ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը բռնութեան եւ դաժան փորձութեան հետեւանք էր: Նախախնամութիւնը Յայտնութեան օրէն ի վեր կայսրութիւններու միջեւ կռուախնձորի ճակատագիր սահմանած էր մեր հայրենիքը: Ապրեցանք եւ պիտի գոյատեւենք մարդկային քաղաքակրթութեան ամենվայրագ ցեղին դրացնութեամբ: Ցեղ, որուն տարերքը եղած են սպանդն ու քանդումը:
«Յեղափոխութիւններու դար»-ը եւրոպական ցամաքամասէն ծիլեր արձակեց Օսմանեան կայսրութեան ուղղութեամբ: Միքայէլ Նալպանտեանի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի, Րաֆֆիի, Խրիմեան Հայրիկի, Գրիգոր Արծրունիի նման նշանաւոր գաղափարախօսներ հայրենասիրութեան հուր վառեցին ազատատենչ հայորդիներու հոգիներուն մէջ: Վերատեսութեան ենթարկուեցան մեր ժողովուրդին իրավիճակը, գոյութիւնը, իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Հայութիւնը վերածնունդ ապրեցաւ Պոլիսէն Վան, Թիֆլիսէն Կարս ու Երեւան:
Հորիզոնի վրայ յայտնուեցան մեր քաղաքական կուսակցութիւնները: Յաջորդեցին հայ ազատագրական շարժումի ինքնաբուխ պոռթկումները` ուղղուած օսմանեան բռնակալութեան դէմ: Իմացեալ մահուան ճամբան բռնել ուխտեցին գաղափարի հազարաւոր հայորդիներ: Բոլորին իտէալը` հայրենիքի ազատութիւնը:
Ազգային ազատագրական պայքարի էջերը թերթելու միջոցին բաւական խորթ եւ անհասկնալի գտած եմ տառապող հայութեան պոռթկումը նսեմացնելու միտող կամ մեր ժողովուրդին ազատագրական շարժումը արժեւորելու գնահատականներուն մէջ հատուածական, յաճախ ալ հեգնական մեկնաբանութիւնները: Այդպիսի դժգոհութիւն զգացած եմ Սարգիս Կուկունեան մարդուն եւ գործիչին տրուած գնահատականներու հանդիպելով:
Կուկունեանը իր ժամանակաշրջանի յեղափոխաշունչ երիտասարդութեան տիպարն էր:
Կուկունեանը (իսկական մականունը` Աւետիսեան) ծնած է 23 յունուար 1863-ին, Նախու գաւառի Նիժ գիւղին մէջ, ներկայիս` Ազրպէյճան: Չքաւոր ընտանիքի զաւակ: Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն վտարուելով` Թիֆլիսի զինուորական դպրոցին մէջ կը փորձէ բախտը: Ըմբոստ պատանին դարձեալ կը մերժուի: Ի վերջոյ, հնար մը գտնելով, ազգանունը կը փոխէ եւ իբրեւ Սարգիս Կուկունեան կ՛աւարտէ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը:
Կուկունեան իր ապրուստը ուսուցչութեամբ կը հոգար: Ուսման ծարաւը Ս. Փեթերսպուրկ կը տանի զինք: Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ նախ ընկերային նիւթերու կը հետեւի, ապա` արեւելեան լեզուներու: Թարգմանութիւններ կը կատարէ պալքանեան ազգերու ազատագրական պայքարէն: Նիւթական ծանր պայմաններու մէջ կը պահպանէ իր գոյութիւնը: Այդ միջոցին կը ծանօթանայ լեհ եւ պուլկար յեղափոխական ուսանողներու, կը տեղեկանայ անոնց երկիրներուն ազգային պայքարին: Կը թրծուի յեղափոխական-ազատական գաղափարներով: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կը մասնակցի ուսանողական ցոյցերուն` կեանքի մեծագոյն նպատակ ունենալով Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութիւնը:
Կուկունեանի մէջ հետզհետէ կը զարգանայ դէպի Արեւմտեան Հայաստան արշաւ կատարելու գաղափարը` օգնութեան հասնելու օսմանեան հայաջինջ բռնատիրութեան տակ հիւծող իր հայրենակիցներուն:
Կովկաս վերադառնալով` կը լծուի Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան շարժումին: Ծանօթութիւն կը հաստատէ հայ մամուլի երախտաւոր, ազգային գործիչ Գրիգոր Արծրունիի հետ: Տեսնելով թիֆլիսահայ երիտասարդութեան ոգեւորութիւնը, հարիւրէ աւելի զինեալներու ջոկատ մը կազմելով` կը փորձէ Կարսի ճանապարհով անցնիլ Արեւմտահայաստան, յարձակումներ գործել թրքական հաստատութիւններու վրայ: Կուկունեան կը միտէր աղմուկ բարձրացնել եւ Հայկական հարցին վրայ բեւեռել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը:
Կուկունեան կը յարի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Զինամթերքի հայթայթումը կը ստանձնէ նոր կազմաւորուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Նորաստեղծ կուսակցութեան ղեկավարները, գնահատելով հանդերձ Կուկունեանի ծրագիրը, կը փափաքէին տարի մը յետաձգել արշաւանքը` աւելի հանգամանալից կազմակերպելու մտահոգութեամբ: Կուկունեան կը մնայ անդրդուելի:
24-ամեայ ուսանող Կուկունեան կը մոռնար, որ ցարական ոստիկանութիւնը լրտեսներ ունէր: Անոնք իրազեկ կը մնային Կուկունեանի գործունէութեան ծրագիրին:
Ռուս սահմանապահներ քաջատեղեակ ըլլալով անոր խումբին քայլերուն եւ գործակցելով թուրքերու հետ` ծուղակ կը լարեն: Կուկունեանի հետեւորդները անփորձ էին եւ անծանօթ` սահմանային տարածութիւններու ճամբաներուն:
Ռուս, թուրք եւ քիւրտ զինեալ ջոկատներու դէմ բախումներ ունենալով` Կուկունեան կը նահանջէ ոուսական սահման, ուր կը ձերբակալուի: Անհաւասար կռիւի մէջ, Կուկունեանի խումբին անդամներէն ոմանք կը յաջողին ճեղքել պաշարումին շղթան եւ հեռանալ: Սակայն խումբին հիմնական մասը` 43 զինեալ, կը ձերբակալուի: Կուկունեանը փախուստ տալու կարելիութիւն ունենալով հանդերձ, կը մնայ իր ընկերներուն հետ: Կ՛արժէ նշել, որ Կուկունեանը իր յեղափոխական գործունէութեան միջոցին երեք առիթներով բանտերէն փախուստ տալու առիթ ունեցած է` ընկերներուն միջնորդութեամբ: Բոլորն ալ` մերժած:
Ռուսերը թշնամական դիրք կը բռնեն Կուկունեանի արշաւախումբին դէմ: Զայն կը դատապարտեն քսան տարուան բանտարկութեան: Կ՛աքսորուի Սախալին, Սիպերիա:
Ռուս-ճափոնական պատերազմի ընթացքին կամաւոր կ՛արձանագրուի ռուսական բանակին: Ցուցաբերած խիզախութեան համար ազատ կ՛արձակուի բանտարկութենէն:
1905-ին ներում ստանալով` կը վերադառնայ ծննդավայրը, ապա` Թիֆլիս: Ըմբոստ նկարագիրի տէր անձնաւորութիւն` կը սկսի պայքարիլ ի խնդիր կեղքուող հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Դաշնակցութեան դէմ յարուցուած հալածանքներուն ընթացքին դարձեալ կը ձերբակալուի եւ կը դատապարտուի 15 տարուան տաժանակիր աշխատանքի: Թոքախտը կը զգետնէ զինք: Կուկունեան կը մահանայ 1913-ին, Օրիոլի բանտին մէջ, Ռուսիա:
Կարելի էր աւելի խոր անդրադառնալ Կուկունեանի անձին եւ անոր արշաւանքին մանրամասնութիւններուն: Տողերս գրողին զարմանք պատճառած են անոր հասցէին տրուած աժան եւ ոչ լիարժէք գնահատականները: Սարգիս Կուկունեանը «մանր պուրժուա» մը չէր, ոչ ալ` «մեծ պուրժուա», կամ արկածախնդիր մը: Անիկա ապագայի փայլուն հեռանկարներով, իր ժողովուրդին ճակատագիրով մտահոգ հայորդի մըն էր պարզապէս:
Սարգիս Կուկունեանի արշաւանքը իր մէջ կը խտացնէ հայ ազատագրական պայքարի եւ յեղափոխական ոգիի հարազատ արտայայտութիւնը: