ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Չինաստանը այսօր միջազգային քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ իր հաստատուն տեղը ունեցող երկիր է: Փորձագէտներու գնահատականներով, անիկա իր տնտեսական ուժով մօտակայ 20 տարուան մէջ պիտի գերազանցէ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական ուժը:
Հայ-չինական յարաբերութիններուն մասին գրելը բաւական խոր պատմագիտական ուսումնասիրութեան կը կարօտի: Այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ, թէ վերջին տասնամեակին ի՛նչ ոլորտներու մէջ զարգացան այդ յարաբերութիւնները, եւ թէ ինչպէ՛ս ապագային Հայաստանը կրնայ օգտուիլ անոնցմէ:
Հայ-չինական յարաբերութիւնները զարգացած են առեւտրական, մշակութային եւ քաղաքական-ռազմական ոլորտներու մէջ:
Ըստ հայաստանեան պաշտօնական վիճակագրութեան, Չինաստան Հայաստանի հետ առեւտուրի երկրորդ մեծագոյն գործընկերն է, եւ վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը 50 առ հարիւրով աճ արձանագրած է` հասնելով 342 միլիոն տոլարի:
6 ապրիլ 1992-ին երկու երկիրները հաստատեցին դիւանագիտական յարաբերութիւն, իսկ 2015-ին վերելք ունեցաւ այդ յարաբերութիւնը, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Փեքին, ուր երկու երկիրները կնքեցին առեւտրական եւ զինուորական համաձայնագիրներ:
Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութեան իբրեւ արդիւնք` Չինաստան 5 միլիոն եուանի (շուրջ 823 հազար տոլար) չափով ռազմական նուիրատուութիւն տրամադրեց հայկական բանակին: Յայտնենք նաեւ, որ Հայաստանը Չինաստանէն գնած է WM-80 «Թայֆուն» համազարկային հրթիռային համակարգեր («Ռազմինֆօ», 11 ապրիլ 2017):
Փեքին ա՛լ աւելի խորացուց իր մուտքը Երեւան, երբ անցեալ տարի սկսաւ կառուցել իր նոր եւ հսկայ (40.000 քառ. մեթր) դեսպանատունը Երեւանի մէջ: Այս դեսպանատունը պիտի դառնայ նախկին խորհրդային երկիրներու մեծագոյն երկրորդ դեսպանատունը:
Անցեալ շաբաթ բացուեցաւ «Հայ-չինական բարեկամութեան» դպրոցը, որ կարելիութիւնը ունի ընդունելու հարիւրաւոր հայ աշակերտներ` սորվելու համար չինարէն Երեւանի մէջ: Դպրոցի բացման ներկայ էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Չինաստանի դեսպան Թիան Էրլոնկը:
Ըստ չինական պաշտօնական աղբիւրներու («Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայան, 22 օգոստոս 2018), աւելի քան 12 միլիոն տոլար ծախսուած է, որպէսզի կառուցուի այս հսկայ դպրոցը, որ պիտի կարենայ ընդունիլ 10-18 տարեկանի 405 աշակերտ: Դպրոցին նպատակն է չինարէնի մասնագէտներ պատրաստել Հայաստանի մէջ: Երկու կողմերը գնահատեցին այս քայլը. Հայաստանի վարչապետը զայն որակեց իբրեւ «ռազմավարական մտածողութեան սկզբնական քայլ մը», ան նաեւ շեշտեց, որ երկու կողմերը ունին հասարակաց շահեր: Սակայն վաչապետը նաեւ անդրադարձաւ, որ այս դպրոցին առաքելութիւնը մշակոյթէն անդին է եւ ունի տնտեսական հեռանկար: Հայաստանի մէջ չին զբօսաշրջիկներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ, հետեւաբար չինարէնին տիրապետելով Հայաստանը հրապուրիչ պիտի ըլլայ չիներուն համար, որոնք դիւրութեամբ պիտի կարենան հաղորդակցութեան մէջ մտնել Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ:
Այստեղ կարեւոր է նշել նաեւ, որ 2012-էն սկսեալ Չինաստան Հայաստանին տրամադրած է 37 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն, մասնաւորապէս` մարդասիրական ոլորտին մէջ:
Ըստ Սիմոն Սարաջեանի «Հայաստան եւ Չինաստան` փաստարկներ յատուկ համագործակցութեան օգտին» ուսումնասիրութեան, Հայաստան-Չինաստան յարաբերութիւնները պէտք է ունենան նաեւ ռազմավարական հեռանկար:
Սարաջեանը կը հաւատայ, որ ռազմական ոլորտին մէջ կապերը ամրապնդելու համար, օրինակ, Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ դիտարկել հայկական զինուորական ստորաբաժանումը չինական զօրակազմին կցելու կարելիութիւնը, երբ Չինաստան յաջորդ անգամ որոշէ զօրքեր առանձնացնել ՄԱԿ-ի հովանիին տակ իրականացուոող գործողութիւններու համար: Եթէ հայ խաղաղապահները գերմանական հրամանատարութեան տակ կրնան մասնակցութիւն ունենալ ՕԹԱՆ-ի գործողութիւններուն Աֆղանիստանի մէջ, ապա ինչո՞ւ չմասնակցին ՄԱԿ-ի գործողութիւններուն` չին հրամանատարներու ղեկավարութեամբ:
Աւելի՛ն. Չինաստանը աւելի շահագրգռուած կ՛ըլլայ Հայաստանի անվտանգութեամբ եւ զարգացումով, եթէ քանի մը հազար չին գիւղացիներ աշխատին հայկական գիւղատնտեսական հողերուն մէջ, ուր աշխատուժի պակաս կայ: Անշուշտ մեր նպատակը հայ հողագործը չին հողագործով փոխարինելը չէ, սակայն ինչպէս այլ երկիրներու մէջ, ուր մարդուժի պակաս կայ, քանի մը տարուան ընթացքին կարելի է Հայաստանի գիւղատնտեսութիւնը զարգացնել շնորհիւ չին հողագործներուն:
Վերջապէս, Չինաստանը կ՛ապրի տնտեսական եւ ռազմական վերելքի մը, եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է լաւապէս գիտակցի այս իրողութեան: Հայաստանը պէտք է փնտռէ այլ գործընկերներ` միջազգային յարաբերութեան մէջ, եւ ինչ որ Արեւմուտքը կամ Ռուսիան չկարենան մեզի հրամցնել, կարելի է Չինաստանին դիմել` մեր ուզածը ձեռք ձգելու համար: