Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ծիրին մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն մասնակցութեամբ Քազանի խորհրդաժողովը իր շուրջ ստեղծած է շրջանային եւ միջազգային մտահոգութիւն: Ատրպէյճանական աղբիւրներու ձեռնարկած քարոզչական արշաւէն ի յայտ կու գայ , թէ լուրջ ակնկալութիւններ կան Քազանի խորհրդաժողվէն: Սակայն յայտնապէս մէկ բան յստակ է, որ հակամարտութիւնը հասած է այնպիսի հանգրուանի մը , ուր կողմերը կամայ թէ ակամայ պիտի երթան փոխզիջումներու ընտրանքին: Բանակցութիւններուն ընթացքին նաեւ սկսած են ի յայտ գալ Հայաստանի իրաւունքները իսկական պաշտպանող կողմերը ու երկդիմի քայլերով հակամարտութիւնը դէպի մագլցում հրահրողները: Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շատ յստակ կերպով Սթրազպուրկի մէջ բանաձեւեց այս իրողութիւնը երբ հակամարտութեան կարգաւորման մէջ դերակատարութիւն ստանձնելու հրաւիրեց Եւրոպական Միութիւնը, փոխարէնը՝ Միացեալ Նահանգներուն հասկցուց կարելի եղած չափով միջամուխ չդառնալ կարգաւորման գծով Ռուսիոյ քայլերուն…:
Հայաստանի նախագահը յստակօրէն շարադրեց իր մտքերը երբ ընդգծեց , թէ հակամարտութեան կարգաւորման համար պայման է , որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ունենայ իր խօսքը , այսինքն՝ հաշուի առնուի ազատ ինքնորոշման անոր իրաւունքը: Ատրպէյճանին կը մնայ ամէն բանէ առաջ հաշտուիլ այս իրողութեան հետ, որմէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ փոխադարձ զիջումներու մասին: Ատրպէյճանի կողմէ որեւէ տարբեր մօտեցում պիտի բերէ հակամարտութեան երկարաձգման: Իսկ ուժային ընտրանքը կրնայ աւելի կործանարար ըլլալ Ալիեւներու Հարստութեան համար:
Քազանի Խորհրդաժողովը հերթական մէկ համդիպումը պիտի դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորելու ուղղութեամբ, եթէ Ատրպէյճանի նախագահը փորձէ անգամ մը եւս խուսափիլ ճշմարտութենէն:
Ահարոն Շխրտըմեան
www.araraddailynews.com