Վարուժ Թէնպէլեան- ՀԱՅ ԵՄ
Առաջին անգամն էր որ կ՝այցելէր Հայաստան: Օտար երկինքի տակ ծնած, անոր տարիներու երազը կ՝իրականանար:
Պանդոկին պատշգամը նստած, առաւօտուն հազիւ աչքերը բացած, ան կը դիտէր Արարատը: Կը դիտէր լուռ եւ չէր կշտանար:
Պաշտամունքի այս պահը յանկարծ կ՝ընդհատուի սպասելի աղմուկով: Սենեակին դուռը կը բացուի եւ ներս կը մտնեն իր ընկերները՝ Գագիկը, Արսէնը եւ Դաւիթը:
– Պատրա՞ստ ես Մելքոն, կ՝ըսէ Գակիկը, – այսօր ծրագրած ենք Երուանդաշատ երթալ, Արաքս գետի ափին, Ախուրեան գետի մօտ…գրաւուած մեր հողերուն ճիշդ դիմաց….
– Բայց չէ որ կէսօրին խորոված ուտելու պիտի երթանք Ազատութեան Հրապարակ, հարց կու տայ Մելքոն զարմացկոտ:
– Հը՜ըմմ – կը քմծիծաղի Գակիկ, դուն ալ Պրութոս չըսելու համար…
Մելքոն եւ ընկերները կը նստին Դաւիթին ինքնաշարժը եւ կը սկսի արկածախնդրութիւնը: Դէպի Երուանդաշատ ճամբուն վրայ, կ՝անցնին Վաղարշապատէն եւ Մեծամօրի աթոմակայանին մօտէն: Մելքոն կը դիտէր շուրջը տեսիլք մը ապրելու խռովքով: Սարդարապատ այցելած էին Մելքոնի Երեւան հասնելուն յաջորդ օրն իսկ: Երուանդաշատը հեռու չէ այլեւս: Շուտով կը հասնին: Շրջապատը կը սկսի դառնալ չոր ու խոպան, իսկ ճամբան՝ քարքարոտ: Քիչ անդին, բանակային անցարգել մը կը դիմաւորէ զիրենք:
– Ու՞ր կ՝երթաք, հայերէնով կը հարցնէ սպան:
– Սփիւռքէն մեր ընկերը եկած է եւ կ՝ուզենք մէկ քարով քանի մը թռչուն զարնել, կ՝ըսէ Արսէն, ծանօթի մը պէս: Երուանդաշատ կ՝երթանք, Արաքսը տեսնենք եւ թերեւս քար ալ նետենք սահմանին միւս կողմը՝ ծիծաղելով կ՝աւելցնէ ան:
– Ծանօթ ունի՞ք գիւղին մէջ, հարց կու տայ սպան:
– Ոչ կ՝ըսէ Արսէն, բայց հայերէն կը խօսի՞ն չէ:
Ծիծաղելով, առաջ անցնելու արտօնութիւն կու տայ հայ զինուորականը:
Կը հասնին գիւղ: Արդէն Երեւանէն օտար ինքնաշարժի մը ժամանման լուրը կայծակնային արագութեամբ տարածուած է տունէ տուն: Գիւղացիք կը խմբուին Մելքոնին եւ ընկերներուն շուրջ: Վէճ ծագած է:
Իւրաքանչիւրը կ՝ուզէ իր տունը տանիլ հիւրերը….
Յանկարծ, երկար պեխերով եւ խիտ մօրուքով, հազիւ երեսուն տարիքը բոլորած հսկայ երիտասարդ մը վճռական ձայնով կ՝ըսէ.
– Կ՝երթա՛նք մեզի: Բոլո՛րս, բոլո՛ր գիւղը:
Եւ կը սկսի անկոչ խնճոյքը: Մելքոնենք կարծիք չունին: Սասնայ լեռներէն Երուանդաշատ տարագրուած հիւրընկալութիւը այլ կարծիքի տեղ չունի:
Մէկը կը բերէ ոչխար, ուրիշ մը խոզ, կը բերեն գինի եւ օղի, լաւաշ ու պանիր: Հարսնիք է գիւղին մէջ: Տհոլն ու զուռնան չեն ուշանար միանալու եւ կանուխ երեկոյան սկսած խնճոյքը՝ երգերով ու պարերով կը շարունակուի մինչեւ յաջորդ առաւօտ:
Առաւօտուն, թէեւ չէին քնացած, բայց ոչ ոք կը մտածէ այդ մասին: Մելքոն կը դառնայ անհամբեր: Նախքան Երեւան վերադարձը, անպայման կ՝ուզէր նստիլ Արազի ափին եւ հազարամեակներու պատմութեամբ թրջել իր անքուն երեսը…
Բայց մտածում մը կը չարչըրկէր հոգին…
Կարելի պիտի ըլլա՞ր արդեօք վերադաձին քանի մը օր ալ Երեւան մնալ …եւ միանալ մեծ խնճոյքին….փոփոխութեան խնճոյքին…