Շաբաթավերջին քաղաքացիները շարունակեցին իրենց հայեացքները կեդրոնացնել բարեփոխման յոյս ներշնչող «աւետիս»-ի մը վրայ` մէկէ աւելի մարզերու մէջ տիրող յուսալքիչ մթնոլորտի լոյսին տակ: Փաստօրէն, քաղաքացիներուն մտավախութիւնները հաստատող հարցերը օր ըստ օրէն առաւել եւս կը բարդանան:
Արդարեւ, երկրի քաղաքական, դատական, ընկերային-տնտեսական, կենցաղային եւ ընտրական թղթածրարները առանցքը կազմեցին երկրի վարիչներու խորհրդակցութեանց: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի լուսարձակէ հեռու խորհրդակցութիւններու ձեռնարկեց` ապահովելու համար կառավարութեան գործունէութեան վերաշխուժացումը: Վարչապետը վերահաստատեց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը մտադիր չէ հրաժարելու եւ ճիգ պիտի չխնայէ հարթելու ցցուող խոչընդոտները:
Միւս կողմէ, մէկէ աւելի պաշտօնական թէ դէտերու մեկնաբանական տուեալներու համաձայն, լուսարձակէ հեռու սերտ ճիգեր կը տարուին հարցերը հարթելու եւ կառավարութեան նիստերը գումարելու` հրատապ առկախ հարցերու լուծման համար: Կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասին անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան նիստերու վերաշխուժացումը` դիտել տալով, որ տակաւին կառավարութեան նիստի գումարման գծով որեւէ հրաւէր-շրջաբերական չեն ստացած: Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար, Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ անցնող շաբթուան դէպքերը ժխտական անդրադարձ ունեցան երկրի քաղաքական դրութեան եւ յատկապէս կառավարութեան գործունէութեան վրայ` դիտել տալով, որ ինք եւ կարգ մը այլ նախարարներ ճամբորդ են, եւ հաւանական նկատեց, որ կառավարութեան լիագումար նիստ գումարուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, «եթէ դէպքերը դրական ընթանան»: Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութեանց գծով նախարար Պու Հապիպ խիստ հաւանական նկատեց, որ այդ քայլը սկսի յառաջիկայ ամիս, եւ կողմերը համաձայնութեան մը յանգին այս տարեվերջին: Միջազգային կարգ մը ազդու կազմակերպութիւններ իրենց օժանդակութիւնները յատկացնելու համար նախապայման կը նկատեն խոստացուած բարեկարգումներու իրագործումը:
Միջազգային ընտանիքը նաեւ անուղղակի լուրջ ճնշումներ կը բանեցնէ խորհրդարանական ընտրութիւններու ճշդուած ժամկէտին կայացման առնչութեամբ: Այս իմաստով կը նախատեսուի, որ վաղը` երեքշաբթի, 26 հոկտեմբերին, խորհրդարանական յանձնախումբերը քննարկեն նախագահ Միշել Աունի կողմէ խորհրդարան վերադարձուած ընտրական օրէնքին գծով երեսփոխաններուն առաջադրած թելադրանքները: Կարգ մը աղբիւրներ հաւանական կը նկատեն, որ յանձնախումբերը անփոփոխ պահեն ընտրութիւնները 27 մարտ 2022-ին կայացնելու գծով իրենց նախկին թելադրանքները: Իսկ ըստ այլ աղբիւրներու, հաւանական է, որ յանձնախումբերը թելադրեն խորհրդարանական ընտրութիւններու նոր թուական` 5 մայիս 2022-ը, փոխան 27 մարտ 2022-ի: Ընտրութեանց կայացման վերջնական ժամկէտը 15 մայիս 2022-ն է: Այս հարցը (չյետաձգուելու պարագային) կրնայ վճռուիլ յառաջիկայ հինգշաբթի, խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, որուն հրաւէրը ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Ըստ կարգ մը իրազեկ աղբիւրներու, ընտրութիւններուն գծով մտավախութիւններ կան, որ անոնք յետաձգուին կամ տեղի չունենան, յատկապէս եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլ նշեալ թելադրանքները մերժող գրաւոր բողոք ներկայացնէ, ինչ որ ընտրութիւններու կայացման ճակատագիրին վճռումը կը փոխանցէ Սահմանադրական խորհուրդին, նախագահ Աունի կողմէ վերանայուելէ ետք: Նոյն ծիրին մէջ, նախկին նախարար Մարուան Շարպելի կարծիքով` ներկայ խորհրդարանը իրաւասու չէ նոր նախագահ ընտրելու: Ան հաստատեց, որ ընտրութիւնները պիտի կայանան 15 մայիս 2022-ի ժամկէտէն առաջ` դիտել տալով, որ պատժական ծանր տնօրինում պիտի որոշուի ընտրութիւնները արգելակող անձնաւորութիւններուն դէմ: Նմանապէս, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան որոշուած թուականին: Ըստ լիբանանեան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ համամիտ են Ազգային ազատ հոսանքի ընտրութեանց յետաձգման պահանջին` նախատեսուող ընտրութիւնները կայացնելու յառաջիկայ մայիս 2022-ին, «սակայն ինչպէ՞ս», հարց կու տան անոնք: Իրազեկ աղբիւրներ մտավախութիւն կը յայտնեն ներքին պառակտումի սաստկացման գծով:
Վճռելի հրատապ ու առանցքային հարց է նաեւ Թայյունէի դէպքերուն գծով բացուած հետաքննութիւնը, որ սուր բանավէճի դուռ բացած է առնչակից կողմերուն միջեւ, ուր իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ հակադիր կողմին վերագրել նշեալ դէպքերուն պատասխանատուութիւնը` տալով համապատասխան հիմնաւորումներ: Ցարդ արգելափակուած են 17 կասկածելիներ: Այս գծով դատաւոր Ֆատի Աքիքի, որուն վստահուած է այս թղթածրարին հետաքննութիւնը, իրաւասու է հարցաքննութեան կանչելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, ինչ որ կրնայ «բռնկեցնել» որոշ զգայնութիւններ` անոր կուսակիցներուն եւ համակիրներուն մօտ: Աւելի՛ն, ըստ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու, բարձրաստիճան զինուորական դատաւոր մը մօտերս պիտի ուղղուի Մաարապ, ուր պիտի հարցաքննէ Սամիր Ժահժահը: Սակայն այս գծով երեսփոխան Ֆատի Սաատ անհաւանական նկատեց նման քայլ մը` նշելով, որ «որեւէ տեղեկութիւն չեն ստացած» տակաւին:
Այս գծով նոյնպէս, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին ընդունեց բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննեց այս դէպքին եւ այլ յարակից հարցեր: Այս մասին հարցապնդուելով, նախկին նախարար Սըժաան Քազզի պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ զօր. Աունի եւ Ռայի պատրիարքին միջեւ խօսակցութիւնը դռնփակ էր: Քազզի այս գծով պահանջեց դատական արդար մօտեցում ցուցաբերել` դիտել տալով, որ կարելի չէ անտեսել տեսերիզներով փաստարկուած յանցագործները եւ մեղադրել անհիմն տուեալներով մատնանշուող կասկածելի մը: Քազզի Լիբանանի մէջ քրիստոնեաները իրաւազրկուած նկատեց` յիշեցնելով 1958-ի, 1975-ի եւ յարակից դէպքեր:
Կը մնայ նշել, որ նոյնքան կարեւորութեամբ հրատապ կը նկատուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած` դատաւոր Թարեք Պիթարի «հեռացման» հարցը, որուն գծով եւս սուր բանավէճ սկսած է: Կարգ մը կողմեր կը պահանջեն անոր «հեռացումը» կամ փոխարինումը մէկ այլ դատաւորով: Իսկ այլ կողմեր կը շարունակեն իրենց զօրակցութիւնը դատաւոր Պիթարին` մերժելով զայն փոխարինել կամ հեռացնել: Այս գծով Ռայի պատրիարքը մերժեց Պէյրութի նաւահանգիստի թղթածրարին ու Թայյունէի դէպքերուն գծով բացուած հետաքննութեան միջեւ համախոհական փոխանակում կատարել:
Նաեւ` Տնտեսական Առումով
Հրատապ հարց է նաեւ` երկրի կենցաղային ապրուստի տնտեսական իրավիճակը, ուր լիբանանեան թղթոսկին կը շարունակէ իր գահավիժումը ամերիկեան տոլարին դիմաց` հասնելով 20 հազար 500 ոսկիի սահմանը, «տոմինոյի» քարերու նման իրեն հետ գլորելով առնչակից այլ` վառելանիւթի, երթեւեկի, ուտեստեղէնի, ճարտարարուեստի, մինչեւ իսկ կրթական մարզերը: Այս իմաստով տնտեսական փորձագէտներու յոռետես կանխատեսումներով, ամերիկեան տոլարին սակագինը մինչեւ տարեվերջ կրնայ բարձրանալ 30 հազարի եւ անկէ ետք` 50 հազար լիբ. ոսկիի: Ելեկտրածին շարժակներ կրնան դադրեցնել ելեկտրական հոսանքի հայթայթումը, ինչպէս «գուժեց» երէկ շարժակներու սեփականատէրերու համախմբումի նախագահ Ապտօ Սաատէ, որ այս ընթացքով մէկ քիլոուաթի սակագինը նախատեսեց 6 հազար լիբ. ոսկի: Երթեւեկի գծով, յառաջիկայ չորեքշաբթի «ընդհանուր ցասումի օր» յայտարարած են վարորդները: Իսկ կարգ մը վարժարաններու պատկան մարմիններ կը մտադրեն նուազեցնել առկայ դասընթացքի օրերը` երթեւեկի համապատասխան վառելանիւթի չգոյութեան կամ սղաճի պարագային:
Փոխադարձաբար, կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, թէ լուսարձակէ հեռու ճիգ կը տարուի աշխատանքի առկայ ներկայութեան օրերու հաշուարկով հարիւր հազար լիբ. ոսկի յատկացնել իբրեւ փոխադրածախս: Այս քայլը կը նախատեսուի պետական մարզի պաշտօնեաներուն համար, որուն գծով Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար պահանջեց ամէնօրեայ փոխադրածախսը հարիւր հազար լիբ. ոսկիի փոխարէն բարձրացնել 120 հազար լիբ. ոսկի: Իսկ սեփական մարզի պարագային այս կարելիութիւնը քննելի է աշխատաւորներու եւ գործատէրերու միջեւ խորհրդակցաբար: