31 հոկտեմբերին Լիբանան ժամադրուած է հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեամբ: Այս ժամկէտին ընդառաջ արդէն իսկ թափ առած է քաղաքական ու սահմանադրական սուր բանավէճ` առնչակից տարակարծիք կողմերու միջեւ, որոնցմէ ոմանք կը սպառնան 31 հոկտեմբերին «փողոց իջնել», եթէ մինչ այդ առկախուի նախագահական ընտրութիւնը եւ այդ աթոռը թափուր մնայ: Այլ խումբեր սահմանադրական յօդուածներու հիմնաւորումով «ապօրինի» կը նկատեն նախագահ Աունի Պաապտայի պալատին մէջ պաշտօնավարութիւնը 31 հոկտեմբերի ժամկէտէն ետք: Այս ծիրին մէջ, վարչապետ Նէժիպ Միքաթի վերահաստատեց, որ 31 հոկտեմբեր 2022-ին երկրի իշխանութիւնը կը փոխանցուի ընթացիկ հարցերու կառավարութեան, եթէ մինչ այդ նոր նախագահի ընտրութիւնը առկախուի կամ ձգձգուի: Իսկ նոր նախագահի ընտրութեան գծով արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ են կարգ մը թեկնածուներու անուններ, որոնց կարգին` իգական սեռի երկու դէմքեր: Այս ծիրին մէջ Մարատա հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Սլէյման Ֆրենժիէ պատրաստակամութիւն յայտնեց իր գլխաւորած դաշինքի երեսփոխաններու չորս ձայները «նուիրել» իր մրցակից թեկնածու` Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլին, եթէ այս վերջինը կարենայ ապահովել 61 երեսփոխաններու ձայները եւ զինք (Պասիլը) նախագահ ընտրել բացարձակ մեծամասնութեամբ:
Նախքան Այդ
Նախքան այդ, կողմերուն հայեացքները սեւեռած են հարաւային Լիբանանի ջրային սահմանագծումի հարցին վրայ, որ նոյնքան կարեւոր «խաղաքարտ» կը թուի ըլլալ երկրի կայունութեան ամրագրման իմաստով: Այս ծիրին մէջ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ մագոգային այցելութիւններ տուաւ նախագահ Միշել Աունին եւ ապա խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու անոնց ներկայացուց սահմանագծումի հարցով ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի Լիբանան այցելութեան գծով նորագոյն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց` ամերիկացի բանագնացի Պէյրութ ժամանումը կը նախատեսուի այս շաբաթավերջին կամ աւելի կանուխ` ըստ անոր ունենալիք այլ խորհրդակցութեանց տեւողութեան: Պու Սաապ այս առիթով կոչ ուղղեց շատ չխանդավառուելու` սպասելով կայանալիք բանակցութեանց արդիւնքներուն:
Մինչ Այդ Ապրուստի Հարցերը`
Առանցքային Պահանջ
Քաղաքական ու սահմանադրական բանավէճին զուգահեռ, իրենց ապրուստի առօրեայ հոգերով ծանրաբեռնուած քաղաքացիներ շարունակեցին երէկ իրենց բողոքի եւ ընդվզումի ելոյթները զանազան մարզերու մէջ` բողոքելով տիրող տնտեսական անտանելի պայմաններուն դէմ: Այս ծիրին մէջ քաղաքացիներ երէկ կէսօրէ ետք բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին եւ փակեցին Թրիփոլիի «Նուր» հրապարակը` պատկան պատասխանատուներէն պահանջելով բարելաւել տիրող տնտեսական պայմանները:
Այլ շրջաններու մէջ քաղաքացիներ ընդվզեցան ամերիկեան տոլարին սրընթաց սլացքին եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման դէմ, որ իր կարգին կ՛արժեզրկէ իրենց լիբանանեան դրամանիշով հատուցուող ամսաթոշակները: Անոնք պահանջեցին հսկել ու արգիլել սպառողական տարրական ապրանքներու գծով արձանագրուող սանձարձակ սղաճը: Նշենք, որ ամերիկեան տոլարը երեքշաբթի օր շրջանցեց 35 հազար լիբանանեան ոսկիի սահմանը, ապա թեթեւ նահանջ արձանագրեց, իրարանցումի մատնելով սպառողական շուկայի սակագիները:
Միւս կողմէ, խումբ մը ցուցարարներ բողոքի ելոյթ մը ունեցան Արդարութեան պալատի մուտքին` պահանջելով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան բերումով արգելափակուած նաւահանգիստի պատասխանատուներէն Պատրի Տահերի ազատ արձակումը: Այս գծով իմացուեցաւ, թէ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի Դատական իշխանութեան գերագոյն ատեանի նախագահ, դատաւոր Սուհէյլ Ապպուտին յղած է նամակ մը` պահանջելով Պէյրութի նաւահանգիստի հետաքննութեան գծով դատաւոր Թարեք Պիթարը առժամաբար փոխարինող նոր դատաւոր մը նշանակել, մինչեւ դատաւոր Պիթարի իր պաշտօնին վերադարձը: Այս գծով կը նախատեսուի, որ նշեալ ատեանը երեք դատաւորներու անուններ առաջարկէ արդարութեան նախարարին, որ իր կարգին անոնցմէ մէկը պիտի ընտրէ իբրեւ դատաւոր Պիթարի տեղակալ: Նշենք, որ նոր դատաւորի նշանակման պարագային, անոր հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով երկար ատենէ ի վեր արգելափակուած պաշտօնեաներու պարագաները, որոնց կարգին` Պատրի Տահեր եւ 17 ուրիշներ:
Հաղորդակցութեան Միջոցներու Եւ
Համացանցի Գծով Եւս
«Օժերօ» ընկերութեան պաշտօնեաներու գործադուլը զգալիօրէն կազմալուծած էր երկրի հաղորդակցութեան մարզի գործունէութիւնը: Այս գծով վարչապետ Միքաթի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ «Օժերօ»-ի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ քննեցին գործադուլի պարագան` յոյս յայտնելով, որ ամէնէն կարճ միջոցին կիրարկուին առնուած որոշումները` պաշտօնեաներու ամսաթոշակներու բարելաւման եւ հաղորդակցութեան թէ համացանցի խանգարուած սարքերու նորոգման գծով:
Նաեւ` Կրթական Մարզին Գծով
Այն միջոցին, երբ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներ եւ կարգ մը վարժարաններու ուսուցիչներ կը սպառնան դասադուլի դիմել` պահանջելով իրենց ամսաթոշակի բարելաւումը, նմանապէս եւ ուսանողներ կը պահանջեն իրենց կրթաթոշակներու «պատշաճ» համեմատութեամբ յաւելումն ու գրենական պիտոյքներու եւ անձնակազմի ներկայութիւնը, կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի երէկ ընդլայնուած հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի եւ արտաքին երկիրներու դեսպաններու եւ նուիրատու կազմակերպութիւններու հետ, որոնք տրամադրութիւն յայտնած են օժանդակելու լիբանանեան կրթական մարզին: Աւելի քան երեք ժամ տեւած խորհրդակցութեանց ընթացքին քննարկուեցան կրթական մարզի վերաշխուժացման կարիքներն ու զանոնք ապահովելու գործնական քայլերը եւ ծրագիրները: Նմանապէս, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այցելեց կրթական նախարարութիւն եւ մօտէն հետեւեցաւ տիրող կացութեան: Ապա ան մասնակցեցաւ նշեալ ընդլայնուած ժողովին` վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը` կրթական տարեշրջանը վերսկսելու ճշդուած ժամկէտին: Այս առիթով վարչապետ Միքաթի եւ նախարար Հալապի լաւատեսութեամբ արտայայտուեցան հանդիպումի արդիւնքներուն գծով` յոյս յայտնելով, որ ընթացիկ տարեշրջանին կրթական մարզը վերադառնայ իր բնականոն ընթացքին: