Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Ղարաբաղի խնդիրը վերցուած է, ինչ որ կը նշանակէ, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու ճամբուն վրայ ոչ մէկ խոչընդոտ կայ: Նախագահ Էրտողանը սկիզբէն ըսած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները զուգահեռ հարցեր են: Այսօր կողմերը արդէն նշանակած են երկխօսութեան յատուկ ներկայացուցիչներ: Կը կարծեմ, որ հոլովոյթը յառաջ պիտի երթայ կառուցողական եւ արագ կերպով: Հայկական կողմը ունի համապատասխան կամք. Անգարայի դիրքորոշումը նոյնպէս չափազանց բաց է», ըսած է Իպրահիմ Քալըն:
«Ի հարկէ, մենք կ՛ուզենք դիւանագիտական կապեր հաստատել եւ դրացի պետութեան հետ սահմանը բանալ: Ասիկա նախ եւ առաջ կը համապատասխանէ Հայաստանի շահերուն` փոքր ու աղքատ երկրի` դէպի ծով ելք չունեցող եւ փոքրաթիւ բնակչութեամբ: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ կապերու հաստատումը յատկապէս հայ ժողովուրդին օգուտ պիտի բերէ», ըսած է Էրտողանի մամլոյ քարտուղարը:
Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ հայկական սփիւռքը պէտք է կշռադատուած վերաբերի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան, ներառեալ չշահարկելով 1915-ի «մտացածին ցեղասպանութեան» նիւթը:
«Որոշ իրադարձութիւններ «ցեղասպանութիւն» կոչելը ոչ ոքի օգուտ կու տայ: Հարաւային Կովկասի մէջ նոր էջ բացուած է, եւ սփիւռքը պէտք է ատիկա գիտակցի», ըսած է Քալըն: