ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը զոհուած զինուորական ծառայողներու մարմիններու որոնման աշխատանքներ կը կատարէ Հադրութի շրջանին մէջ: Զանգելանի, Ֆիզուլիի, Ճեպրայիլի եւ Հադրութէն հարաւ գտնուող հատուածներուն մէջ այդ աշխատաքները չեն կատարուած տակաւին, այս գծով Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ատրպէյճանական կողմին միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին: «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին խօսեցաւ Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինի սպայ Յունան Թադեւոսեան:
«Մինչեւ այսօր իրականացուած որոնողական աշխատաքների արդիւնքում 655 մարմին արդէն յայտնաբերուել է եւ փոխանցուել է ծնողներին: Աշխատանքները Դեկտեմեբերի 1ին շարունակուել են Հադրութի շրջանում, փրկարարները Հադրութ քաղաք դեռ չեն մտել: 19 դի այդ շրջանում յայտնաբերուել է: Որոնողական աշխատանքները Հադրութի մերձակայ տարածքում այս պահին շարունակւում են», ըսաւ Թադեւոսեան՝ աւելցնելեվ. «Մենք ունենք որոնողական աշխատաքներ իրականացնելու ներուժը, խնդիրը բանակցող կողմինն է. ադրբեջանական կողմը թոյլ չէր տալիս որոնողական աշխատանքներ իրականացնել, բայց հիմա արդէն թոյլտուութիւն կայ: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ադրբեջանական կողմի բանակցութիւններն ընթանում»:
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի ըսաւ, որ հակամարտութեան կողմերը կ՛որոշեն ո՛ւր եւ ե՛րբ պիտի կատարուին որոնողական աշխատանքները, իսկ Կարմիր Խաչը միջնորդի եւ աջակիցի դերակատարութիւն ունի։