«Ճանչնալ այն ամէնը, որ սխալ գործեր ես` ըլլայ այդ սովորական կեանքի մէջ, ընտանիքի թէ բարեկամներու. ճանաչումը ուժ է»:
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ
Փտածութեան հայերէն հոմանիշները կամ բացատրութիւնները կուգան որպէս «նեխածութիւն», բայց նաեւ իբրեւ «անբարոյականութիւն»: Այս իմաստով` փտածութիւնը, պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ մեր օրերը, ստացած է ու տակաւին կը ստանայ տարբեր բովանդակութիւններ:
Եթէ անիկա մէկ կողմէ առնչուած է ղեկավարի կամ պետական կառոյցի անբարոյական կարգավիճակներուն, ուր անոնց ստացած հեղինակութիւնը կը գործածուի ապօրինի ձեւով հարստութիւն դիզելու, կեղեքելու եւ օրինական կերպով իրենց տնօրինած լիազօրութիւնները գործածելու` սանձարձակ կերպով եւ յօգուտ իրենց:
Փտածութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ քաղաքական պիտակ, բայցեւայնպէս ան կը հարուածէ կրթական, աշխատաւորական ու բանուորական տարբեր կառոյցները, ինչպէս նաեւ այլ մարզեր, հասնելով մինչեւ ընկերային ու կրօնական մարզերուն:
Կրօնական փտածութիւնը` իմա անբարոյականութիւնը, պատմութեան ընթացքին, իր տարբեր երեւոյթներուն ընդմէջէն, նաեւ ճամբայ հարթած է եկեղեցական բաժանումներու պարագային:
Այս դիտանկիւնէն մեկնելով կրնանք հաստատել, թէ փտածութիւնը իրական է եւ ան իր մէջ միայն նիւթական-տնտեսական կեղեքում չի բովանդակեր: Անոր մէջ կ՛իյնայ նաեւ բարոյական ու ընկերային իրաւունքներու անտեսում, մարդկային արժէքներու ոտնակոխում, ցեղապաշտական ու ընկերային դասակարգային խտրականութիւն եւ բաժանում: Փտածութիւնը, որ սկսած է մարդկային պատմութեան սկիզբէն մինչեւ օրս տակաւին կը շարունակուի:
Արագ ակնարկ մը նետելով ներկայ աշխարհին կարելի է տեսնել, թէ ինչքան թոհուփոհ կայ ամենուրեք, եւ ամէն տեղ կը հնչեն մարդկային կեանքի բարւոք արդարութիւն եւ առողջ կենսամակարդակ հաստատող պահանջներ:
Համաշխարհային հարթակի վրայ 2019-ի իրադարձութիւնները լաւ ցուցանիշներ են այս բոլորին: Հարաւային Ամերիկայէն սկսեալ մինչեւ Եւրոպա ու Ասիա, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելք, ու վերջապէս` Լիբանան: Այս վերջինը դարձաւ մէկ ապրող վկայութիւն մը, ուր ժողովրդային ընդվզումը փտածութեան դէմ չի բացառեր ոչ մէկ ղեկավար: «Բոլորը` այսինքն բոլորը» կարգախօսը վերածուեցաւ փտածութեան դէմ ըմբոստութեան մեծ ալիքի:
Բայց յատկանշականը այն էր, որ լիբանանեան ձայնասփիւռի կայանի մը երիտասարդ խօսնակը տիրող կացութեան մասին կ՛արտայայտուէր ըսելով, որ երկրին ընդհանուր քաղաքակրթութիւնը «Փտածութեան քաղաքակրթութիւն» է:
Փտածութեան քաղաքակրթութի՞ւն: Քաղաքակրթութիւնը, հոն ուր մարդկային կեանքերը կը բնորոշուին եւ կը կազմուի՞ն: Եւ այս` փտածութեան ընդմէջէ՞ն:
Մայր հայրենիքն ալ անպակաս չէր այս «ըմբոստութենէն»: Եթէ ըմբոստութեան եղանակը եղաւ «թաւշեայ», առանց մարդկային առճակատումի եւ զոհի, սակայն մնաց նոյն ընդվզումի բովանդակութեան մէջ: Բաւարար է այսքան փտածութիւն:
Սակայն փտածութիւնը ախտ է, յոռի վարք ու բարք, որ ուղղակիօրէն առնչուած է մարդկային ու հաւաքական, ինչպէս նաեւ ազգային-պետական ու անոր բարոյական` իմա բարոյագիտական հասկացողութեան: Թէ ո՞ւր կը կայանայ նշեալ հաւաքականութեան-պետականութեան բարոյական չափանիշերու ռազմավարութիւնը` համընդհանուր դաստիարակութեան գործընթացին մէջ:
Երբ ուսանողներ էինք Պէյրութի հայկական վարժարաններու մէջ մեր կրթական ծրագրին մէջ ներմուծուած էր «Ազգային կրթութիւն» դասապահը` շաբաթական մէկ պահի դրութեամբ: Այդ օրերուն հաւանաբար շատ չէինք կրնար ըմբռնել այդ դասապահի խորքային կարեւորութիւնը, սակայն այսօր` այո՛: Հոն էր, որ կը սորվեցնէին մեզի թէ ի՞նչ տեսակի քաղաքացիներ պէտք էր ըլլայինք, ինչպիսի՞ յարաբերութիւն եւ ներդրում ունենայինք մեր երկրին ու պետականութեան հանդէպ: Այս դասապահերուն մէջ չկար կրօնական բարոյագիտութիւն, բայց կար քաղաքացիական բարոյագիտութիւնը, ուր անհատը անկախ իր կրօնքէն եւ լեզուամշակութային ինքնութենէն պիտի սորվէր ըլլալ բարոյական չափանիշներով օժտուած քաղաքացի:
Բայց կ՛արժէ նաեւ նայիլ ու վերանայիլ Աստուածաբանական ու Աստուածաշնչական հասկացողութիւններուն, նոյնինքն փտածութեան ընդհանրական բացատրութիւններուն ընդմէջէն: Այս առումով երբեք մտահան պէտք չէ ընել, թէ Աստուածաբանութիւնն ու Աստուածաշունչը կը մտնեն մարդոց հաւաքական կեանքերուն մէջ եւ ունին ըսելիք ու կեցուածք` տիրող մտահոգութիւններուն նկատմամբ:
Աստուածաշունչին մէջ, փտածութիւնը մարդկային «մեղքի» ազդեցութիւններէն մէկն էր, որ հետեւանք էր նոյն մարդուն յանցագործութեան: Սկիզբէն Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, իմա` դրախտը, որ զուրկ էր ամէն նեղութենէ, հիւանդութենէ եւ մահէ: Բայց Ադամն ու Եւան «անհնազանդ» եղան Աստուծոյ ու «մեղքը» մտաւ «աշխարհին» մէջ: Այս մեղքն է, որ վարակուեցաւ ու հիւծեց Ադամն ու Եւան, ինչպէս նաեւ բոլոր մարդկութիւնը, որ յաջորդեց անոնց: «Վասնզի ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն` մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5:12): Փտածութիւնը Աստուածաշունչի մէջ բարոյական ու հոգեւոր «նեխածութիւն» եւ «անկում» է, որ կը բացատրուի ու կ՛արտայայտուի Աստուծոյ նկատմամբ մարդուն «անհնազանդութեամբ»:
Այդ երեւոյթը կը շարունակուի: Նոյի ժամանակ փտածութիւնը շատ աւելի սաստկացած էր: «Եւ երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ: Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականած էր, վասնզի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր»: (Ծննդոց 6:11-12):
Այս իմաստով, փտածութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է մահուան: Եթէ ոչ ֆիզիքապէս, բայց հոգեպէս: «Դուք յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք®» (Եփեսացիս 2:1): Եւ կը շարունակէին քալել նոյն ընթացքով: «Անոնց մէջ ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս®» (Եփեսացիս 2:2):
Բայց կայ մխիթարութիւնը եւ փտածութենէ դուրս գալու ելքը: «Բայց Աստուած, որ մեծ է ողորմութիւններով, իր առատ սիրովը, որով մեզ սիրեց, երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսին հետ կենդանացուց»: (Եփեսացիս 2:4):
Եւ այս առումով պիտք է հասկնալ, թէ ինչպէս փտածութեան ուժը կ՛անշարժանայ իմա` կը մեռնի, երբ Աստուծոյ ուժը ներմուծուի մեր կեանքերուն մէջ ու կեանք տայ մեզի:
Աստուծոյ ուժը` Բարին է, ու անոր ճամբան դժուար է: Բայցեւայնպէս կեանք կը պարգեւէ: Փտածութեան ուժը` չարն է ու անոր ճամբան դիւրին է…: Բայց եւ այնպէս կեանքեր կը քանդէ…:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, երբ հարց տրուեցաւ իրեն թէ ինչու՞ Թուրքիա տակաւին մինչեւ օրս Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած, ըսաւ.
«Ճանչնալ այն ամէնը որ սխալ գործեր ես` ըլլայ այդ սովորական կեանքի մէջ, ընտանիքի թէ բարեկամներու. ճանաչումը ուժ է: Եւ եթէ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այդ իրականութիւնը ճամբայ պիտի բանայ Թուրքիոյ` դառնալու համար ժողովրդավարական երկիր»: Պէտք է չարը ճանչնալը եւ զայն ընդունիլ իբրեւ սխալ, ինչպէս նաեւ բարին ընկալել իբրեւ ուժ է, որ կեանքեր կը պարգեւէ:
Ապահովութիւնը կամ խոստումը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ Աստուծոյ ուժը` Բարին, պիտի կարենայ յաղթել չարին, իմա` «վիշապին», որքան ալ դժուար ըլլայ անոր ճամբան: «Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ բանսարկու ու սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհը մոլորեցուց…» (Յայտնութիւն Յովհաննու 12:9):
Հետեւաբար, քիչ մը ամէն տեղ, որոնց մէջ նաեւ Լիբանան, տակաւին ոտքի կանգնած են անոնք, որոնք կ՛ուզեն «վար ձգել վիշապը», իմա` չարը, փտածութիւնը, որովհետեւ անոնք կը ցանկան ունենալ Բարին` կեանք պարգեւողը:
Բարին կերտելու համար մենք պէտք ունինք քաղաքակրթութեան մը, որ փտած չէ: Այլ քաղաքակրթութիւն մը, որ Բարին է ու կեանք կը պարգեւէ:
Բարին կերտելը դժուար ճամբայ է: Բայց այս դժուար ճամբան մեզ կը զօրացնէ: Զօրութիւն մը, որուն միջոցաւ կրնանք ըսել. «Ոչ` փտածութեան քաղաքակրթութեան»:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ