ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճ` Ֆանար: Անհամբեր զբօսանքի զանգին սպասող եւ աստիճանները զոյգ-զոյգ իջնող աշակերտները անցքերուն մէջ, աստիճաններուն վրայ կամ դասարաններու դրան սեմին անպայման պիտի հանդիպէին պայուսակը անութին սեղմած, տրցակ մը տետրակներ ձեռքին, հանդարտ քալուածքով, մեղմ ժպիտով, չարաճճիութիւններ ընող աշակերտները խրատելէն, թէկուզ անոնք չլսէին անգամ, դէպի ուսուցչարան ուղղուող մեղմաբարոյ տիկին Գանտահարեանին:
Խանամիրեանականներու բաւական մեծ թիւով սերունդներու մտապատկերին մէջ անպայման ներկայութիւն է ան` մեր անգլերէն լեզուի ուսուցիչը, որ միայն լեզու չէր սորվեցներ, այլ նաեւ շատ աւելին: Անգլերէն լեզուն մատուցելն ու սորվեցնելը մասնագիտութիւն էր տիկին Գանտահարեանին համար, իսկ աշակերտներուն նկատմամբ անոր տածած սէրն ու գուրգուրանքը` մայրական բնազդ, որ շեշտուած կերպով կը դրսեւորէր յաճախ: Արդարեւ, թէեւ օրին չզգացինք, սակայն դպրոցական անմեղ տարիներու աւարտէն ետք գիտակցեցանք, որ ան աշակերտներուն մէջ մարդն ու հայը կերտելու մնայուն ճիգի մէջ էր. հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցող այն անձնաւորութիւնն էր, որ, հակառակ նիւթին հետ հայկականը առնչելու դժուարութեան, կը յաջողէր բնական եւ հեզասահ կերպով ընել այդ մէկը` միշտ շեշտելով, որ հայ ըլլալով, պէտք է նախ քաջ ըլլանք եւ տոկուն, որովհետեւ դատ ունեցող ժողովուրդի մը զաւակներն ենք, պարզ մարդիկ չենք այս աշխարհին վրայ, իսկ ապա անոր մնայուն կոչը կ՛ըլլար` հպարտանալ մեր արմատներով, մեր ինքնութեամբ, մեր տարբեր արժէքներով, որոնց տէր կանգնելու կոչուած էինք աշակերտական գրասեղաններէն իսկ:
Տիկին Գանտահարեան օժտուած էր մեղմութեամբ արտայայտուելու եւ խրատական այնպիսի համոզիչ ոճով մը, որ աշակերտներս կը մղէր ուշադրութեամբ լսելու իր ըսածները, ականջ տալու անոնց մէջ թաքնուած կեանքի դասերուն, կարգ մը միտքեր ուղղակի իւրացնելու, իսկ ուրիշներ, օրին անկարեւոր նկատելով, ենթադրաբար մոռացութեան տալու, թէեւ այդ բոլորը պիտի ամբարուէին մեր մէջ, եւ ապագան ու թաւալող տարիները ցոյց պիտի տային, որ տիկին Գանտահարեան որքա՛ն կշռադատուած եւ արժէքաւոր միտքեր կը բաժնեկցէր իր աշակերտներուն հետ` նախակրթարանի առաջին տարիներէն իսկ: Կը հաւատար, որ մարդակերտումը տարիք չունի, իսկ հայակերտումը` անվերջ է, ամէն օր ու ամէն ժամ:
Չկայ խանամիրեանական մը, որուն աշակերտական յիշատակարանին մէջ ուսուցիչի եւ հոգատարի կերպարով չպայծառանայ դէմքը տիկին Գանտահարեանին, որ իր կեանքէն շուրջ 4 տասնամեակներ նուիրեց Խանամիրեան քոլեճին, ձօնեց իր աշակերտներուն` միշտ այն յոյսով, որ տուածը պիտի վերադառնայ ազգին: Իր իսկ վկայութեամբ ալ, բազում աշակերտներ իր յոյսերը ի դերեւ չհանեցին, իսկ ինք` հպարտացաւ իւրաքանչիւրին լաւ լուրով, յիշատակելի նուաճումով, արձանագրած յաջողութիւններով:
Ձեւով մը ինքնակենսագրական են տիկին Գանտահարեանին հետեւեալ տողերը, զորս ան յղած է մեծաթիւ խումբ մը խանամիրեանականներու` Պէյրութի մէջ տարիներ առաջ անոնց կազմակերպած հաւաքոյթի մը առիթով.
«Կամաւորներու խմբակ մը խանամիրեանականներու, հաւաքական աշխատանքով ձեզ բոլորդ քով-քովի բերելով, հաւաքոյթ մը կազմակերպած է: Յոյժ գովելի եւ գնահատելի գաղափար եւ ձեռնարկ մը: Անցեալի դպրոցական աղուոր ու անմոռանալի յիշատակները վառ պահելու եւ կարօտով զիրար տեսնելու ու հանդիպելու մեծ առիթ մը:
«Մօտաւորապէս 40 տարիներ եղայ Խանամիրեանէն ներս` ուսանելով եւ դաստիարակելով: Բոլորիդ կապուած եմ հոգեպէս: Դպրոցը, անվարան կրնամ ըսել, որ առաջին տունս, ընտանիքս եղած էր, եւ դուք` անխտիր բոլորդ` իմ զաւակներս:
«Կը յիշեմ երկու աշակերտներու արտայայտութիւնները եւ ինքզինքս պարգեւատրուած կը զգամ: Մէկը անոնցմէ Երջանեան Ռազմիկն էր` Ժիպէյլէն, որ կ՛ըսէր. «Աշակերտներուն նկատմամբ վերաբերմունքիդ մէջ տարբերութիւն չես դներ»: Իսկ միւսը` Ֆանարէն Մկօ Մկրտիչեանը, որ կ՛ըսէր ու գրած է. «Երբ մօտենայիր գրասեղանիս, կարծես պիտի համբուրէիր զիս»:
«Այսօր, վստահ եմ, որ երկու հոգի` Խանամիրեանէն շրջանաւարտ, մէկը` նախկին պրն. տնօրէն, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, իսկ միւսը` Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որոնք մեծ իմացականութեամբ դիրքերու հասած են, եւ որոնք իմ ալ աշակերտներս եղած են, կը պատուեն ձեզ իրենց ներկայութեամբ:
«Կամքէ անկախ պատճառներով պիտի չկարենամ ներկայ ըլլալ հաւաքոյթին եւ վայելել ձեզ: Ընդունեցէ՛ք բարի կամեցողութեամբ մաղթանքներս` առողջութեան, արեւշատութեան, յաջողութիւններու եւ յարատեւ կամքի:
«Բանաստեղծին բառերով կը վերջացնեմ. «Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, այն մնաց»:
Բացարձակ ճշմարտութիւն է, որ դպրոցական տարիներու յիշատակներուս գանձարանին մէջ պատկառելի կերպով իր տեղը կը գրաւէ տիկին Գանտահարեանը` իբրեւ ուսուցչուհի ու դաստիարակ, որուն ներկայութիւնը շարունակուեցաւ տիրական ըլլալ նաեւ Խանամիրեան քոլեճի պատերէն դուրս ալ: Հետաքրքրականօրէն, սիրելի ուսուցչուհիս ի՛նք եղաւ նախաձեռնողն ու կապ հաստատողը` միշտ քաջալերական խօսքերով, դրական տրամադրութիւն փոխանցելով եւ փոքրուց լսած կրկնուող խրատով` շարունակելու եւ յարատեւելու: Քիչ կը պատահի, որ ուսուցիչները շարունակեն հետեւիլ իրենց աշակերտներուն` դպրոցական տարիներու աւարտէն ետք ալ: Տիկին Գանտահարեան այդպիսիներէն էր, եւ ոչ միայն «Ազդակ»-ի մէջ ստորագրութիւնս կրող որեւէ յօդուած, որ լիացուցած ըլլար սիրելի ուսուցչուհիիս հոգին, զայն անպայման պիտի մղէր ընկալուչը վերցնելու եւ փնտռելու զիս` իր մեղմ ձայնով ազդեցիկ խօսքեր ըսելու: Առաջին անգամ, լաւ կը յիշեմ, հազիւ լսեցի, որ տիկին Գանտահարեանն է հեռաձայնին միւս կողմը, վերածուեցայ խանամիրեանական այդ աշակերտին, որ քիչ մը շուարած ու ամօթխած կը սպասէր, որ ի՛նչ պիտի ըսէ ուսուցչուհին® Առաջինը սակայն որբ չմնաց, որովհետեւ մեր միջեւ կապը շարունակուեցաւ` իր մնայուն հեռաձայններով, մտերմիկ զրոյցներով, յօդուածներուս մասին տարբեր կարծիքներով, ընտանիքիս իւրաքանչիւր անդամին մասին հետաքրքրութեամբ ու միշտ նոյն վերջաբանով. «Ապրի՛ք, քա՛ջ մնացէք եւ շարունակեցէք ձեր գործը, հպարտ ենք ձեզմով»: Այս մօտեցումը լոկ ինծի նկատմամբ չէր դրսեւորուեր, այլ տիկին Գանտահարեան յաճախ կը հեռաձայնէր այս կամ այն յօդուածագիրին հեռաձայնի թիւը խնդրելու, որպէսզի կապուէր անոնց, իր դրական կարծիքը արտայայտէր, յուզումը բաժնեկցէր, քաջալերէր, որ շարունակեն, գրիչը վար չդնեն:
Սիրելի՛ տիկին Գանտահարեան, որքա՛ն պիտի ուզէի, որ այս գրութեան հրատարակութեան յաջորդ օրը կարենայի խօսիլ հետդ եւ լսէի թրթռուն ձայնդ, արժէքաւոր կարծիքդ ու խրատդ: Միշտ ալ անսպասելիօրէն ստացած եմ հեռաձայններդ, սակայն այս անգամ` իսկապէս պիտի սպասէի: Սակայն, ցաւ ի սիրտ, պիտի չհնչէ ընկալուչը, պիտի չլսուի ցած, բայց վճռական ձայնդ, պիտի չըսես կրկին. «Նորա՛, միշտ գրէ, մի՛ յոգնիր, շարունակէ՛.»:
Բայց դուն պիտի ապրիս երախտապարտ բազում աշակերտներուդ ընդմէջէն եւ բոլորիս քաղցր յիշատակներուն մէջ: