ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Գորշ Վարագոյր.- Ոսկէ Ծիրանի փակման հանդիսութիւնը պերճախօս էր: Բացակայ էր բացման հանդիսավար Սերժ Աւետիքեանը: Բացակայ էին բոլոր օտար մրցանակակիր բեմադրիչները, որոնց մրցանակները ստացան տուեալ երկիրներու դեսպանատան պաշտօնեաները: Աչքի չընկաւ դատական կազմի նախագահ Ռոպէր Կէտիկեանը: Չկարողացայ որևէ տեղ նկատել հիւր դերասանուհի Օրնէլա Մութին: Մինչդեռ երկու անգամ վարանոտ եւ գլխահակ բեմ բարձրացաւ Նասթասիա Քինսքին: Ամէնէն աչքառու բացական Հայկական Համայնապատկերի «Ոսկէ Ծիրան» մրցանակն էր: Այն մրցանակը, որուն արժանացած էր «Թեւանիկը»: Լրատուական միջոցները կը պահեն քար լռութիւն… նոյնիսկ Հայաստանի մէջ: Պատկերը տխուր է: Չէ՞ որ փառատօնը նուիրուած էր Հարիւրամեակին…
Որտե՞ղ է թաղուած շան գլուխը: Երեւոյթը անշուշտ բարդ է: Մեծամտութիւն պիտի ըլլար առաջադրել, թէ կարելի է կատարել «հեռադիտակային» ստոյգ ախտաճանաչում: Այսինքն դատել` կանգնած փառատօնէն հազար մղոն հեռու: Անձնական ենթադրութիւնս հետեւեալն է.-
Նախ գոյ է նիւթական հարց: Այսինքն ոչ գոյ է ֆինանսաւորում: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (տես «Ազդակ» 21օգոստոս 2014, «Փոքր ածուի ծիրանը» ): Փոքր փառատօններ պարտին մասնագիտանալ: Կարելի չէ մրցիլ մեծ փառատօններու հետ բազմաթիւ դասակարգերու մէջ: Մինչդեռ «Ոսկէ Ծիրան» կ’ընթանայ հակառակ ուղղութեամբ: Ունի շուրջ տասը մրցութային դասակարգում եւ բազմաթիւ արտամրցութային ծրագիրներ: Համաշխարհային տարողութեամբ իւրաքանչիւր օր միջին հաշուով տեղի կ՛ունենայ աւելի քան մէկ շարժապատկերի փառատօն: Կարելի չէ գրաւել ամբողջ «շուկան»: Հսկայ պազարին մէջ հարկ է ստեղծել մեր «գողտրիկ անկիւն»-ը: Հռչակաւոր դէմքերը (սելեպրիթի) ձգող մագնիսը նոյնպէս կանաչ փողն է: Այլապէս մեզի բաժին կը հասնին թօշնած հանգոյցներ: (1)
Փառատօնի պատասխանատուներ անշուշտ անդրադարձած են, թէ փառատօնը «էնը չի»: Լրատուական միջոցներուն հետ եղած հանդիպումներու ընթացքին անոնց ձայնի թոնը զգալիօրէն հեզ էր եւ պաշտպանողական: «Հ1»-ի հետ կատարուած հարցազրոյց ծրագիրին ընթացքին (2015/07/20) Սուսաննա Յարութիւնեան յայտնեց նման մտահոգութիւններ (www.1tv.am/hy/videos/207062):
Ցաւեր, ցաւեր.- Իսկական ցաւոտ հարցը հոգեկանն է: Աւելի ճշգրտօրէն` Եղեռնի պատճառած հոգեկան խոցը (թրոմա) դիմագրաւելու եւ գեղարուեստական լեզուով արտայայտելու անկարողութիւնը: Հայ հանդիսատեսը կ’ակնկալէ դիտել «ճակատային» ժապաւէններ, որոնց յոռեգոյն նմոյշը թերեւս «Հոգիներու աճուրդ»-ն է եւ ամէնէն ծանօթ ծաղրանկարը Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ»-ին մէջ` «Սարոյեանի Արարատ»-u: (2) Հոգեբաններու կարծիքը այն է, որ խոցը պատճառող Եղեռնի ցայտուն, նկարագեղ (graphic) պատումի կրկնութիւնը կ’ընդարմացմէ հոգին: Մաշեցնող սուգն ու ողբը կը վերածուին մեքենական ծէսի: Այս հարցին հարկ է առանձին անդրադառնալ, յատկապէս «Մինչեւ յօշոտուած Հայաստան» պատկերազարդ գրքոյկը գովազդող մամլոյ լսարանէն ետք:
Նախ հակիրճ ձեւով կը ներկայացնեմ մրցանակակիր օտար ժապաւէնները:
«Օձի Ողջագուրում» (Օձի Գրկում) «Embrace of the Serpent», 123 վ.
Բեմադրիչ` Սիրօ Ղերրա (Քոլոմպիա) արդէն իսկ ստացած է ոսկէ մետալներ Քաննէն եւ այլ փառատօներէ:
Օձը ունի ֆիզիքական եւ խորհրդանշական իմաստ: Ամազոն գետի հունը գալարուն է, ինչպէս օձը: Բեմադրիչը հաւանաբար իր ներշնչումը ստացած է (թէեւ ինք այդ չէ խոստովանած) Ժոզէֆ Քոնարտի «Մթութեան սիրտը» գործէն («The Heart of Darkness», նախ պարբերական 1899-ին, ապա վէպ 1902), որուն թատրը նոյնպէս խիտ անտառներու մէջ գալարուող Քոնկօ գետն է (տես կողքի նկարը): Երկու գործերն ալ ցոյց կու տան գաղութարար արեւմուտքի գործած աւերը բնութեան եւ բնիկ ժողովուրդներու հաշուոյն: Ըստ պատմագէտներու ենթադրութիւններուն, Քոլոմպոսի առաջին «այց»-էն ի վեր (1492) Ամերիկան ցամաքամասերու մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած են 50-100 միլիոն բնիկներ: Կողոպտուած է ամբողջ հարստութիւնը: Բնաջնջուած է մշակոյթը: Քոնրատ Պերլինի 1844-ի համագումարը կոչած է «Վայրի սովորոյթները ճնշելու միջազգային ընկերակցութիւն» (The International Society for the Suppression of Savage Customs): Աւելի քան դար մը և քառորդ առաջ, երբ Եւրոպացիք աշխուժօրէն կը կործանէին Ափրիկեան մշակոյթը, Քոնրատի կեցուածքը որոշ խիզախութիւն կը պահանջէր: Այսօր, երբ եղածը եղած է, Սիրոյի կեցուածքը Vogue է, մտաւորական դիւրին պերճանք:
Օձը հարուստ խորհրդանիշ է: Այդտեղ կայ ե՛ւ դարանակալ վտանգ, ե՛ւ իմաստութիւն: Օձը կը տեսնենք բժշկական լոկոներու վրայ: Իսկական հերոսը Քարամաքաթէն է, բնիկ «շաման»-ը (3): Պատմական որմանկարներու հետեւութեամբ, կողքի քատրը ցոյց կու տայ, թէ որքան ճղճիմ է եւրոպացին «օձի գրկում»: Մինչ շամանը կանգնած է զերթ տիտան (4):
Դիպաշարը.- Գերմանացի ազգագրագէտ Թէոտոր Քոխ Կրիւնպերկ 1911-ին կը նաւարկէ Ամազոն գետին վրայ (1940-ին անոր կը հետևի ամերիկացի Schultes): Երկուքը կը հանդիպին միևնոյն շամանին` Քարամաքաթէի (խորհրդանշակա՞ն): Սիրոյի ժապաւէնին մէջ 19-րդ դարու ամբարտաւան դրապաշտութիւնը կը բախի բնութեան ուժերուն: Բայց արդիապաշտ գերմանացի գիտնականը հիւանդ է (յստակօրէն խորհրդանշական): Բուժուելու համար պէտք ունի շամանի դեղօրայքին, որոնք կը կրեն «բնութեան ուժը»: Որբացած Շամանը իր կարգին պէտք ունի եւրոպացիին: Ան կը յուսայ, որ գերմանացիի օգնութեամբ գտնել իր կոտորուած ցեղախումբին մնացորդացը: Կը յուսայ նաեւ, որ ազգագրագէտ գիտնականը Եւրոպային փոխանցէ իր ժողովուրդի դարաւոր իմաստութիւնը եւ այդպիսով փրկէ յաւերժ կորուստէ: Կը ստեղծուի փոխադարձ կախուածութիւն: Շամանը որոշ իմաստով կը յաջողի: Անշուշտ 1911 թուականին կարելի չէր կրօնափոխել իր յաղչական երթով գինով դրապաշտը: Կրօնափոխուած է, սակայն մերօրեայ բեմադրիչը: «Աւելի տրամաբանական է հաւատալ բնութեան ուժերուն, քան կրօնի մը, որուն հետեւորդները կ’ուտեն իրենց Աստուածը», կ’ըսէ ան, մէջբերելով: Այո, բուսակեր բեմադրիչը ունի՛ «մարիամնուր»-ական հակում:
Ժապաւէնին մէջ տեղ գտած է նաեւ կաթողիկէ միսիոնարական կեդրոնի մը մէջ ապաստանած բնիկներու ջարդը: Ասիկա եւս ձեւով մը կրկնութիւնն է «Տը Միշըն» ժապաւէնի անողոք ջարդին (Ռոլանտ Եոֆֆէ, 1986): Ցաւօք, երկու ժապաւէններն ալ կը ստեն: Միսիոնարական շարժումի հիմնական նպատակն էր թափառական ցեղախումբերը վերածել նստակեաց բնակչութեան: Այդպիսով կարելի կ’ըլլար օգտագործել զանոնք որպէս աժան աշխատուժ (գլխաւորաբար ենթակառոյցներու շինութեան եւ ռետինի արտադրութեան մէջ): Ի պատիւ Եոֆֆէի, «Տը Միշըն» առնուազն ցոյց կու տար, թէ փորթուգալցի կուսակալը եւ իտալացի կեղծամակիր կարտինալը համախոհ էին: Կարտինալը զոհեց միամիտ վանականը` յանուն «Եկեղեցւոյ գերագոյն շահերուն»:
Ժապաւէնը նկարուած է սեւ ու սպիտակ: Այնպէս, ինչպէս ստնաւոր կենդանիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը տեսնէ աշխարհը: Բեմադրիչը կ’ըսէ, թէ փորձած է ապացուցել որ բնութիւնը զգլխիչ է նոյնիսկ առանց գոյներու: Չարամիտներ կրնան կասկածիլ, թէ փորձած է նաեւ վաւերագրական ժապաւէնի տպաւորութիւն ստեղծել: Կողքի քատրը տառացիօրէն կը կրկնէ 1911-ի պատմական լուսանկարը:
Իմաստի Ստեղծումը.– 2014 95 վ
Արտադրող, բեմագիր, մոնթաժէօր եւ բեմադրիչ Սիմոնէ Ռափիսատրա Քասանովա:
Շարժապատկերի տեսաբաններ բեմադրիչի ժանրը կ՛որակեն «վիճակային վաւերագրութիւն» (5): Այսինքն` խաղարկային ժապաւէն, ուր դերասանները կը խաղան «իրենք զիրենք»: Ստացած է ոչ նուազ քան 12 մրցանակ (Լոքարնօ, Ռոթըրտամ, եւ այլն):
Որմազդը (որ գոնէ ինծի համար անծանօթ պաստառի մը մանրամասնն է) արտակարգօրէն արտայայտիչ եւ տպաւորիչ է: Միջնադարեան հագուկապով եռեակի մը դէմերուն վրայ կը տեսնենք գոյութենական անձկութիւնը: Իմաստի փնտռտուքը խոր արմատներ ունի: Որմազդին մէջ կը տեսնենք նաեւ բերդ մը, դրօշ եւ սպառնալից մկունդներ: Այսինքն` հակամարտող կողմեր եւ պատերազմ: Կը տեսնենք դիւրաբեկ ծառեր (հաւանաբար խոցելիութեան խորհրդանիշ) եւ մանաւանդ մշուշ, անորոշութիւն: Ի՞նչ կ’ըսէ մեզի պատմութեան խորքէն եկող այս պատկերաւոր պատառիկը: Ինչպէ՞ս հասկնալ պատմութիւնը: Ա՛յս է բեմադրիչին առաջադրանքը:
ժապաւէնի թատրը Ալպեան լեռնաշղթայի Թոսքանական շրջանն է: Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին նահանջող գերմանական բանակը որոշած է այդ անառիկ լեռներուն վրայ կառուցել պաշտպանութեան վերջին գիծը (Կողքի քարտէսին վրայ սլաքով ցոյց տրուած): Այդ «Գոթական» պարիսպին վրայ 15 հազար պատերազմական գերիներ կը պարտադրուին կառուցել երկու հազար հրետաշարի եւ գնդացիրի ամրոցներ եւ պատնէշներ (6): Հրոսակայիններ կը դիմադրեն խափանելու համար աշխատանքը: Նացի հրամանատարութեան հակազդեցութիւն կ’ըլլայ (ինչպէս միշտ եւ ամէնուր) բնակչութեան անխնայ, անխտիր ջարդ: Ճակատամարտերուն կը մասնակցի 1,2 միլիոն զինուոր: Այդ հոյակապ անտառներու մշուշին մէջ այժմ կը թափառին աւելի քան 55 հազար տառապահար ոգիներ:
Այսօր գերմանացիներ կրկին այդտեղ են… որպէս զբօսաշրջիկ: Նիհարակազմ, բայց ջղուտ եւ կայտառ ծերունի հովիւ Փաչիֆիքօ (7) (Pacifico Pieruccioni, որ ֆիզիքապէս կը յիշեցնէ վաստակաշատ դերասան Հենրի Ֆոնտան) կը պայքարի պահելու համար իր նախնական սնանկ ագարակը: Թերեւս պարտադրուի ծախել հարուստ գերմանացի գնորդի մը: (Ինչպէ՞ս բացատրել այդ քայլը նախնիներու ստուերներուն): Լաչար դրացուհին կը վիճաբանի չարաճճի պատանիներուն հետ: Շրջանը ժամանակավրէպ է, դատապարտուած կործանումի: Զինուորներու եւ հրոսակայիններու ուրուներուն կը միանան թշուառութենէ մղուած անձնասպան եղած գիւղացիներուն ոգիները: Քասանովա Իտալիոյ ներկայ պատկերը կը դիտէ Թոսքանայի բարձունքէն:
Հիմա ուշադրութիւն.- Ծառերէն կախ օրօրոցներու վրայ մանուկներ կը կրկնեն իրենց հրոսակ մեծ հայրերու թողած պատերազմական յուշերը (ժապաւէնի թրէյլըրը): Այդ պատումները ժապաւէնի կեդրոնական բներգը կը կազմեն: Կարելի՞ է այդ ուռճացուած գուցէ եւ հնարովի պատումները վերածել գլխագիր «Պատմութեան»: Կը տեսնենք, որ ժապաւէնը ունի բազմաթիւ շերտեր: Քննադատ մը անոր կառոյցը բաղդատած է Ռուպիքի հանելուկ-խորանարդին, ուր պատկերները ագուցուած են չորս տարածաչափային բիւրաւոր ձեւերով (8): Աւելի՛ն, բեմադրիչը երկրպագուն է հրեայ արտակեդրոն (eccentric) «փիլիսոփայ» գրող Եորկէ Լուի Պորկէսի, որ ժամանակի եւ տարածութեան «հանգուցային» բնոյթի մասին «Քապպալայական» դրոյթներ ունի (9): Պորկէսի «Ալէֆէն» (Եբրայերէնի առաջին տառը) դիտած անցեալը կ’ընդելուզուի ներկային:
Կան նաեւ այլ «մարիամնուրային» խցկումներ: Մութին մէջ կորած Փաչիֆիքօ զարմանալիօրէն «կանաչ» է: Կը գործածէ բջիջային հեռախօս, բայց կը մերժէ գործածել քիմիական նիւթեր եւ ժանտասպաններ (pesticide):
Գիւղացիներ հրոսակային հերոսական մարտերը կը վերաբեմադրեն չինական խաղալիք զէնքերով: Ցայտող արիւնը եւ վէրքերը կ’աւելցուին բացայայտօրէն արհեստական ձեւով: Բեմադրիչը ահաւոր ողբերգութեան պատումը վերածած է մարիամնուրական կատակի մը: Ի սէր Ալֆրետոյի, ախ ինչո՞ւ, միթէ ափսոս չէ՞ (10):
Ժապաւէնին դրոյթը ա՛յն է որ «իմաստի ստեղծման» գործընթացը կերպընկալ է եւ «կռանելի» (malleable): Պատմութիւնը պարզապէս անհատական «տեսակէտ» մըն է: Հասկնալի է, թէ ինչո՞ւ նման ժապաւէն արժանացած է բազմաթիւ արեւմտեան մրցանակներու: Բայց թէ ինչո՞ւ այս բացայայտօրէն յետարդիական, ուրեմն եւ հակապատմական դրոյթը մրցանակի արժանացած է Եղեռնի հարիւրամեակին նուիրուած փառատօնի դատական կազմին կողմէ, կը մնայ յոյժ մեկնաբանելի: Յետարդիականութիւնը գլխովին հակոտնեայ է ազգային գաղափարաբանութեան եւ քաղաքական պահանջատիրութեան:
Այս կէտի վերլուծումը կը թողում քաղաքական մեկնաբաններու:
Ոսկէ Ծիրանի «Հայկական Համայնապատկեր» ծրագրի մասին` յաջորդիւ:
1).- Քինսքի ընտանիքը ծանօթ է ջղագարութեամբ, տոհմապղծութեամբ եւ ոճրային հակումով: Թերահաւատներ կրնան դիմել համացանցին:
2).- Տես «Այլեւս … Բեն», «Ազդակ» 16 յուլիս 2015:
3).- Շամանը ե՛ւ ցեղախումբի կրօնական առաջնորդն է (քահէնը, քահանան), ե՛ւ բժիշկը: Իսլամանալէ առաջ թրքական ցեղախումբերու կրօնը շամանական էր:
4).- Թէեւ բնիկները շատ աւելի փոքրակազմ են, քան գերմանացիք:
5).- Տես J. Hoberman, «Film After Film», Verso 2013, էջ 23:
6).- Հիթլեր մտահոգ էր, որ դաշնակիցներ պատը կը շրջանցեն ծովու ճամբով: Որպէսզի յաղթանակը ձեւով մը նսեմացուի, զօրավար Kesselring պարիսպը կը վերանուանէ «կանաչ գիծ», «Grune Linie»:
7).- Pacifico անձամբ ճարած է ժապաւէնի բոլոր համագիւղացի դերակատարները:
8).- Չորրորդ տարածաչափը ժամանակն է:
9).- J. Alazraki, «Borges and the Kabbalah: Essays on His Fiction and Poetry», Cambridge UP, 2009:
10).- «Գոթական գիծ»-ի դէմ պայքարող հրոսակներուն ղեկավար: