ԼՈՅՍ ՀՐԱՇՔԻՆ
Կայծ աստուածայի՛ն որ բռնկեցար,
Հողեղէն կաւիս մէջ կրա՛կ դարձար,
Յետոյ բառ հագար հրեղէն շունչով,
Անօթս նուաստ օծեցիր լոյսո՛վ…
Հրա՛շք պահ էր սա երկնային հուրքով,
Որ արարչական կամքով մը վերին
Բառ ու տող շարեց խոնարհ իմ գրչին՝
Խոհերով լուսէ, բիւր յոյզերով բորբ..
Ես ընդունեցի պարգեւն այս վերին
Որպէս հոգիի ճառագայթ անգին,
Որ լուսաւորեց միտքս ու հոգիս,
Ընծայեց ինծի հա՛մը երկնքի…
Կ’օրհնեմ քե՛զ, հըրա՛շք, որ տուիր թեւեր
Ճախրելու ազատ դէպ’ արշալոյսներ,
Բռնկումներէս բիւր լոյսեր վառել,
Զանոնք մատուցել սիրով հրակէզ…
3/3/2018
…………..
ՏՈՂԻՍ
Մերթ սիրտերու անթրո՛ց դարձար,
Կրա՛կ ու բո՛ց բռնկեցիր,
Մերթ ալ անուշ հովիկ եղար,
Սրտի դո՛ղ ու շոյանք տուիր..
Մերթ ժայթքեցար՝ հրաշէ՛կ լաւա,
Ընդերքներէս անքննելի,
Մերթ խոկմանցս խորան եղար,
Խոհով ծանր ու հանդարտիկ…
Մերթ սիրոյ հրա՛յրք, հրակէզ կարօ՛տ,
Մերթ ալ մորմո՛ք մը ցաւատանջ
Հրավառեցին ոգիս վառման,
Դրոշմեցին տող հրաբորբո՛ք..
Մերթ լռութի՛ւն դարձար խաղաղ,
Տենդով, կայծով լուսարարման,
Մերթ ալ եղար հոգեմրրի՛կ,
Տագնապեցար ալի՛ք-ալի՛ք..
Մերթ խնդացիր, ուրախացար
Բերկրանքով մը անծի՛ր, անա՛փ,
Մերթ ալ լացիր արցո՛ւնք-արցո՛ւնք
Կարծես չկար տանջանքիդ բոյժ…
Յետոյ եղար աղօ՛թք լուսէ
Առ Բարձրեալը Ամենակալ,
Խղճիս խորէն զրոյց անեղծ,
Խոստովանանք մ’անչափ անկեղծ…
Եւ միշտ երա՛զ մ’ հուրհրատեց
Վառ տեսիլքով մը լուսեղէ՛ն,
Ու չթողուց որ իյնայի
Յուսալքման բաւիղին մէջ…
21/3/2020
…………..
ԱԶԳ ԻՄ ԼՈՒՍԷ
Պիտի կառչիս քու սուրբ հողիդ,
Ուր հողմերը երգը ունին
Բիւր դարերուդ վսեմական,
Շաչիւնը գոռ ու պատգամը
Աստուածներուն արմենական,
Որ հզօր եղան զերթ Մասիսը…
Պիտի կառչիս քու սուրբ լեզուիդ,
Որուն կարկաչն ու որոտը
Զանցեր է ժամ- ժամանակը,
Շառաչեր է ահեղավազ
Զերթ գետերդ յորդահոսան
Ու սպառնացեր նենգ ոսոխին…
Պիտի կառչիս քու սուրբ լերան,
Որուն վըրայ Նոյն է իջեր,
Դաշինք կնքեր խաղաղութեան՝
Աստուածներուն ու մարդուն հետ
Եւ սկիզբ դրեր նոր պատմութեան,
Ուր հայն իր խօսքն դեռ պիտ’ ըսէ…
Պիտի կառչիս արմատներուդ,
Որոնք խորն են, զերթ աշխարհը.-
Աւիշով նոր ու կենսայորդ
Պիտի պայթին ծիլեր, բողբոջք,
Պիտ’ նորոգեն հին աշխարհը՝
Ծաղիկներով արեւայորդ…
3/2/2020
…………..
ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՃԱՄԲԱՆ
Ինչքի ու փառքի պսակը թողած,
Բառի ու գիրի ումպով արբեցայ,
Շունչս ու հոգիս անոնց մէջ ցաթեց,
Կա՛թ-կա՛թ հոսեցաւ սիրալոյսի պէս..
Բառի ու գիրի դարը անցած էր,
Գովազդի աղմուկն էր լոկ տիրական,
Բայց հոգին կու լար սովէն կարեվէր,
Անոր մորմոքին ո՞վ պիտ’ տար ականջ…
Նիւթի ու շահի շուկան կը գոռար
Ու կը լռեցնէր խուլ ձայնը խիղճին,
Ո՞վ ձայն պիտի տար այդ հեկեկանքին
Ու ես ունկնդիր այդ կանչին դարձայ..
Իմ մէջ ծաղկեցան լոյս անդաստաններ,
Բառի ու խօսքի բի՛ւր- բի՛ւր հնչիւններ,
Ցաւին արցունքը, տառապանքի հեւքն
Գտան բալասան, հրաշք դարման ու դեղ…
Բառս ու գիրս՝ քաղցրահամ գինի,
Զիս աստուածներուն վեհ գիրկը տարաւ,
Լոյս արբեցութեամբ վարարեց հոգիս,
Բիւր արշալոյսներ իմ մէջ ծագեցան…
13/3/2018
…………..
ԴԻՄԱԿՆԵՐ
Դիմակներ խնդուն,
Դիմակներ տմոյն,
Դիմակներ ժպտուն,
Դիմակներ տխուր,
Քիչ մը ամէն կողմ
Կը խօսին անխօս,
Բարբառեն անբառ,
Կու լան անարցունք,
Կը նային անաչք,
Լսեն անականջ,
Կ’ուտեն անբերան,
Խորհին անուղեղ,
Կը զգան անզգամ,
Կը սիրեն անսէր,
Եւ չես ալ գիտեր՝
Մա՞րդ են, թէ՞ ռոպոթ,
Ունին՞ սիրտ զգացող,
Կամ մի՞տք մտածող,
Հոգի՞ թեւածող,
Թէ՞ լոկ սուտ սարք են,
Գոծի՞ք սարքովի,
Անինքնութի՛ւն են,
Մարմի՛ն անհոգի…
9/1/2017
…………..
ՅԱՆՈՒՆ ՎԱՂՈՒԱՆ
Գարնան ծիլե՛ր ու բողբոջնե՛ր,
Գարնան ծաղկո՛ւնք բուրումնաւէտ,
Վարարեցէ՛ք սիրտերն մարդկանց,
Զարթօնքով ձեր սիրածորան…
Չարն ու նենգը, ժահրը դժնէ
Հեռանան ու տեղ չգտնեն՝
Լոյսին դիմաց գարնանաւէտ,
Որ օծեր է դաշտ ու անդեր…
Ողբն ու կական թող նահանջեն,
Գարուն բացուի սիրտերուն մէջ,
Երգէ երգը թռչուններուն,
Կարկաչահոս աղբիւրներուն…
Մարդը յոգնած, տառապակոծ
Վերազարթնու նոր եռանդով,
Հոգւոյն, սրտին ջահը վառէ
Գարնան հրաշքով արեւահեւ…
Ու աշխարհը թող բռնկի
Սիրոյ տենդով գարնանային,
Սիրոյ հունտեր թող սերմանուին
Յանուն վաղուան արդար հացին…
22/3/2020
…………..
ՊԻՏ’ ՄԱՐԴԱՆԱՍ
Ուրկէ՞ եկաւ այս ժահրն անտես,
Որպէս սարսափ մարդ էակին,
Անկախ անոր գոյնէն, ցեղէն,
Իր պատկանած դասակարգէն,
Իր ունեցած դիրքէն պատիր,
Վաստակէն ու պաշտօններէն…
Գլեց անցաւ պատնէշ, սահման
Եւ դամոկլեան սուրի նման՝
Սպառնայ ջնջել մարդկութիւնը,
Անոր ստեղծած բիւր գանձերը…
Եւ խեղճացուց, անզօրացուց
Մարդը ունայն, մարդկութիւնը,
Որ գիտութեամբ ահագնացունց
Կարծէր ըլլալ բախտին տէրը,
Ուժով հարբած ու գինովցած
Կարծէր տիեզերքն նուաճած ըլլալ…
Դեռ կը սպառնար իր նմանին
Եւ կը խժռէր տկարն անկար՝
Որ ունենար դեռ աւելին
Իշխէր, տիրէր զերթ բռնակալ,
Ազատութեան սուտ քօղին տակ՝
Ստրկացնէր երկիր ու ազգ…
Ժահրը եկաւ յանկարծօրէն
Սթափեցնելու մարդը անսէր,
Ցոյց տալու թէ ո՞վ է մարդը՝
Մայր բնութեան ոյժին քովը…
Կենաց մահու սահմանն է, մա՛րդ,
Պիտ’ մարդանաս կրկին անգամ,
Պիտ’ պայքարիս միացեալ ոյժով՝
Ժահրին դէմ այս ամենակուլ…
Եւ յընթացս պիտի գտնես՝
Կորած, կորսուած հոգիդ վսեմ,
Խիղճդ ի քուն պիտ’ արթննայ՝
Խոր թմբիրէն սիրտդ պատած,
Կարեկցանքով պիտի փարի
Իր նմանին ու աշխարհին…
Ու պիտ’ յաղթես ժահրի թոյնին,
Ու յաղթելով պիտ’ ամրանաս,
Վերստին պիտ’ արժեւորես
Քու կոչումդ Աստուածային,
Վերագտնես նախաստեղծեան
Պատկերդ ջինջ Աստուածակերպ…
Այլ ելք չունիս, ո՛վ մարդ անգին,
Վերջին պահդ է զգօնութեան,
Զգաստութեան ու սթափ մտքի,
Եթէ կ’ուզես պատուով ապրիլ,
Տէրը դառնալ ճակատագրիդ
Ու կոչումիդ վսեմական:
22/3/2020
…………..
ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՏԵՍԻԼՔՈՎ
Եւ երբ ժահրերը հեռանան,
Պայծառ արեւ պիտի ծագի,
Մարդիկ պիտի գրկեն զիրար,
Նոր աշխարհ մը պիտի ծնի…
Ծառ, ծաղիկներ բոյր ու թոյրեր
Պիտ’ տարածեն սիրահամբոյր,
Զեփիւռն մեղմիւ պիտի շոյէ
Նոր աշխարհը նոր քնքշանքով…
Արե՛ւ, երկի՛նք պիտի շողան
Ճաճանչներով գարնանավառ,
Նախաստեղծեան փայլով լուսէ
Պիտ’ ջերմացնեն մարդկանց սրտերն…
Նոր աշխարհը դրախտահեւ՝
Ա՛լ մաքրուած իր մեղքերէն,
Պիտի կանչէ նոր մարդացման,
Բարւոյն, սիրոյն լուսարարման…
Հոգիս կարօտ նոր աշխարհին
Նոր տեսիլքով ոգեշնչուի,
Մի՛ ուշացներ, Տէ՛ր իմ Գթած,
Նոր զարթօնքը արեւափառ…
20/3/2020
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ