Չորեքշաբթի, 1 փետրուար 2023-ի յետմիջօրէին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի նոր նշանակուած դեսպան Իպրահիմ Պըն Ապտել Ազիզ Սահլաուիի այցելութիւնը: Հանդիպման ներկայ էին Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Օմանի թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան:
Հանդիպումը տեւեց շուրջ երկու ժամ: Լայն քննարկումի ենթարկուեցան հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու թեմական կառոյցներուն, Լիբանանի այժմու կացութեան, նախագահական ընտրութեան եւ Քաթարի հայ համայնքին առնչուած հարցեր:
Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց միջկրօնական բնագաւառին մէջ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Քաթարի դրական դերակատարութեան եւ անոր ցուցաբերած լայնախոհ մօտեցումներուն նկատմամբ: Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը նամակ մը յանձնեց դեսպանին` ուղղուած Քաթարի էմիր Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիին: