ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բեմադրիչ Ճօ Պերլինկըրի պատրաստած վաւերագրական ֆիլմը՝ «Intent to Destroy: Death, Denial & Depiction» («Քանդելու Մտադրութիւն. Մահ, Ուրացում Եւ Նկարագրում») «Էմմի»ի մրցանակին թեկնածու դարձաւ 25 Յուլիսին, պատմական վաւերագրական ֆիլմերու բաժանմունքին մէջ։
Նշենք, թէ անցեալ տարուան Յուլիսին ֆիլմը ցուցադրուեցաւ «Սմիթսոնիըն» թանգարանին մէջ։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց, թէ ֆիլմը պէտք է շահի այս մրցանակը, ոչ միայն այն պատճառով, որ անիկա լաւապէս կը բանայ պատմութեան ծալքերը, այլ նաեւ, որովհետեւ ուժեղ հարուած մը կը հասցնէ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն:
Վաւերագրական նշեալ ֆիլմը ծնունդ առած է «Խոստումը» շարժապատկերի արտադրութեան օրերուն, երբ Պերլինկըր ոչ միայն վաւերագրած էր ֆիլմին նիւթը, այլ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին զրոյցներ ունեցած էր շարք մը մտաւորականներու, պատմաբաններու եւ արուեստագէտներու հետ:
Նշենք, որ ֆիլմին երաժշտութեան հեղինակն է յայտնի երաժիշտ Սերժ Թանքեան։
«Էմմի» մրցանակներու յանձնումը տեղի պիտի ունենայ 24 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի «Լինքըն» կեդրոնին մէջ։