Քաղաքական դէտեր կը յայտնեն, թէ Լիբանանի տագնապը կրնայ միջազգայնանալ եթէ տեղական կուսակցութիւնները, հոսանքներu եւ կազմակերպութիւնները չկարենան համաձայնութիւն գոյացնել իրենց միջեւ: Ոմանց կարծիքով նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի պատուիրակին Լիբանան կատարած այսօրուան այցելութիւնը միջազգայնացման առաջին քայն էր: Այս մտահոգութիւնը կրնայ փարատիլ շուտափոյթ կառավարութեան կազմութեամբ ( Al Nashra ԿԱՅՔ):
Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ժողովուրդային ցոյցերուն 27-րդ օրը, ցուցարարները փորձեցին փակ պահել երկրին մայրուղիները: Պէտք է ըսել, որ ճանապարհներուն մեծամասնութիւնը մնաց փակ: Ցուցարարները նստացոյցեր կազմակերպեցին պետական հաստատութիւններուն առջեւ, որոնց մէջ՝ կրթական նախարարութեան, մայրաքաղաք Պէյրութի, Սուրի, Սայտայի, Զահլէի արդարադատութեան կառոյցներուն առջեւ, ինչպէս նաեւ բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու շէնքերուն առջեւ: Ցոյցերուն կը մասնակցին ժողովրդային խաւի տարբեր զանգուածնր՝ աշխատաւորներէն մինչեւ համալսարանականները:
Լիբանանի դրամատուները այսօր՝ Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2019-ին մնացին փակ:Ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ դատական հայց բարձրացուց Պէյրութի քաղաքապետութեան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէն մէկուն դէմ: Ենթակային անունը առայժմ կը պահուի գաղտնի:
Միւս կողմէ, Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքան որոշեց շարունակել անցնող Շաբաթ օր սկսած գործադուլը, մինչեւ անոնց պահանջերուն իրականացումը:
Լիբանանի փռապաններու սենտիքայի նախագահ Քազեմ Իպրահիմ բացառեց հացի տագնապին մասին տարաձայնութիւնները, նշելով, թէ երկրին մէջ առկայ են մեծ քանակութեամբ ալիւրի պաշարներ: Այսուհանդերձ ան ցաւ յայտնեց, որ տոլարով ներածելու հարցը տակաւին կը սպասէ իր լուծումին: (Աղբիւր՝ Lebanon Debate ԿԱՅՔ):
Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն, Պաապտայի պալատին մէջ այսօր՝ Երեքշաբթի ընդունեց Լիբանանի Օգնութեան Համախմբումի անդամ պետութիւններուն դեսպանները: Աուն դիտել տուաւ, թէ Լիբանան մօտ օրէն պիտի ունենայ նոր կառավարութիւն մը, որ պիտի ձեռնարկէ բարեկարգութիւնները: (Աղբիւր՝ Lebanon Files ԿԱՅՔ):
Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն, այսօր՝ Երեքշաբթի երեկոյեան, Պէյրութի ժամով՝ 8.30-ին ուղերձ մը պիտի յղէ լիբանանցիներուն: Քաղաքական որոշ դէտերու կարիքով, նախագահ Աուն պիտի տայ նոր կառավարութիւն կազմելու խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները սկսելու ազդանշանը:
Ան Նահար ծանօթ օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութիւնը առնչուած է Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի ներկայութիւնը աստիճանաբար տկարացնելու Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան հետ: Ուաշինկթըն, կը փորձէ Լիբանանի ժողովրդային ցոյցերը օգտագործել կամ շահարկել տկարացնելու Լիբանանի մէջ Իրանի դաշնակից Հըզպալլային դիրքերը: Ուաշինկթըն եւ Լիբանանի անոր դաշնակիցները կը պահանջեն ոչ քաղաքական եւ ոչ կուսակցական դէմքերէ բաղկացած կառավարութիւն մը: Այս պահանջը կրնայ շատ իրաւացի թուիլ առաջին մեկնաբանութեամբ, սակայն անոր մէջ պահուած է Հըզպալլան թուլացնելու գաղտնիքը: