Բաւական ուշագրաւ միջադէպ մը պատահեցաւ անցեալ Երկուշաբթի, 5 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ: Այսպէս կոչուած՝ Անոնիմոսներու Օրը: Նախկին բանտարկեալ Շանթ Յարութիւնեան՝ քանի մը տասնեակ իր կողմնակիցներուն գլուխը անցնելով, արշաւ մը կազմակերպեց Ազատութեան հրապարակէն դէպի Մաշտոց պողոտայ: Յարութիւնեանին թիրախը յստակ էր: Իշխանափոխութիւն: Անոր կարծիքով, ժամանակը հասած էր ձերբազատելու գործող իշխանութիւններէն … այդ պատճառով ալ, Յարութիւնեան իր համախոհներուն ընկերակցութեամբ՝ փայտը ձեռքերնին վերցուցած, իշխանութիւններու դէմ բացագանչութիւններով, նախ ուղղուեցան Մաշտոց պողոտայ, ապա փորձեցին «դուրս գալ» արշաւին համար տրամադրուած սահմաններէն..: Այստեղ ոստիկանութիւնը միջամտեց: Որու՞ն մտքէն պիտի անցնէր, որ ցուցարարները իրենց գրպաններէն պայթուցիկ նիւթեր պիտի արձակէին ոստիկաններուն ուղղութեամբ: Ոստիկանութեան եւ Անոնիմոսի մունետիկներուն միջեւ բախումը սաստկացաւ: Ոստիկանութիւնը՝ մահակներով, յեղափոխականները՝ փայտերով…: Իսկական ճակատում մը տեղի ունեցաւ Մաշտոց պողոտային մէջ: Ոստիկանութիւնը բնականաբանար ձերբակալեց Անոնիմոսի սպասարկուները: Վիրաւորները փոխադրուեցան հիւանդանոց:
Միջադէպէն ետք, Շանթ Յարութիւնեան սկսաւ փնտռել ինքնարդարացումի ճանապարհներ: Ան յայտարարեց, թէ ինք նախապէս զգուշացուցած էր իշխանութիւնները՝ երրորդ ուժերու միջամտութիւններէն..: Սակայն ան մոռցաւ, որ Անոնիմոսեան արշաւի նախօրեակին, հեռատեսիլի , մամուլի եւ համացանցային կայքերու միջոցով, սպառնագին կը խօսէր յեղափոխութիւն իրականացնելու իր մտադրութեան մասին, աւելցնելով, թէ բազմաթիւ զօրակցողներ ունէր իր ետին… որոնք կ’առաջարկէին՝ պենզինի շիշերով եւ այլ պայթուցիկներով աջակցիլ … յեղափոխութեան: Նոյնինքն Յարութիւնեանն էր, որ քանի մը օր առաջ կը յոխորտար, թէ տակաւին կանուխ էր բացայայտելու յեղափոխութեան իր քայլերը, բայց անհրաժեշտութեան պարագային, պատրաստ էր պենզինի շիշերով գրաւելու ներքին գործոց նախարարութեան, ազգային անվտանգութան, Սահմանադրական Դատարանի շէնքերը եւ բանտերը:
Հայաստանի իշխանութիւնները քիչ մը ուշացած հակազդեցին: Կ’ենթադրեմ, որ միջոցներ կը գտնուէին նախապէս իրազեկ դառնալու եւ առնուազն կանխելու պենզինի շիշերու երեւոյթը: Բարեբախտաբար, նորօրեայ Տոն Քիշոթը եւ անոր հետեւորդները կը գտնուին կալանքի տակ: Ոստիկանութիւնը զգուշացուց խստագոյնս վարուիլ ապօրէն քայլերու հանդէպ: Շանթ Յարութիւններնի «փայտերու յեղափոխութիւնը» սանձահարուեցաւ: Ինք եւ հետեւորդները պիտի ներկայանան ատեանի առջեւ:
Այստեղ անհրաժեշտ է բարձրաձայն կարգ մը հարցումներ յղել առ որ անկ է: Առաջին հարցումը զորս կը փափաքինք ուղղել՝ այսօրինակ այլանդակութիւնները, ո՞ր ժամանակներէն սկսած են տեղ գրաւել Հայաստանեան օրացոյցերու վրայ: Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան, ազատութիւններու եւ ժողովրդավարութեան դիմակի տակ ծպտեալ սրսկումները, կաթիլ առ կաթիլ կ’այլասեռեն մեր ազգային, պատմական եւ մշակութային աւանդութիւնները, կ’աւաղաղեն ու կը խաթարեն մեր բարոյական չափանիշները: Տուեալ պարագային, Անոնիմոսներու օրը, ուր՝ դիմակներով իրենց ինքնութիւնը պահած անձիք արդարութիւն պիտի պահանջեն աշխարհի իշխանութիւններէն: Դիմակներու անհրաժեշտութիւն չենք տեսներ ընկերային արդարութիւն եւ կենցաղային պայմաններու բարելաւում պահանջելու, իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը քննադատելու համար , մանաւանդ երբ համընդհանուր է բողոքը եւ ինչպէս Անոնիմոսի հայաստանեան բջիջի ներկայացուցիչը կ’ըսէր՝ իր ետին ունէր բազմաթիւ համախոհներ: Եթէ իսկապէս կը վայելէր ժողովրդային լայն խաւերու զօրակցութիւնը, կարելի էր հոծ հաւաք կազմակերպել ու քաղաքակիրթ կերպով ներկայացնել այն պահանջները, զորս փայտերու օգնութեամբ պիտի փորձէր «հասկցնել» իշխանութիւններուն: Արդար պահանջի համար ինչո՞ւ դիմել դիմակներու օգնութեան, դառնալ՝ անդիմագիծ: Քաղաքական պայքարը առաջին հերթին կ’ենթադրէ խիզախութիւն: Հետեւաբար, ինչո՞ւ ծածկել դէմքը: ՇԱտ աւելի նախընտրելի պիտի ըլլար, եթէ Շանթ Յարութիւնեան իր ետին կեցած ուժերուն համոզէր, առանց՝ դիմակախաղերու, յստակօրէն արտայայտուիլ պահանջներու մասին, որոնք կրնան եւ ըլլալ արդար: Երկրորդ՝ Շանթ Յարութիւնեանը անհրաժեշտ է հարցաքննել՝ բացայայտելու կամ դիմակազերծելու անոր ետին կեցող ուժերը: Որո՞նք են այն ուժերը, որոնք Շանթ Յարութիւնեանի ձեռքով կը փորձէին տաք շագանակ վերցնել կրակին մէջէն:
Շատ տարօրինակօրէն, Յարութիւնեանի «յեղափոխութենէն» քանի մը օր ետք, միջադէպին տարողութիւնը մեղմացնելու նպատակով, քաղաքական կարգ մը ուժեր, ոստիկանութեան բռնութիւնները սկսած են դարձնել քննադատութեան թիրախ: Անկասկած դատապարտելի է քաղաքացիներու դէմ անտեղի բռնութիւնը, բայց այս պարագային, ոստիկանութիւնը ինք անակնկալի մատնուած էր Յարութիւնեանի «տղոց» արձակած պենզինի շիշերէն… եւ վերջապէս, ո՞վ հրահրեց այս բոլորը, եթէ ոչ՝ Անոնիմոսի ձեռնասուն: Խաղաղ հանրահաւաքի պարագային, ոչինչ պիտի սպառնար քաղաքացիներուն:
Տակաւին, անտեսելով կատարուած միջադէպին լրջութիւնը, ոմանք քաղաքական բանտարկեալի տարազ կը փորձեն ձեւակերպել Շանթ Յարութիւնեանին: Շանթը ձերբակալուած է, ոչ այն պատճառով, որ սեփական քաղաքական հայեացքները կը քարոզէր, այլ՝ պենզինի շիշերով եւ փայտերով զինուած Շանթը, իշխանութիւններուն դէմ բռնութեան կոչ կ’ուղղէր ժողովուրդին…: Լուրջ յանցագործութիւն կատարուած է Երեւանի Մաշտոց պողոտային մէջ: Շանթ Յարութիւնեան եւ անոր նման խափանարարները հաշուետու պիտի մնան արդարութեան առջեւ, որպէսզի յետագային չծլին նոր Շանթիկներ..:
Իւրաքանչիւրս կրնանք բարեփոխութիւններ պահանջել Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններէն: Իւրաքանչիւրս կրնանք ունենալ ծով վերապահութիւններ: Իւրաքանչիւր հաւաքականութեան եւ քաղաքական հոսանքի արդար իրաւունքն է, իր տեսանկիւնէն մեկնելով, քննադատել տիրող առօրեան ու պայքարիլ ընկերային, կենցաղային անիրաւութիւններու դէմ, բայց ոչ՝ Շանթ Յարութիւնեանի անդիմագիծ ճանապարհներով:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ