լուսեղէն տեսի՛լք
Որ միշտ քե՛զ նայինք ու չփոքրանանք
Քե՛զ պէս համբուրենք աստղեր ու երկինք
Մատչինք լուսեղէն ցնորքին անհաս…
Եւ դար ու դարեր ուղին ես գծեր
Մեր ճանապարհին դէպի վեր ձգուած
Ու արծիւին պէս վե՛ր ենք խոյացեր
Ու արեւացեր ճառագայթավա՛ռ…
Սին սողուններն են անվերջ վխտացեր
Մեր ոտքերուն տակ ու խայթեր են մեզ
Բայց մեր հայեացքը չէ իջեր ներքեւ
Քեզ պէս լուսաբա՛ղձ է ան մընացեր…
Դուն ճակատագի՛ր ի վերուստ տրուած
Պիտ’ տնօրինես մեր բախտը դժուար
Ու մենք անյոգնում վե՛ր պիտ’ մագլցինք
Ա՛յդ է մեր ուղին Արարատավա՛ռ…
ԵՐԱՆ
……………………
ՏԷ՛Ր, ՇՆՈՐՀԷ՛
Տէ՛ր, շնորհէ ինձ երկո՛ւնք բարի
Թող հե՛ւք առ հե՛ւք ես տանջուիմ
Բայց թող ծնին երգերս ջինջ
Երկունքս թո՛ղ պտղաբերի…
Տառապեալիդ գթա՛ սիրով
Լոյսդ ցաթէ՛ ինձ շողակաթ
Թող ես այրի՛մ վառման հուրով
Տողեր ծնի՛մ ես սիրակաթ…
Պարգեւէ՛ ինձ կայծ ներշնչման
Հովէն, ծովէն այցի թող գայ
Բռնկեցնէ կաւս խոնարհ
Բաժակ դառնայ լուսարարման…
Խոհերն անգամ վսեմափայլ
Գիտեմ կու գան ազատօրէ՛ն
Թէ բռնանաս, ի չի՛ք դառնան
Ազատութիւն անոնք տենչան…
Ազատ պահին կը յայտնուին
Անակնկալ ինչպէս քամին
Կը փոթորկեն սիրտդ, հոգիդ
Լուսէ երկունք են հրաշածի՛ն..
Թող արժանի դառնամ ես, Տէ՛ր
Արարելու շնորհքիդ վսեմ
Թէ չէ կաւս իմ հողեղէն
Պիտի փտի, կորչի անհետ..