ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- 24 Օգոստոսին, Ազգային ժողովի 8րդ գումարման նիստին, խորհրդարանին սկսաւ ներկայացուիլ կառավարութեան 2021-2026 թուականի գործունէութեան ծրագիրը: Ներկայ էին Նիկոլ Փաշինեան եւ կառավարութեան անդամները: Կանուխ առաւօտէն, խորհրդարանի շէնքը ամբողջութեամբ շրջապատուած էր ոստիկանական ուժերով: Խիստ հսկողութիւն կար նաեւ շէնքին մէջ:
Շուրջ երեք ժամ տեւողութեամբ, Փաշինեան ներկայացուց յառաջիկայ հինգ տարուան կառավարութեան գործունէութեան իշխանական տեսլականը: Հարցում-պատասխանի բաժինին ընթացքին, մթնոլորտը լարուեցաւ, երբ ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Մկրտչեան վարչապետին հարցուց, թէ իշխանութիւնը ինչո՛ւ չ՛արձագանգեր Ատրպէյճանի նախագահին ծաւալապաշտական յայտարարութիւններուն: Ապա ան դժգոհութիւն յայտնեց Ազգային ժողով բերուած Պետական պահպանութեան ծառայութեան աշխատակիցներէն: «Հիմա այդ անձնաւորութիւնն իր հետ դահլիճ է բերել ախռանիկներ, որոնք երբեւէ Ազգային ժողով չեն մտել», ըսաւ Մկրտչեան:
Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան զգուշացուց Մկրտչեանը եւ հրամայեց անջատել անոր խօսափողը՝ զայն զրկելով հարցում ուղղելու իրաւունքէն։ Սրահին մէջ լսուեցան «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի պատգամաւորներուն դժգոհութեան ձայները։
Աննա Մկրտչեան թուղթի վրայ գրեց «կապիտուլեանտ» (անձնատուր եղող) բառը, դրաւ իր առջեւը ու շարունակեց նստիլ: Կիրքերը աւելի եւս թէժացան, երբ՝ պատասխանելով Տիգրան Աբրահամեանի հարցումին` Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ Աննա Մկրտչեանին ուղղուած իրենց ձեւակերպումներուն մէջ իշխանական պատգամաւորներները մեղմ գտնուած են:
Պատգամաւորը ուղղեց նաեւ երկրորդ հարցում մը, որ կը վերաբերէր պատերազմէն ետք տարածքներու կորուստին, վարչապետին պատասխանելէն առաջ Ազգային ժողովի նախագահը դահլիճ հրաւիրեց անվտանգութեան աշխատակիցները` դուրս տանելու Աննա Մկրտչեանը: Նախ Տիգրան Աբրահամեան, ապա ընդդիմադիր միւս պատգամաւորները պատնէշ կազմեցին` թոյլ չտալով, որ ՊՊԾի աշխատակիցները մօտենան կին պատգամաւորին:
ՊՊԾի աշխատակիցները մինչ այդ անմիջապէս դուրս հանեցին Փաշինեանը, իսկ դահլիճին մէջ շարունակեցին հնչել` «Նիկոլ դաւաճան», «հողատու», «կապիտուլեանտ» արտայայտութիւնները:
ՊՊԾի աշխատակիցները ծայրայեղ ուժ կիրարկեցին՝ փորձելով դուրս հանել պատգամաւորը, անոնք հարուածեցին «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանին, պատռեցին անոր շապիկը, Աննա Մկրտչեան եւս հարուածներ ստացաւ մարմինի տարբեր մասերէ, անհանգստացաւ, եւ խորհրդարան կանչուեցան շտապ օգնութեան աշխատակիցներ։
«Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները աւելի ուշ յայտարարութեամբ մը դատապարտեցին Ազգային ժողովին մէջ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն նկատմամբ բանեցուած խայտառակ բռնութիւնը:
«Արձանագրում ենք, որ Օգոստոսի 24ը դառնալու է խորհրդարանական պատմութեան ամենաամօթալի էջերից մէկը, երբ իրենց իշխանութիւն հռչակած մի խումբ անձանց ապօրինի հրամաններով ՀՀ օրէնսդիր մարմնում, Սահմանադրութեան եւ օրէնքների կոպիտ ոտնահարմամբ տեղի ունեցաւ յանցագործութիւն ժողովրդավարական եւ խորհրդարանական արժէքների նկատմամբ: Հայաստանում բռնութեան քարոզն ու ատելութեան մթնոլորտն ունեն մէկ աղբիւր` դա «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնն է Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ: Վստահեցնում ենք, որ հետեւողական ենք լինելու այսօր յանցագործութիւն կատարած անձանց ինչպէս քաղաքական, այնպէս էլ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցում», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Փաշինեան տեղի ունեցածին մասին յայտնեց հետեւեալը. «Ես ուզում եմ քաջալերել ՊՊԾին շարունակել պահպանել ԱԺ բնականոն գործունէութիւնը ԱԺ նախագահի հրահանգներին համապատասխան եւ ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել Պետական պահպանութեան ծառայութեանը օրէնքով սահմանուած ծառայողական պարտականութիւնները յստակ կատարելու համար: Նրանք չեն կարող ուղղակի իմ հրամանի վրայով անցնել»:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան խիստ մտահոգիչ նկատեց տեղի ունեցածը՝ աւելցնելով, որ խորհրդարանը պէտք է երաշխաւորէ հասարակութեան մէջ համերաշխութեան վերականգնումը եւ ծառայէ մարդու առօրեայ հոգերուն ու իրաւունքներուն: «Խիստ դատապարտելի է ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցութեան կին պատգամաւոր Աննա Մկրտչեանի նկատմամբ մեծաքանակ զինուորականների ներգրաւմամբ գործադրուած բռնութիւնը: Գոյութիւն ունեն միջազգային պահանջներ, որոնք երաշխաւորում են քաղաքական խօսքի ազատութիւնը եւ ամրագրում են, թէ որոնք են այդ ազատութեան սահմանները: Ուստի, դրանց հիման վրայ պէտք է ընդունել յստակ կանոններ, որպէսզի խորհրդարանի քննարկումները ձեւաւորեն ճիշդ հանրային բանավէճ եւ չյանգեցնեն մարդու իրաւունքների համակարգը խաթարող նման արատաւոր երեւոյթների: Եւ առհասարակ, խիստ մտահոգիչ է, որ առաջնային մանդատով ձեւաւորուած մարմնի` Ազգային ժողովի անվտանգութեան ապահովմանը վերջին ժամանակներս լայնօրէն ներգրաւուում են զինուորական համազգեստով ծառայողներ, ու դրանով ստեղծում են խորհրդարանի ռազմականացուած մարմին լինելու հանրային տպաւորութիւն: Մինչդեռ, Ազգային ժողովն` որպէս բարձրագոյն ներկայացուցչական մարմին, երկրում ժողովրդավարութեան գլխաւոր երաշխաւորն է», յայտնեց Թաթոյեան:
«Պառլամենտարիզմի (խորհրդարանականութեան) զարգացման միջազգային կենտրոն»ը եւս դատապարտեց միջադէպը՝ նշելով, որ անոր մէջ կան Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներ:
«Աւելին, տեղի ունեցածը ոչ միայն յանցագործութիւն էր, այլեւ պառլամենտարիզմի բացայայտ ոտնահարում եւ հայ հասարակութեան մէջ ընդունուած բարոյականութեան կանոնների առերեւոյթ խախտում:
Երեք ամսից աւելի թշնամու կողմից բռնագրաւուած պետութիւնում զինուորական համազգեստ կրող ուժային կառոյցի աշխատակիցները Հայաստանի սուվերեն (գերիշխան) տարածքից թշնամուն դուրս շպրտելու փոխարէն Ազգային ժողովից ուժի կիրառմամբ հեռացնում են կին պատգամաւորի` զուգահեռաբար ուժ գործադրելով ընդդիմադիր պատգամաւորների նկատմամբ: Առաւել զարհուրելի էր, որ նշուած յանցագործութեան եւ պառլամենտարիզմի խարխլման հերթական դէպքից յետոյ Նիկոլ Փաշինեանն Ազգային ժողովի ամբիոնից ուղղակի քաջալերեց Պետական պահպանութեան ծառայութեան աշխատակիցների գործած հանրօրէն վտանգաւոր արարքները: Այսքանից յետոյ Հայաստանի Հանրապետութիւնում խօսք չի կարող գնալ իրաւունքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ պառլամենտարիզմի կայացման մասին», կը նշուի կեդրոնին տարածած յայտարարութեան մէջ: