Գրեց՝ Սանահին Գասապեան – « ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
Ապրիլ ամսուն, պսակաձեւ ժահրի ճգնաժամի բուռն շրջանին, Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը կազմակերպած էր «ԽՕՍՔ ԱՌ» այժմէական նիւթերու մասին հայերէնով արտայայտուելու մրցոյթը։
Ստորեւ կը հրատարակենք մրցանակակիրներէն՝ Սանահին Գասապեանի գրութիւնը.-
Մտաւորականներու ներկայութիւնն ու շօշափելի դերը երթալով կը փոքրանայ աշխարհիս տարբեր քաղաքական գործերուն մէջ։ Ժամանակին՝ իւրաքանչիւր կարեւոր քաղաքական դէպքի մը ետեւ կար մտաւորականութիւն մը, իսկ այժմ՝ կան միմիայն քաղաքական անձնաւորութիւններ, երբեմն ալ՝ ժողովուրդ մը։
«Մտաւորական» բառացիօրէն կը նշանակէ «միտք ունեցողներու հոսանքին պատկանող»։ Որոշակիօրէն, «միտք ունեցող»-ի ընկերաբանական սահմանումները շատ են, սակայն բոլորին հասարակաց եզրը այն մարդն է, որուն գործը մտքի վարժութիւններ ընել է, մտքերը ձեւաւորել եւ զանոնք ներկայացնել հաւաքականութեան մը։ Ըստ ոմանց, մտաւորական մը իր մտքերուն իրագործման եւ անոր հետեւանքներուն պատասխանատւութիւնը չի կրեր, ըստ ուրիշներու՝ ընդհակառակը. մտաւորականը հանրութեան հանդէպ ունի պատասխանատւութիւններ։
Մտաւորականներու եւ քաղաքականներու միջեւ կապը միշտ այնքան ալ սերտ չէ եղած. մտաւորականները յաճախ համարուած են ու որոշ միջավայրերու մէջ կը շարունակեն համարուիլ հնազանդ ժողովուրդի մը ուղեղները ապականող անձնաւորութիւններ, հետեւաբար՝ ղեկավարներուն գործը դժուարացնողներ։ Այսպէս՝ Թուրքը Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման ծրագիրը սկսաւ հայ մտաւորականները ձերբակալելով եւ զանոնք ոչնչացնելով. Սովետ Միութեան եօթանասունամեայ կեանքին հիմնական ինքնապաշտպանողական զէնքերէն էին կազմակերպուած ինքնաշարժի արկածները արթնամիտ մարդոց դէմ եւ կամ՝ անոնց դէպի Սիպերիա աքսորը. Նելսոն Մանտելան իր ազատ գաղափարներով երբ իր շուրջը համախմբեց Հարաւային Ափրիկէի բոլոր Սեւամորթները Սպիտակամորթներու վարած ցեղային խտրականութեան քաղաքականութեան դէմ, գինը վճարեց 28 տարի բանտարկութեամբ։ Օրինակները տակաւին շատ են։
Սոյն գրութեամբ կ՚ուզենք մտածել այն պատճառներուն մասին, որոնք այսօր կը սահմանափակեն մտաւորականներու դերը, անդրադառնալով մտաւորականութիւն-քաղաքականութի ւն կապին անցեալին եւ այսօր, այս երկուքին ժամանակի ընթացքին կրած փոփոխութիւններուն, պատմական եւ այժմէական օրինակներ մէջբերելով։
Այս կապին մասնաւորապէս անդրադարձած է մտաւորական Միշէլ Ֆուքօն. ան 1970-ական թուականներուն եկած է այն եզրակացութեան, որ բացարձակ մտաւորականները այլեւս գոյութիւն չունին։ Ներկայի մտաւորականները ունին նոյն մարտահրաւէրները ինչպէս համայն մարդկութիւնը. աշխարհը կ՚երթայ դէպի մասնագիտացում, մտաւորաններն ալ իրենց կարգին կը մասնագիտանան եւ կը մտածեն միայն իրենց մասնագիտութեան ծիրէն ներս, ուղղուելով իրենց նման մասնագէտ-մտաւորականներու եւ ոչ՝ ժողովուրդին, ինչպէս որ սովորական էր ժամանակին։ Ֆուքոյի մտածումը մասամբ պատասխան կու տայ այն հարցին թէ ինչո՛ւ մտաւորականները նուազ ներկայ են աշխարհի տարբեր հանրային խնդիրներու մէջ։ Սակայն խնդիրն այն է որ անոնք նուազ կարեւոր չեն այսօրուան հանրութեան եւ քաղաքականներուն համար։ Աշխարհը միշտ կարիք ունի մտաւորականներու որպէսզի գաղափարներ եւ նոր արժէքներ շարունակեն ձեւաւորուիլ ու գոյութիւն ունենալ։
Իսկ եթէ՞ մտաւորականութիւն եւ քաղաքականութիւն միանային։ Հեռու չերթանք, անդրադառնանք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ղեկավար խաւին, որ կ՚ընդգրկէր շարք մը յայտնի մտաւորականներ։ Անշուշտ՝ մտաւորականութեան գործը սկսած էր շատ աւելի կանուխ, 19-րդ դարու երկրորդ կէսի «մտաւոր զարթօնք»-ով, ուր գրական ու պատմական գրութիւններ սկսած էին մշակել ազատագրութեան ու անկախութեան գաղափարներ, որոնք Օսմանեան կայսրութեան տարածքէն ներս բնակող Հայութեան եւ հայ համայնքի ղեկավարներուն ուղեղներուն մէջ մշակեցին ազգային ծրագիր մը։ Շարք մը քաղաքական դասաւորումներէ ու կազմակերպչական գործերէ ետք, երկար տարիներու ընթացքին մշակուած անկախութիւնը իրականութիւն դարձաւ 1918 թուին։ Այն տեւեց միայն երկու տարի, սակայն շատ բան փոխեց, որովհետեւ օրուան ղեկավար-մտաւորականները յաջողեցան ժողովուրդին ուղեղներուն եւ սրտերուն մէջ ամրապնդել հայրենասիրութիւնն ու անկախութեան գաղափարը, որոնք փոխանցուեցան սերունդէ սերունդ, հակառակ արգելք հանդիսացող բոլոր տարրերուն։ Եթէ 2018 թուին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխութիւն ու ժողովուրդը յաջողեցաւ տապալել եղծանուած իշխանութիւն մը, ան պատահեցաւ շնորհիւ Հայաստանի 1918-1920 թուականներու անկախութեան, ոչ իբրեւ դէպք, այլ՝ իբրեւ գաղափարական դպրոց, որուն ընթացքին, շնորհիւ մտաւորականներու տարած գործին, հայ ժողովուրդը ամրապնդեց իր անկախութեան հասկացողութիւնը եւ իւրացուց անոր կարեւորութիւնը։ Ան հասկցաւ թէ անկախութիւնը Սահմանադրութեան մէջ նշուած ու վաւերացուած բան մը չէ, այլ մտային ու կենցաղային իրականութիւն մը, նոյնքան ներքին որքան արտաքին, որը պէտք է մորթին վրայ զգալ։
Հայաստանի մէջ այսօր ալ գոյութիւն ունին շատ մը մտաւորականներ, որոնք ազատ ձեւով կ՚արտայայտեն իրենց գաղափարները։ Սակայն մտաւորականութեան եւ ղեկավարներուն միջեւ գործնական կապ մը չկայ։ Պետութիւնը կը քաջալերէ մտքի ազատութիւնը, բայց մտաւորականներուն ազդեցութիւնը ժողովուրդին վրայ սահմանափակ է։
Հայ ժողովուրդին հաւաքական ու ազգային բոլոր ծրագրերը մնացած են Ա. Հանրապետութեան շրջանէն։ Անոնք չեն հինցած, սակայն կան նոր մարտահրաւէրներ որոնց շուրջ ամուր ազգային ծրագրեր չկան։ Ազգային ծրագիր մշակելը մտաւորական գործ է, ոչ՝ քաղաքական։ Քաղաքականներու գործը միմիայն այդ ազգային ծրագրերուն ուղղութեամբ աշխատիլն է, ոչ զանոնք ձեւաւորելը։ Սակայն այսօր՝ ինչպէս պիտի տեսնենք սոյն գրութեան շարունակութեան մէջ, այդ պաշտօնը ամբողջ աշխարհի վրայ կիսատ ձեւով ստանձնած են քաղաքական անձնաւորութիւնները։
Լաւ հիմնաւորուած գաղափարներ, ինչ ոլորտի մէջ որ ալ ըլլան, կարիքը ունին որոշ ժամանակի մը, որպէսզի իւրացուին կառավարող խաւի մը կողմէ, եւ յետոյ՝ կիրարկուին կառավարիչ որեւէ մարմինի մը կողմէ, իրեն սահմանուած իշխանութենէն ներս։ Անշուշտ՝ անկէ առաջ, գաղափարներու հիմնաւորումն ալ իր կարգին մեծ աշխատանքի եւ ուսումնասիրութիւններու, հետեւաբար ժամանակի կարիքը ունի։
Մեր այսօրուան աշխարհի քաղաքական ընթացքը շատ արագացած է, բաղդատած անցեալին։ Արդի փոխադրամիջոցները, հաղորդակցական միջոցները, ամէն ձեւով աշխարհը երկվայրկեանի մը մէջ իրարու կապելու դիւրութիւնը իրենց ազդեցութիւնը ունեցան ամէն ինչի ու ամէն մարդու վրայ, ներառեալ՝ կառավարիչներուն եւ ժողովուրդին։ Ամէն բան արագացաւ, փոքր պատահար մը կրնայ քանի մը վայրկեանի մէջ ոտքի հանել ամբողջ աշխարհը, որեւէ հարցով։ Տեսէ՛ք թէ ինչպէ՛ս սեւամորթ Ամերիկացի Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը քանի մը ժամուան մէջ համախմբեց ամբողջ աշխարհը, ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի մը շուրջ։
Մտաւորական մը խորապէս ցեղապաշտութեան մասին մտածելու ու իր մտածումը հանրութեան հրամցնելու համար մէկ ժամուան փոխարէն քանի մը ժամ, նոյնիսկ՝ քանի մը օր կ՚ուզէ։ Փնտռտուքներ կատարելու ներկայ դիւրութիւնները, հաղորդման արագ միջոցները, վստահ որ կ՚արագացնեն մտաւորականի մը գործը, սակայն հարցի մը մասին խորապէս մտածելու համար, պէտք է նախ՝ որոշ ժամանակային հեռաւորութիւն հարց մը ճիշդ ձեւով ուսումնասիրելու համար, ապա՝ քիչ մը ժամանակ մտածումները ձեւաւորելու համար։
Մինչ այդ, քաղաքական անձնաւորութիւններ իրենց որոշումները կայացուցին ու անդրադարձները ունեցան Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան ու անմիջական հետեւանքներուն։ Մոռնանք այն իրականութիւնը որ Ամերիկայի ներկայ նախագահը, իրեն պէս շատերու նման, թքած ունի մտաւորականութեան վրայ, սակայն Ամերիկայի ոեւէ նախագահ ներկայ արագ աշխարհին վրայ չէր կրնար ինքզինքին թոյլ տալ ու սպասել մտաւորականներուն, երբ վայրկեանի մը մէջ, մէկ կողմէն՝ Ամերիկան աշխարհիս աչքին դարձած է քննադատութեան թիրախ իբրեւ ցեղապաշտ պետութիւն, միւս կողմէն՝ ամբողջ Ամերիկայի տարածքին տեղի կ՚ունենան բուռն ցոյցեր։ Լրագրողներէ անդին որոնք շատ արագ անդրադարձան եղածին ու դատապարտեցին զայն, մտաւորական մը պիտի անդրադառնայ աւելի բարդ հարցերու, ինչպէս՝ ինչո՞ւ այս դարուս տակաւին ցեղապաշտութիւն կայ աշխարհի վրայ. Սեւամորթները որքանո՞վ ներգրաւուած են ամերիկեան միջավայրերէ ներս. ցեղապաշտութիւնը կրնա՞յ օր մը բոլորովին վերանալ աշխարհէն. ստրկութեան ժամանակներէն մինչեւ այսօր, ցեղապաշտութենէն ի՞նչ փոխուած է եւ ի՞նչ մնացած է, եւ այլն։ Նման հարցումներու պատասխանելով, մտաւորականութիւնը կրնայ մէջտեղ բերել Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան եւ իրեն նման ուրիշներու ցեղապաշտութեան զոհ ըլլալու բուն պատճառները, եւ լուծումներ առաջարկել, լուծումներ որոնք կը համապատասխանեն ճիշդ հարցին, ոչ միայն երեւոյթին։
Դժբախտաբար քանի մը օրէն պիտի մոռցուի Ճորճ Ֆլոյտը, ուրիշ խնդիրներ մէջտեղ պիտի ելլեն, կառավարութիւնները պիտի ունենան այլ առաջնահերթութիւններ։ Մինչեւ մտաւորականութիւնը իր մտորումներուն պտուղը հրամցնէ աշխարհին, ուշ պիտի ըլլայ։ Ցեղապաշտութիւնը իբր հարց ալ պիտի մոռցուի, սակայն ցաւալին այն է, որ պիտի չդադրի գոյութիւն ունենալէ։ Այս դէպքերէն ներշնչուելով, խորհրդարաններ պիտի վաւերացնեն իրենց երկրորդ, երրորդ, հինգերորդ, տասներորդ, քսաներորդ օրէնքը որ կը դատապարտէ ցեղապաշտութիւնը, բայց առօրեայ վարուելակերպերու մէջ ան պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ մինչեւ այն ատեն որ մտաւորականութեան շօշափած հարցերը սեղանի վրայ չեն դրուած ու անոնց լուծում չէ բերուած։ Այդ գործերը պիտի կարդան միայն մտաւորականներ եւ հետաքրքրուող քանի մը անձեր, բայց ոչ ղեկավարները, ո՛չ ալ իրենց խորհրդատուները։ Անոնք ժամանակ չունին, պէտք է ազատել տնտեսութիւնը ամէն բանէ առաջ, ան շա՛տ ետ է պսակաձեւ ժահրին պատճառով…
Պահ մը խորանանք ժամանակի հարցին վրայ, որպէսզի հասկնանք թէ ան որքա՛ն կարեւոր տարր մըն է, եւ հիմնական պատճառներէն մէկը որ արգելք կը հանդիսանայ այսօր մտաւորականներուն, իրենց անցեալի ընկերային ու քաղաքական պաշտօնը լի ու լի կատարելու։ Առնենք պատմական օրինակ մը, որը աշխարհի ամէնէն յայտնի ու յաջող փորձերէն մէկը եղած է մտաւորականութեան դերը զգալի դարձնելու քաղաքական որոշումներու մէջ։ Այն օրինակն է՝ իշխանութիւններու բաժանումը Ֆրանսայի մէջ։
Փոքր փակագիծ մը – հետաքըրքրական է այն երեւոյթը, որ 1750-էն 1850 թուականներուն, Եւրոպայի բոլոր ժողովուրդները իրենց երկիրներու բարգաւաճման համար, ըլլայ ան՝ քաղաքական, մշակութային, գիտական թէ ընկերային, կը սկսին հաւատք ու վստահութիւն ցուցաբերել իրենց մտաւորականներուն եւ կասկածի տակ կ՚առնեն իրենց միապետները, փոխանակ անոնց վստահելու, հանգրուան մը որ այսօր հանրածանօթ դարձած է «Լուսաւորութեան դար» անուան տակ։ Փակենք փակագիծը։
Ֆրանսայի մէջ, միապետութենէ ժողովրդավարութիւն անցումը եղաւ հիմնականը մտաւորականներու գործը։ Ֆրանսական յեղափոխութեան քաղաքական ու ժողովրդային պատրաստութիւններն ու փորձերը տեւեցին 10 տարի, սակայն մտաւորականները անոր վրայ աշխատած էին նախապէս 70 տարի։ Մոնթեսքիէօն, իր «Օրէնքներու շունչէն» («De l’esprit des lois») գիրքին վրայ, որուն մէջ կը ներկայացնէ իշխանութիւններու բաժանումը, աշխատեցաւ 14 տարի, իր կարգին ներշնչուելով գրեթէ ժամանակակից անգլիացի մտաւորական՝ Ճոն Լոքէն, եւ հնադարեան փիլիսոփայ՝ Արիսթոթէն։ Իր նախնիներու սահմանած բաժանումները ան յարմարցուց Արեւմուտքի, յատկապէս՝ Ֆրանսայի պահանջներուն, 14 տարուան մէջ։ Գործը լրացաւ 1748-ին, եւ միացաւ այն ժամանակուան եկեղեցւոյ կողմէ արգիլուած գրութիւններու ցանկին։ Նշենք՝ որ եկեղեցի եւ պետութիւն մէկ էին։
Սակայն 1789-ին, Մոնթեսքիէօի գործը իր տեղը գտաւ ֆրանսական յեղափոխութենէն յետոյ՝ Ա. Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ, երբ պաշտօնապէս նախկին միապետութիւնը բաժնուեցաւ երեք իշխանութիւններու. գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական։ Յեղափոխութենէն առաջ ալ, ան շատ կարեւոր դեր խաղաց ժողովուրդին մտքին մէջ իտէալ պետութեան մը ձեւաւորման գծով, ժամանակակից շատ մը ուրիշ մտաւորականներու կողքին։
Պէտք է ընդունիլ, որ եթէ եւրոպական պետութիւններու դրութիւնները մինչեւ այսօր այնքան ամուր են, պատճառն այն է որ մտաւորականները ամբողջովին վերատեսութեան ենթարկած են նախկին միապետական համակարգը, անոր բոլոր թերութիւնները հարցադրման վերածելով ու անոնց պատասխաններ գտնելով, այլընտրանքներ առաջարկելով։
Երբ ուշադրութեամբ կարդանք Ֆրանսայի Ա. Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը, իւրաքանչիւր նիւթի մէջ կը գտնենք մտաւորականի մը գործը։ Այսօր Ֆրանսայի Ե. Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը արդէն քսանէ աւելի բարեփոխումներու ենթարկուած է, սակայն Ա. Սահմանադրութեան մտաւորականներու գաղափարները տակաւին ամբողջովին ներկայ են։ Աւելցուած ու ժամանակի ընթացքին ջնջուած կամ բարեփոխուած մասերը զուտ քաղաքական ժամանակավրէպ որոշումներ են, որոնք կը համապատասխանեն ճշգրիտ պահանջի մը, որոշ դրութեան մը տակ։
Այսօրուան մեծ յեղափոխութիւններուն ի՞նչ կը պատահի։ Տեղացի մտաւորականներուն առիթը կը տրուի՞ իրենց երկիրներու նոր դրութեան մասին մտածելու։ Տեսէ՛ք թէ ի՛նչ կը պատահի Իրաքի մէջ 2003 թուականէն ի վեր, 2010 թուականէն ի վեր արաբական շարք մը պետութիւններէ ներս, ուր միապետութիւններ տապալեցան։ Աշխարհի մեծ պետութիւնները ձեռք դրած են բոլոր երկիրներուն վրայ, ժողովրդավարութիւն քարոզելով։ Պէտք է առիթ տալ իւրաքանչիւր երկրի մտաւորականութեան որ կարենայ մտածել իր երկրի քաղաքական համակարգին մասին, մեկնելով նախկին փորձառութիւններէ, ընկերային պահանջներէ, սկզբունքներէ եւ պատմական արժէքներէ։ Բայց աշխարհի դրութիւնը փոխուած է։ Քաղաքական բոլոր որոշումները մնացած են մեծ պետութիւններու ղեկավարներուն ձեռքը եւ կ՚ենթարկուին միմիայն անոնց տնտեսական շահերուն։ Մտաւորականները անտեսուած են այս ղեկավար խաւին կողմէ, նախ եւ առաջ՝ որովհետեւ ժամանակ չկայ կորսնցնելիք, չեն կրնար սպասել մտաւորականներուն, առիթը կը փախցնեն ի նպաստ ուրիշ պետութիւններու։ Երկրորդ՝ որովհետեւ մտաւորականներուն առաջարկները միշտ չէ որ կը համապատասխանեն մեծ պետութիւններու շահերուն։
Ֆրանսական յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ մտաւորականութիւնը իր նախապատրաստական գործը վերջացուցած էր։ Արաբական յեղափոխութիւնները տեղի ունեցան ժողովրդական ընդվզումի մը հետեւանքով, սակայն առանց որեւէ յետին ազգային ծրագրի։ Միապետութիւնները տապալեցան, անկէ յետոյ՝ ժողովուրդը չէր գիտեր թէ ի՛նչ է իր ուզածը, ինչ որ առիթ տուաւ օտար պետութիւններուն ձեռք դնելու այս երկիրներուն վրայ եւ անոնց անկայուն հիմերը աւելի անկայունացնելու։
Մտաւորականները տակաւին կան, գոյութիւն ունին, կը գրեն, կը տպուին, կ՚արտայայտուին կայքերու վրայ, ընկերային ցանցերու միջոցաւ, սակայն անոնք հանրածանօթ դէմքեր չեն։ Անոնք կը պատկանին բոլորովին անջատ միջավայրի մը, բաղկացած ուրիշ մտաւորականներէ։ Բացի այն բանէն որ անոնց մտածումները նկատի չեն առնուիր ղեկավարներու կողմէ, անոնք հասանելի չեն նաեւ հասարակ ժողովուրդին, հետեւաբար՝ անոնց կարեւոր ազդեցութիւնը հանրութեան մէջ հաւաքական մտածողութիւն, արժէքներ եւ ապագայի ծրագրեր մարմնաւորելու մէջ, ժամանակի ընթացքին կը պակսի ու օր մը կրնայ երբեք գոյութիւն չունենալ։
Ի՞նչ կը պատահի եթէ օր մը աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր գաղափարները դառնան իրենց դարուն անյարմար ու չփոխարինուին նոր գաղափարներով։ Մտաւորականներն են որ մեկնելով հասարակ թուող տուեալներէ, կը ստեղծեն ժողովրդային իտէալներ, գաղափարական երազներ։ Գոյատեւելու համար, իտէալի մը հասնելէ յետոյ պէտք է նոր իտէալ մը, աւելի՛ լաւը, աւելի՛ բարձրը։ Ինչ կը վերաբերի մեր սկիզբի սահմանումին ու մտաւորականներու պատասխանատւութեան հարցին, մեր առաջարկը պիտի ըլլայ այն, որ մտաւորականի մը միակ ուղղակի պատասխանատւութիւնը նոր իտէալներու գոյութիւնը ապահովելն է, որպէսզի մարդկութիւնը զուրկ չմնայ գաղափարականութենէ, իմաստ մը տայ կեանքին ու հարստացնէ իր գոյութիւնը։ Ինչպէս իւրաքանչիւր անհատ ունի իր երազները որոնք կը բարեփոխուին տարիքի ու հասունութեան բերմամբ, նոյնն է նաեւ պետութիւններու պարագային։ Համամարդկային արժէքներէ անդին, իւրաքանչիւր պետութիւն պէտք է ունենայ իր իտէալը, իր երազները, իր ծրագիրը, որոնք այսօր աւելի ու աւելի անհրաժեշտ են, համաշխարհայնացումի շրջանին ինքնութիւն պահելու համար։
* * *
Այս գրութեան մէջ բազմաթիւ կողմերէ դիտեցինք ու սերտեցինք ժամանակի ու տեւողութեան տուեալները, մէջտեղ բերելով քաղաքական գործի մը եւ մտաւորական գործի մը տեւողութիւններու տարբերութիւնը, եւ շահերու առաջնահերթութիւնները, որոնք իրարու չեն համապատասխաներ 21-րդ դարու դրութեան մէջ։ Իսկ եթէ պահ մը կասկածի տակ առնենք մտաւորականութիւնը եւ ոչ՝ ղեկավարները, ի՞նչ պիտի ըլլար մեր հարցին պատասխանը։ Աշխարհի մը վրայ որ ամէն բան ժամանակի ընթացքին կը պարզացուի, մտաւորականներու գործերը կը մնան շատ բարդ ու յաճախ անհասանելի համայն մարդկութեան, ինչ որ կրնայ պատճառ մը ըլլալ որ մտաւորականները անտեսուին։ Թերեւս մտաւորականութիւնն ալ պէտք է իր գործն ու առաքելութիւնը պատշաճեցնէ ներկայ պայմաններուն։ Միթէ այս կարեւոր գործը չկատարելով, մտաւորականները իրենք զիրենք ինքնաբերաբար չե՞ն լճացներ մասնագիտական միջավայրերու մէջ։
Մտաւորականութեան սահմանած իտէալներու անհասանելի ըլլալը շատ անգամ մարդկութիւնը աւելի յուսահատեցուցած չէ՞, քան մխիթարած, որուն հետեւանքով հասարակութիւնը կրնայ կորսնցուցած ըլլալ մտաւորականութեան հանդէպ իր վստահութիւնն ու անկէ սպասումները։
Իրաւացի հարցադրումներ, որոնք մտածել կու տան ներկայ մտաւորականութեան թերութիւններուն մասին, առանց հարցականի տակ դնելու անոր կարեւորութիւնը, որոնց կ՚անդրադառնանք ուրիշ առիթով։