ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Զարմանալի չէ, որ Իսրայէլ վերջապէս համոզուեցաւ, թէ որպէսզի իր հիւսիսային շրջանը կայունութիւն ապրի, ապա սուրիական բանակը պէտք է իր հակակշիռին տակ առնէ սահմանային շրջանը: 2011-էն միչեւ մայիս 2018, Իսրայէլ, երբեմն տատամսելով, ամէն ջանք ի գործ դրաւ տկարացնելու նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը: Կ՛ըսեմ` տկարացնել եւ ոչ թէ` տապալել, որովհետեւ եթէ Իսրայէլ այդ մէկը որոշէր, ապա ուղղակի կրնար օժանդակել ընդդիմադիր զինեալ խումբերուն եւ վտանգել Դամասկոսը: Սակայն Իսրայէլի կառավարութիւնը աւելի մեղմ քաղաքականութիւն վարեց` գումակային եւ հետախուզական օժանդակութիւններ տրամադրելով այդ խումբերուն, որ ճնշում բանեցնէ Դամասկոսի իշխանութեան վրայ:
«Հաարեց» օրաթերթին համաձայն (3 յուլիս 2018), Իսրայէլ նախագահ Ասատը կը փափաքի տեսնել երկրի ղեկավարութեան վրայ: Նախ` որովհետեւ նախքան 2011 ան զինադադարէն անդին գացած ու խաղաղութիւն հաստատած էր, եւ երկու երկիրները` Սուրիա եւ Իսրայէլ կարիքը ունին Ռուսիոյ: Ասատ կարիքը ունի Ռուսիոյ, որպէսզի երկրին մէջ խաղաղութիւն հաստատէ, սուրիական բանակն ալ` վերստին վերահսկէ երկրին տարածքներուն, իսկ Իսրայէլ` դիմադրելու համար իրանեան զինուորական ներթափանցումին: Փութին շատ արագ ձեւով կրցաւ Սուրիոյ աշխարհաքաղաքականութիւնը իր քաղաքականութեան պատանդը դարձնել Միջին Արեւելքի մէջ:
Ռուսիոյ համար Իսրայէլի քայլը ողջունելի է. երկու երկիրները զգուշութեամբ կը մօտենային իրանցի զինեալներուն, եւ ռուսական ճնշումով անոնք քաշուեցան դէպի հիւսիս: Իսրայէլի համար ասիկա ընդունելի էր, որովհետեւ սուրիական բանակին մուտքով պիտի հաստատուէր 2011-ի սթաթիւս քոն: Սակայն սուրիական բանակին մուտքը Տարաա` անհանգստացուց Յորդանանի թագաւորը, եւ պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին, որ այս հարցով անմիջապէս հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան ռուսական եւ յորդանանեան կողմերուն միջեւ:
Չորեքշաբթի Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարը Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ իր ռուս գործընկերոջ` Սերկեյ Լաւրովի հետ: Երկու կողմերը քննարկեցին Սուրիոյ հարաւի իրադարձութիւնները, որոնց պատճառով, ըստ «Պի. Պի. Սի.»-ի (3 յուլիս 2018), մօտ 270 հազար գաղթականներ ուղղուեցան դէպի յորդանանեան սահման: Պէտք է նշել, որ ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, արդէն իսկ 650 հազար սուրիացի գաղթականներ արձանագրուած են Յորդանանի մէջ: Հետեւաբար Յորդանանի համար գաղթականներուն հոսքը տնտեսական ծանր կացութեան պիտի ենթարկէ երկիրը:
Յորդանան, որ տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու միջոցով կ՛օժանդակէր սուրիական ընդդիմադիր խմբակներուն, այսօր մինակ մնաց, երբ Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ ոչ մէկ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ զինեալ խումբերուն, որոնք կը գտնուին երկրին հարաւը: Ասիկա մղեց, որ թէ՛ Յորդանանը եւ թէ՛ ընդդիմադիր զինեալ խումբերը բանակցութեան մէջ մտնեն Ռուսիոյ հետ:
Ըստ երեւոյթին, Սուրիոյ հարաւն ալ լուծում մը գտաւ, եւ ռուսական հովանաւորութեամբ եւ իսրայէլեան համաձայնութեամբ սուրիական բանակը մօտիկ ապագային իր հակակշիռին տակ պիտի առնէ հարաւը` հասնելով մինչեւ Կոլանի գրաւեալ տարածքները: