Ելեկտրական հոսանքի տագնապը լուծման հունին մէջ է: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն արտակարգ համաձայնութիւն մը շնորհեց պետական գանձարկղէն առ հաշիւ գումար մը տրամադրելու Ելեկտրականութեան ընկերութեան` վառելանիւթ գնելու նպատակով:
Նշենք, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի նախարարաց խորհուրդի նախագահութեան յղեց նամակ մը, որուն մէջ խնդրեց համաձայնութիւն տալ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տրուելիք օտար դրամանիշով առ հաշիւ գումարին, որուն նպատակն է վառելանիւթ գնել:
Ուազնի նամակին մէջ նշեց, որ այդ պահանջը ներկայացուցած է նախագահ Աունի յատուկ հրահանգէն ետք եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ խորհրդակցելէ ետք:
Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ վաւերացուց Ուազնիի նամակը:
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին մէկ շաբթուան պայմանաժամ ճշդած է` կառավարութեան շուրջ համաձայնելու, այլապէս սպառնացած է այլ լեզուով խօսիլ:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Հարիրիէն պահանջած է կառավարութեան մը շուրջ համաձայնիլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` հաստատելով, որ շիի զոյգին միակ պահանջը ելեւմուտքի նախարարութիւնը Ամալ շարժումին յանձնելն է, իսկ Պասիլէն պահանջած է դրական վարուելակերպ ցուցաբերել Պըրրիի նախաձեռնութեան նկատմամբ, եւ չարտօնել, որ ժխտական մթնոլորտը դառնայ տիրական:
Միւս կողմէ, հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան հարցերու, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ յայտնած էր, թէ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի դժոխք` նկատի ունենալով, որ Կեդրոնական դրամատունը պէտք եղած գումարները չի տրամադրեր, որ լիբանանեան ջուրեր հասած վառելանիւթը լիբանանեան վառելանիւթի կայարաններուն տրամադրուի:
Նշենք, որ Լիբանան կը գտնուէր մութի ենթարկուելու սեմին:
Կը նախատեսուէր, որ 4-5 օր ետք Զահրանիի, Տէյր Աամարի եւ այլ ելեկտրակայաններ կասեցնէին իրենց աշխատանքը, իսկ ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերու համախմբումի նախագահ Ապտօ Սաատէ յայտնած էր, որ ելեկտրածին շարժակներու բաժանորդագրութիւն ունեցող քաղաքացիները 5 ժամուան ելեկտրական հոսանքի ընդհատումի պիտի ենթարկուին: