Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Թուրքիան եւ Իսրայէլը բնական կազի Եւրոպական Միութիւն փոխադրութեան շուրջ կը բանակցին: Այս հարցին շուրջ ժողով մը որոշուած է հոկտեմբերին»:
Ան հարցումի մը պատասխանելով լրագրողներուն շեշտեց. « Բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են»:
Քալըն մայիսին նշած էր, որ «Արեւելեան Միջերկրականէն եկող կազը կրնայ Եւրոպական Միութեան ռուսական մատակարարումներուն այլընտրանք մը ըլլալ»` աւելցնելով. «Մենք պատրաստ ենք այդ հոլովոյթին մաս կազմելու»: