Քաղաքական բեմի խմորումները դէպի մագլցում կ’ընթանան Լիբանանի մէջ: Լարուածութիւնը եւ անհանդուրժողութիւնը հասած են հանգրուանի մը, կարծէք չըլլային միջին լուծումներ: Ի՞նչ են տագնապին պատճառները. Այլընտրանքնե՞ր ժողովրդավարութեան, հզօր պետականութեան դէմ , թ՞է աւելի խորքային հակասութիւն մը: Ժամանակակից պատմութեան առաջին իսկ օրերէն Լիբանանի դիմագիծը միշտ ալ խնդրոյ առարկայ դարձած է անոր զաւակներուն համար:
Երեսունական եւ քառասունական թուականներուն, այսօրուան Թրիփոլիի բնակիչները մէկէ աւելի առիթներով հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքը յայտարարած են իբրեւ Սուրիոյ անբաժան մէկ մասնիկը: Փաստօրէն անոնք մերժած են ճանչնալ ֆրանսական եւ արեւմտեան հոգատարութիւնը եւ Սուրիոյ հետ միացումին տեսած են իրենց գոյութեան երաշխիքը: Ոչ ոք կրնայ ժխտել այս իրողութիւնը: Այս՝ տակաւին այն օրերուն, երբ Սուրիա կ’ապրէր զինուորական յեղաշրջումներու, քաղաքական անկայունութեան ժամանակաշրջան մը: Ի միջի այլոց, Լիբանանի սիւննի համայնքն էր իր անվտանգութեան երաշխիքը Սուրիոյ մետ միցումին մէջ տեսնողը: Քրիստոեաները յարած էին «Մայր Ֆրանսա»յի հոգատարութեան: Արեւմտեան որեւէ միջամտութիւն կը նկատուէր Լիբանանի արաբականութեան դէմ ուղղուած հարուած: Այդպէս էր լիբանանի քաղաքական բեմին պատկերը ոչ շատ հեռու անցեալին: Այսօր, դերակատարները փոխուած են, բայց հարցը կը մնայ միեւնոնը: Լիբանանցիներու մէկ մասը Սուրիոյ մէջ կը տեսնէ արաբական դիմագիծին պաշտպանութիւնը, միւսը՝ արեւմուտքին: Հինէն ի վեր միշտ ալ եղած են միջին եզրեր գտնելու փորձեր, համայնքներու եւ քաղաքական հոսանքներու միջեւ վստահութեան կամուրջները վերականգնելու ճիգեր, սակայն հակամարտութեան հիմնապատճառը կը մնայ միեւնոյնը: Փոխադարձ անվստահութիւնը եւ բեւեռացումը կը շարունակուի լիբանանեան համայնքներու միջեւ: Քիչեր մտածած են ազգային արժանապատուութեան, գերիշխան եւ ինքնուրոյն պետականութիւն ստեղծելու մասին: Սայքս Փիքոյի համաձայնագիրով աւազի վրայ ստեղծուած արաբական պետութիւններէն իւրաքանչիւրը Աքիլեսի Քարշապար մը պահ դրած է արեւմտեան պետութիւններուն մօտ, որ անհրաժեշտութեան կ’օգտագործուի անոնց դէմ: Ո՞վ ստեղծած է այսօրուան Լիբանանը, Իսրայէլի պետութիւնը, Սուրիան, Յորդանանը, Աէուտական Արաբիան, Քուէյթը, մնացեալ արաբական թագաւորութիւնները, միապետութիւնները, զինուորական եւ միակասուակցական հասարակապետութիւնները եթէ ոչ՝ արեւմուտքը: Ո՞վ շահագործած է արաբական աշխարհի բնական հարստութիւնները եւ կը շարունակէ շահարկել արաբական աշխարհի դիրքն ու հարստութիւնները եթէ ոչ՝ արեւմուտքը: Ո՞վ ստեղծեց Իրաքի, Եմէնի, Իրանի եւ Լիպիոյ մենատիրութիւնները եթէ ոչ՝ արեւմուտքը: Այսօր միեւոյն արեւմուտքը ժողովրդավարութեան սգեմ հագած գաղութատիրական նոր եղանակներով կը շարունակէ թալանել արաբները, միւս կողմէ կ’անտեսէ Իսրայէլի դէմ արաբական աշխարհի արդար իաւունքները:
Մեր Կուսակցութիւնը երբեւիցէ չէ պաշտպանած մենատիրութիւնները, ոչ ալ ժողովուրդի շահերը կեղեքող եւ անոնց իրաւունքները շահարկող վարչակարգերը: Մեր կուսակցութեան պատմութիւնը անիրաւութիւններու դէմ պայքարի ու նահատակներու խորհրդանիշ մըն է: Մենք չենք կրնար անտեսել այն իրողութիւնը, որ Միջին Արեւելքի ամբողջատիրական եւ աւատատիրական պետութիւններու մեծամասնութիւնը արեւմուտքի օրհնութեամբ ձեւաւորուած հասարակապետութիւններ են: Խաւաքարտի վրայ յենած լիբանանեան ժողովրդավարութիւնը բացառութիւն չի կազմեր այս իրողութենէն: Լիբանանի պարագային՝ համայնքներուն մեծամասնութիւնը խաղաթուղթ կը ծառայէ արեւմտեան եւ շրջանային պետութիւններու հաշուարկներուն մէջ: Փոքր ցնցում մը բաւարար է ալեկոծելու անոր քաղաքային անդորրը:
Լիբանանի քաղաքական առօրեան թեւակոխած է բաւական ճակատագրական հանգրուան մը: Միջազգային Ատեանը ֆինանսաւորելու յանձնառութիւնը նոյնիսկ միեւնոյն զօրանոցի դաշնակիցներու միջեւ յառաջացուցած է ճեղքեր: Ընդդիմութեան կարծիքով, Ատեանին ֆինանսաւորումը անվերանայելի յանձնառութիւն մըն է որեւէ կառավարութեան համար: Գործող կառավարութեան մաս կազմող կարգ մը հոսանքներ նոյնպէս իրենց ձայնը կը միացնեն Ատեանը ֆինանսաւորելու ընդդիմութեան պահանջին: Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մտադրած է կառավարութեան այս շաբթուան գումարելիք նիստին օրակարգերուն վրայ դնել ֆինանսաւորման հարցը՝ կերպով մը ապացուցելու, թէ հաւատարիմ կը մնայ Ատեանը ֆինանսաւորելու նախապէս տուած իր խոստումին: Վարչապետը կերպով մը պատասխանատուութեան կը հրաւիրէ նորաստեղծ մեծամասնութիւնը: Ամալ, Հըզպալլա եւ Ազգային Ազատ Հոսանքը ընդհանրապէս կը մերժեն քննարկել այս օրակարգը: Ընդդիմութիւնը վարչապետէն կը պահանջէ յարգել իր խոստումը, այլապէս՝ հրաժարիլ: Վարչապետը նոյնպէս կը սպառնայ ներկայացնելու հրաժարականը՝ նախարարաց խորհուրդին մէջ անոր առաջարկը մերժուելու պարագային: Խորհրդարանի նախագահը կ’առաջարկէ նախ համաձայնութիւն գոյացնել խմբաւորումներուն միջեւ, ապա յ դնել օրակարգի վրայ: Ինչպէ՞ս լուծել անելային այս հարցը, մանաւանդ, որ վարչապետին կողմէ հրաժարելու քայլ մը անորոշութեան գիրկը կրնայ խրել երկիրը: Հրաժարականին կրնայ յաջորդել ապահովական մագլցումներով յղի քաղաքական պարապութիւն մը: Շաբաթավերջին, բրիտանական կառավարութեան անդամ մը Սուրիան եւ Լիբանանը զգուշացուց քաղաքացիական պատերազմի մը սպառնալիքէն: Շրջանային լարուածութեան այս թէժ պահուն նման արկածախնդրութիւն մը կործանարար պիտի ըլլայ Լիբանանի համար:
Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս մենք կը դատապարտենք քաղաքական ոճիրներու մշակոյթը: Տարակարծութիւններ պիտի ըլլան ինքնաբերաբար, տեսակէտներու տարբերութիւն՝ նոյնպէս, սակայն ոճիրներու եւ սպանութիւններու մշակոյթը պիտի մնայ խորթ եւ անընդունելի:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com